ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Խրիմի մայրաքաղաք Սիմֆերոփոլի միջազգային օդակայանի անուանակոչութեան համար ամիս մը առաջ քուէարկութիւն սկսած էր եւ ներկայացուած էին անունները երեք թեկնածուներու՝ աշխարհահռչակ ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքիի, Եքաթիրինա Բ. թագուհիի (Մեծն Քաթրին) եւ ծովակալ Փավել Նախիմովի։ 3 Դեկտեմբերին յայտնի դարձան արդիւնքները՝ ըստ որոնց օդակայանը Այվազովսքիի անունով պիտի կոչուի։
Խրիմի Ֆէօտոսիա նաւահանգիստը ծնած Այվազովսքիի ի նպաստ քուէարկած են մօտաւորապէս 133,000 անձեր կամ քուէարկութեան մասնակիցներուն 52 տոկոսը։ Եքաթիրինա Բ. թագուհիի ի նպաստ քուէարկած են 73,000 անձեր, իսկ Նախիմովի ի նպաստ՝ 49,000 անձեր։
Նշենք, որ Սիմֆերոփոլի օդակայանի նոր հատուածը սկսած է աշխատիլ այս տարուան Ապրիլին եւ անոր գործունէութեան առաջին կէս տարուան ընթացքին աւելի քան 3.8 միլիոն ճամբորդներ անցած էին օդակայանէն։