ԵՐԵՒԱՆ.- Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ նախարարի պաշտօնակատար Գեղամ Գէորգեան 28 Նոյեմբերին ընդունեց սպանական «Կլոպալթեք» ընկերութեան ներկայացուցիչները:
Ընկերութիւնը կը նախատեսէ Հայաստանի մէջ իրականացնել վերազինում գործող գիտաարտադրական կեդրոններու, ուր կարելի պիտի ըլլայ վերապատրաստել հայ մասնագէտներ եւ արյգեգործներ, ինչպէս նաեւ զբաղիլ այգեգործութեամբ:
Ողջունելով հիւրերը եւ նշելով, որ երկու նախաձեռնութիւններն ալ երկրին համար կարեւոր եւ արդիական են՝ Գեղամ Գէորգեան պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցութիւն ցուցաբերելու անոնց իրագործման:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի մէջ այգեգործութեան զարգացման, ընկերութեան կողմէ նախատեսուող այգի հիմնելու նորագոյն արհեստագիտութիւններու կիրառումով այգեգործական աշխատանքներու արդիւնաւէտ կազմակերպման եւ ծրագիրի իրականացման նպատակով վարկային միջոցներու ներգրաւման վերաբերող հարցեր:
Գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը ընդլայնելու նպատակով, պատուիրակութեան անդամները առաջարկեցին ստորագրել փոխըմբռնման յուշագիր: