ԵՐԵՒԱՆ, «ԱՌԿԱ».- Ռուսիոյ խորհրդարանի ԱՊՀի հարցերով յանձնախումբի առաջին փոխնախագահ Քոնսթանթին Զաթուլին Ուրբաթ, 30 Նոյեմբերին մեկնաբանեց ռուսական եւ պելոռուսեան զէնքերու վաճառքը՝ Ատրպէյճանին:
«Ես Պելոռուսի դատաւորը չեմ, սակայն կրնամ ըսել, որ բոլոր նման հարցերը պէտք է քննարկուին ՀԱՊԿի (Հաւաքական ապահովութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն) ծիրին մէջ եւ եթէ անոնք դուրս են ստանձնուած պարտաւորութիւններու շրջագիծէն, պէտք է ընդունուին որոշ որոշումներ: Որքան կը հասկնամ, զէնքի վաճառքի արգելքի կամ արտօնութեան մասին որեւէ պաշտօնական քննարկումներ ցարդ չեն կատարուած», ըսաւ Զաթուլին:
Ան նշեց, որ 2015ին կնքուած համաձայնագիրով, Ռուսիա Հայաստանին 200 միլիոն տոլարի վարկ տրամադրեց, որպէսզի Երեւան ռուսական զէնքեր գնէ։ Ըստ միջկառավարական համաձայնագրին, որ ստորագրուած է 24 Հոկտեմբեր 2017ին, Ռուսիա հայկական կողմին պիտի տրամադրէ յաւելեալ 100 միլիոն տոլարի վարկ, նոյն նպատակով։
«Կը կարծեմ, որ մենք պէտք է նկատի առնենք Հայաստանի մտահոգութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով Ապրիլ 2016ին տեղի ունեցած քառօրեայ պատերազմը, որ, դժբախտաբար, բազմաթիւ կեանքեր խլեց եւ դարձաւ հրադադարի համաձայնութեան խախտման առաջին մեծ դէպքը», յայտարարեց Զաթուլին:
Նշենք, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 1 Սեպտեմբերին, իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած էր, որ Պաքու Ռուսիայէն առաւել քան 5 միլիառ տոլարի զէնք գնած է:
Նաեւ, Ատրպէյճան աւելի կանուխ ցուցադրած էր Պելոռուսէն գնած «Փոլոնեզ» հրթիռային համակարգերը, իսկ վերջերս մամուլին մէջ տեղեկութիւններ յայտնուեցան, որ Մինսկ եւ Պաքու նոր համաձայնագիր կը պատրաստեն պելոռուսեան զէնքեր Ատրպէյճանին ծախելու համար։