ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ականաւոր հայ նկարիչ Այվազովսքիի ստեղծագործութիւններէն մէկը Լոնտոնի մէջ, 26 Նոյեմբերի երեկոյեան տեղի ունեցած աճուրդի մը ընթացքին վաճառուեցաւ 609,000 բրիտանական փաունտի (մօտաւորապէս 776,000 տոլար)։
Աճուրդը կազմակերպուած էր նշանաւոր «Քրիսթի՛զ» հաստատութեան կողմէ։ Այս վաճառքը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր արուեստասէրներու աշխարհին մէջ։ Այվազովսքիի կողմէ 1873ին ստեղծուած նկարը կը կոչուի «Մայրամուտ Վենետիկի Մէջ»։ Անիկա մինչ այդ մաս կը կազմէր Ճան Քլուկի հաւաքածոյին։
Նշեալ աճուրդին ընթացքին վաճառքի հանուած Այվազովսքիի նկարը այդ աճուրդին երկրորդ ամէնէն սուղ ստեղծագործութիւնն էր, իսկ առաջինն էր Նիքոլա ցարի ժամանակաշրջանէն մնացած յախճապակեայ ծաղկաման մը։
թանգարանէ գոցւած նկար է՞