ՊԱՔՈՒ, «Armenia.az».- «Անհրաժեշտ է համատեղ միջոցներու ձեռնարկել՝ Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներուն մէջ ռուսական «ՄեկաՖոն» ընկերութեան անօրինական գործունէութիւնը դադրեցնելու համար», 27 Նոյեմբերին յայտարարեց Ատրպէյճանի փոխադրամիջոցներու, կապի եւ արդի արհեստագիտութեան հարցերու նախարար Ռամին Կիւլիւզատէ, Ռուսիոյ թուային զարգացման, կապի եւ զանգուածային հաղորդակցութեան նախարար Քոնսթանթին Նոսքովի հետ հանդիպման ընթացքին։
«ՄեկաՖոն» ընկերութիւնը «ոչ մէկ գործունէութիւն կ՛իրականացնէ Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքներուն մէջ», իր կարգին ըսաւ ռուս նախարարը՝ նոյն ժամանակ խոստանալով այդ կապակցութեամբ պաշտօնական տեղեկատուութիւն ուղարկել ատրպէյճանական կողմին:
Հանդիպման ընթացքին նախարարները նաեւ քննարկեցին տեղեկատուական արհեստագիտութեանց եւ հաղորդակցութեանց ապահովութեան գծով համագործակցութեան եւ որակի վերահսկողութեան ոլոտներուն մէջ ատրպէյճանա-ռուսական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր: