ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ Հոգեւոր եղբայրակցութիւնը Երեքշաբթի, 20 Նոյեմբերի երեկոյեան, Գոհաբանութեան տօնին առիթով կազմակերպած էր ճաշկերոյթ մը, որ տեղի ունեցաւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ հովանաւորութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի։ Յանուն առաջնորդ սրբազան հօր, ներկայ եղան Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան եւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան։
Յայտագիրը սկիզբ առաւ սեղաններու օրհնութեամբ եւ Եղբայրակցութեան քայլերգի երգեցողութեամբ։ Ողջոյնի խօսք արտասանեց Հրաչ Եսայեան։ Ճաշի պահուն, գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որ կազմուած էր հոգեւոր երգերով, աղօթքներով եւ սուրբ գրային դրուագի մը՝ Սիմոնի տունը Յիսուսի այցելութեան պատմութեան բեմական ներկայացումով։
Ներկաներուն շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վարչութեան ատենապետը՝ Աւօ Գապաքչուզեան, որ բացատրութիւն տուաւ Եղբայրակցութեան դերակատարութեան մասին։
Փակման խօսքը եւ առաջնորդ սրբազանին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց հայր Միւռոնը, գնահատելով Եղբայրակցութեան գործն ու մեր եկեղեցւոյ հաւատարմութիւնը։