ԲԺԻՇԿ ՄԱՐԻ ՄԵԼՔՈՆ
Կիրակի, 25 Նոյեմբերի երեկոյեան, Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄի 100ամեակի տօնակատարութիւնը, հովանաւորութեամբ Ճէզիրէի Հայոց առաջնորդական փոխանորդ Ռուբէն աբղ. Նալպանտեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի վարչութեան եւ Սկաուտ խորհուրդին, ներկայութեամբ կաթողիկէ համայնքէն Յովսէփ քհնյ. Պետոյեանի, ՀՅԴ Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէի, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն:
Հանդիսավարներ Գէորգ Նազարեան եւ Մերի Սարգիսեան ձեռնարկը բաց յայտարարելով՝ ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու ՀՄԸՄի հին ու նոր ննջեցեալներուն, ի մասնաւորի նորոգ հանգուցեալ վաստակաշատ Յարութիւն Պարսամեանի յիշատակը:
Հնչեցին Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա բացման խօսք արտասանեց Գամիշլիի մասնաճիւղի խմբապետուհի Եւա Մանուկեան-Սելիմեան: Ան նախ անդրադարձաւ ՀՄԸՄի ծնունդին եւ հիմնադրութեան տարիներուն, ապա ան անդրադարձաւ ՀՄԸՄի վսեմ առաքելութեան ու գաղափարին։
Գեղարուեստական յայտագիրով նախ ելոյթ ունեցան գայլիկները, որոնք ներկայացուցին Մոկլիի պատմութիւնը, խորապէս տպաւորելով ներկաները: Ապա սկաուտները յաջորդաբար հանդէս եկան հայկական եւ զինուորական պարերով, խանդավառ եւ տպաւորիչ պատկերներ ներկայացնելով ու բուրգեր կազմելով: Այնուհետեւ խումբ մը սկաուտներ ՀՄԸՄը փառաբանող քերթուածներ ասմունքեցին, իւրայատուկ առոգանութեամբ եւ ազդու ոճով, որմէ ետք Րաֆֆի Օհանեան ազգային երգերով ոգեւորեց ներկաները:
Յայտագիրին յաջորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ Սկաուտական երգչախումբը ազգային ու հայրենասիրական երգերով, խմբավարութեամբ Եւա Մանուկեան-Սելիմեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Քրիստափոր Միքայէլեանի:
Հայր սուրբը իր հայրական օրհնութեանբ ողջունեց ՀՄԸՄի հարիւրամեակը, միութեան մաղթելով յարատեւ վերելք ու նորանոր յաջողութիւններ:
Հանդիսութիւնը աւարտին հասաւ «Պահպանիչ» աղօթքով եւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով:
(Յապաւումով)