Ուրբաթ, 23 Նոյեմբերին, Շուէտի Մալմէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցան Ju-Jitsu-ի համաշխարհային մրցաշարքի մրցումները, որոնց աւարտին յունահայ մարզիկ Արա Ճանիկեան բարձրացաւ ամէնէն բարձր հարթակին վրայ՝ ստանալով ոսկեայ մետալը:
Մրցաշարքին ընթացքին երէցներու 56 քիլոկրամ կշիռքով խումբին մասնակցելով, 4 մրցումներէ ետք, ան հասաւ աւարտական մրցումին, որուն ընթացքին մրցեցաւ Ֆրանսացի մարզիկ Ժիւլ Սիմոնի դէմ, որ համեւրոպական ոսկեայ մետալակիր է ու յաղթեց անոր 21-13 արդիւնքով, գրաւելով առաջին դիրքը:
Արան իր այս յաղթանակը նուիրեց ՀՄԸՄին՝ անոր հիմնադրութեան 100ամեակին առիթով: