ԵՐԵՒԱն.- ՀՅԴի հիմնական կարգախօսները առաւել քան հարիւրամեակ մը մնացած են անփոփոխ, սակայն կուսակցութիւնը իւրաքանչիւր ընտրութեան համար կ՛ընտրէ նորը: ՀՅԴի անդամ Գեղամ Մանուկեան «Սփութնիք Արմենիա»ին պատմեց, թէ ՀՅԴն այս անգամ ինչ կարգախօսով պիտի սկսի քարոզարշաւը:
Երեւանի Աւան, Նոր Նորք եւ Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջաններու վարկանշային ընտրակարգով առաջադրուած թեկնածու, ՀՅԴ անդամ Գեղամ Մանուկեան «Սփութնիք Արմենիա»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ ՀՅԴն Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութեան պիտի մասնակցի «Հաւատարիմ հողին ու հային» կարգախօսով:
«Որպէս հայ ժողովուրդի տեսլական՝ ՀՅԴ կարգախօսը 1918էն իսկ նոյնն է՝ «Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան»: Սա այն մեծագոյն երազն է, որուն համար կ՛ապրի, կ՛աշխատի եւ կը մաքառի Դաշնակցութիւնը: Այս քարոզարշաւի կարգախօսը նոյն տրամաբանութեան մէջ է», ըսաւ Մանուկեան: Ըստ անոր՝ թէեւ ՀՅԴն տարբեր ժամանակներու քարոզարշաւներու համար տարբեր կարգախօսներ ընտրած է, բայց դաշնակցականները 128 տարի առաջ իրենց հայրենիքին հանդէպ նուիրուածութիւնը արտայայտած են «Մահ կամ ազատութիւն» կարգախօսով, որուն հաւատարիմ են մինչեւ այսօր: