ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Նիւ Եորք հաստատուած «Կէյթսթոն» հիմնարկը յօդուած մը հրապարակեց գրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի մէջ քրիստոնէական, ներառեալ՝ հայկական մշակութային ժառանգութեան անմխիթար վիճակին մասին:
Հոն կը նշուի, որ Թուրքիա երկու ծանր ոճիր գործած է Կիպրոսի մէջ. նախ, կղզին բաժնած է երկու մասի, իսկ երկրորդ՝ համակարգուած եւ կանխամտածուած կերպով ոչնչացուցած եւ կը շարունակէ ոչնչացնել գրաւեալ շրջաններուն մէջ գտնուող քրիստոնէական մշակութային ժառանգութիւնը, այս վերջինը նմանցնելով «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան իրականացուցած մշակութային սպանդին:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ կղզիին բռնագրաւեալ հատուածին մէջ գտնուող հայկական Ս. Մակար վանքին, որ մինչեւ հիւսիսային հատուածին գրաւումը կը գործէր, սակայն անկէ ետք թալանուած է եւ մատնուած անտէրութեան, իսկ ներկայիս կը գտնուի փլուզման վտանգին առջեւ:
Ընդհանուր առմամբ, Կիպրոսի հիւսիսային հատուածին մէջ թուրքերու կողմէ թալանի եւ աւերման ենթարկուած են մօտաւորապէս 550 եկեղեցիներ, վանքեր, մատուռներ եւ քրիստոնէական կոթողներ. որոշ եկեղեցիներ վերածուած են մզկիթներու:
Նշենք, որ 2013էն 2018ի միջեւ, աջակողմեան եւ հակաիսլամական դիրքերով ծանօթ այս հիմնարկին ատենապետութիւնը ստանձնած էր ներկայիս Միացեալ Նահանգներու ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթըն։