ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, Երեքշաբթի, 13 Նոյեմբերին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Խրիմեան Հայրիկ» մենաներկայացումը՝ հեղինակութեամբ, խաղարկութեամբ եւ բեմադրութեամբ դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի, որուն խաղարկութեան մէջ ընկերակցեցան Այնճարի Ազգային Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարանի եւ Հայ աւետարանական վարժարանի աշակերտներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ դոկտ. Թամար Յովհաննիսեան, որ ներկայացուց մտաւորական, գրող, թատերագիր, բեմադրիչ եւ դերասան դոկտ. Հրանդ Մարգարեանը՝ անդրադառնալով նշեալ բոլոր մարզերուն մէջ անոր վաստակին եւ արժէքին:
Ներկայացման աւարտին կատարուեցաւ Խրիմեան Հայրիկի կերպարը հարազատօրէն ներկայացնող դոկտ. Հրանդ Մարգարեանի պարգեւատրումը:
Համազգայինի անունով խօսք առաւ Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեան, որ բարձր գնահատելով ներկայացուած թատերական գործը՝ իբրեւ երախտիքի նշան յուշանուէր յանձնեց Մարգարեանին: