Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Քոյր դպրոցներ» ծրագիրի ծիրին մէջ, 9 Նոյեմբերին Երեւան քաղաքի Դերենիկ Դէմիրճեանի անուան թիւ 27 հիմնական եւ Ֆրանսայի Նիմ քաղաքի հայկական մէկօրեայ դպրոցներուն միջեւ ստորագրուեցաւ համագործակցութեան յուշագիր մը:
Ձեռնարկին ներկայ էին սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակիցներ:
«Հայերն Այսօր»ը կը տեղեկացնէ, թէ սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետՀայկ Ենգիբարեան, ընթերցելով յուշագիրը՝ ընդգծեց, որ ծրագիրը հնարաւորութիւն կու տայ համատեղ ուսումնական, կրթական ծրագիրներ իրականացնելու, փոխայցելութիւններ, հայագիտական մրցոյթներ կազմակերպելու, աշակերտներու շփման հնարաւորութիւններ ստեղծելու եւ այլ ձեռնարկներ իրականացնելու:
Ողջունելով ներկաները եւ կարեւոր համարելով յուշագիրին կնքում՝ Դերենիկ Դէմիրճեանի անուան թիւ 27 հիմնական դպրոցի տնօրէն Սուսաննա Սարգսեան ներկայացուց դպրոցի պատմութիւնը, անդրադարձաւ դպրոցին մէջ իրականացուող կրթական, մշակութային ծրագիրներուն:
Ֆրանսայի Նիմ քաղաքի հայկական մէկօրեայ դպրոցի տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեան, իր կարգին, շնորհակալութիւն յայտնելով հիւրընկալութեան համար՝ նշեց, որ նման ձեռնարկներ շատ օգտակար են իրենց դպրոցին համար: Տնօրէնը ընդգծեց, որ հայապահպանման, հայեցի դաստիարակութեան առումով Սփիւռքի մէջ ապրող երեխաներուն համար շատ կարեւոր է ծանօթանալ Հայաստան ապրող իրենց հասակակիցներուն հետ:
Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի Հանրակրթութեան վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ Սուսաննա Գասպարեան շնորհաւորեց երկու դպրոցները եւ յոյս յայտնեց, որ սկիզբ դրուած բարեկամութիւնը կը խթանէ երկու դպրոցներուն միջեւ կապերու ամրապնդման եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան: