2020ին տեղի ունենալիք Եւրոպայի ֆութպոլի ազգային խումբերու աւարտախաղերուն՝ «Եուրօ 2020»ի զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը կատարուած է արդէն:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կազմեց վերջին՝ Ժ. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Իտալիան, Պոսնիան, Ֆինլանտան, Յունաստանը եւ Լիխթնշթայնը:
Զտումի մրցումները տեղի պիտի ունենան 21 Մարտ 2019էն մինչեւ 31 Մարտ 2020:
Աւարտախաղերուն տոմսերը պիտի ապահովեն իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը, ինչպէս նաեւ այս տարի ծնունդ առած Եւրոպայի Ազգերու մրցաշարքին չորս դասակարգերուն ախոյեանները։ Եթէ այս վերջիններէն որեւէ մէկը արդէն իսկ զտումի մրցումներուն միջոցաւ ապահոված է կամ ապահովէ մասնակցութեան տոմսը, աւարտաաղերու տոմսը պիտի տրուի 2րդ դիրքը գրաւողին։
Մրցաշարքին, առաջին անգամն ըլլալով, աւարտախաղերը տեղի պիտի ունենան եւրոպական 12 տարբեր քաղաքներու մէջ՝ Ս. Փեթերսպուրկ, Լոնտոն, Միւնիխ, Հռոմ, Պուխարեսթ, Ամսթերտամ, Տապլին, Պիլպաօ, Պուտափեշթ, Պրիւքսէլ, Կլասքօ եւ Պաքու:
Կիսաւարտականի եւ աւարտականի մրցումները պիտի կատարուին Լոնտոնի մէջ: