Հոգեհարազատ Երգահանդէս Եւ Ս. Պատարագ
Ս.Մ.
Յառաջիկայ շաբաթ, 6 եւ 9 Դեկտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմը երգահանդէսով ու Ս. Պատարագով պիտի տօնէ իր հիմնադրութեան 45րդ տարեդարձը: Երգահանդէսը տեղի պիտի ունենայ 6 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Կլենտէյլի Presbyterian եկեղեցւոյ մէջ, Լուիս փողոց, իսկ 9 Դեկտեմբերին Ս. Պատարագ՝ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:
Պատմութիւն կերտած ազգային-կրօնական հաստատութեան մը համար, յոբելենական նման հանգրուան մը յարմարագոյն ու պատշաճ ձեւով նշելու նախաձեռնութիւններ են այս երկու հանդիպումները եւ ձեւով մը կը ցոլացնեն Ազգային առաջնորդարանի զոյգ առաքելութիւններուն բնոյթը: Առաջնորդարանը հաւասարապէս եկեղեցական-կրօնական ու մշակութային հաստատութիւն է, մշակոյթ բառին ամէնէն լայն բովանդակութեամբ: Իր եկեղեցիներուն ու վարժարաններու ցանցին ճամբով, առաջնորդարանը եղած է ու կը մնայ հոգեւոր կարիքներ մատակարարողի ու մշակոյթ պահպանող-կերտողի առաքելութեան ճամբուն մէջ: Հինգշաբթի օրուան երգահանդէսը գործնական մէկ արտայայտութիւնը պիտի ըլլայ այս իրականութեան: Իսկ Ս. Պատարագին մասին երկար խօսելու պէտք չենք զգար:
Մեր եկեղեցին, դարեր շարունակ, եղած է մեր ժողովուրդի պաշտպանական պարիսպներու արարման, պահպանման եւ ծաղկումին գլխաւոր ոստաններէն մէկը։ Անոր դերակատարութիւնը, ազգայի՛ն դերակատարութիւնը շեշտուած է մասնաւորաբար այն դարաշրջաններուն, երբ մեր ժողովուրդն ու հայրենիքը հարկադրաբար զուրկ եղած են պետականութենէ, որ այլապէս մեր ողջ պատմութեան ընթացքին եղած է ազգային եկեղեցւոյ լծակիցն ու ճակատագրակիցը: Նորագոյն ժամանակներուն, մշակոյթի պահպանման ու հարստացման առաքելութեան մէջ, եկեղեցին չէ բաւարարուած լոկ «հոգեւոր մշակոյթ»ով (պահ մը շեշտենք, որ անհոգի մշակոյթ չի կրնար ըլլալ, հետեւաբար, «հոգեւոր»ը ընդհանրապէս կ’ընկալուի եկեղեցական-կրօնական բովանդակութեամբ, այսինքն՝ երաժշտութիւն, գրականութիւն, համապատասխան քանդակ ու կերպարուեստ), այլ մասնաւորաբար նոր դարաշրջանին իր դուռները լայն բացած է նաեւ աշխարհիկ մշակոյթին առջեւ. Կոմիտաս, Սրուանձտեանց, Խրիմեան Հայրիկ եւ նմաններ մեր մշակոյթը տեսած են նաեւ եկեղեցիներու ու տաճարներու շրջապատէն անդին, ժողովուրդի առօրեայ կեանքին մէջ. ու պատահական չէ, որ Կոմիտաս Վարդապետ, եկեղեցական երաժշտութեան իր մշակումներուն զուգահեռ՝ հսկայական ու անփոխարինելի ժառանգութիւն թողած է մեզի, փրկելով ու հա՛յօրէն մշակելով մեր ժողովուրդի կեանքը պատկերող սքանչելի երգերը:
Այս իմաստով ալ, յիշեալ երգահանդէսը հանրութեան պիտի մատուցէ մեր եկեղեցական եւ աշխարհիկ երգերու հարստութենէն փունջ մը: Հանդիսականը մասնակից պիտի դառնայ հայկական հարազատ երգի-երաժշտութեան մթնոլորտին, հեռու՝ անմակարդակ ու ժխորային այն երգերէն, որոնք դժբախտաբար տիրական ներկայութիւն դարձած են մեր նորահաս սերունդներու կեանքին մէջ, Հայաստանէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը: Այս իմաստով, կ’արժէ, որ երէց սերունդի անդամները իրենց պատանի ու երիտասարդ զաւակները առաջնորդեն ձրիօրէն մատուցուող այս երգահանդէսին, զանոնք հաղորդակից դարձնելու հոգեհարազատ երգի հարստութեանց: