Հայկական լրատու աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ 27 Նոյեմբերին, Շուէտի խորհրդարանին մէջ բացուեցաւ ցուցահանդէս մը՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ սկանտինաւեան արձագանգը» խորագիրով։
Առժամեայ ցուցահանդէսը պատրաստուած էր տակաւին 2011ին, Երեւանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէ, որ այնուհետեւ տրամադրուած էր Շուէտի հայկական ընկերակցութիւններու միութեան։
Խորհրդարանին մէջ բացուած այս ցուցահանդէսը նուիրուած է Ցեղասպանութեանց զոհերու յիշատակին եւ արժանապատուութեան ու այդ յանցագործութիւնը կանխարգիլելու միջազգային օրուան, ինչպէս նաեւ ցեղասպանութիւնը՝ իբրեւ յանցագործութիւն կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին ՄԱԿի համաձայնագիրի ընդունման 70ամեակին։
Ցուցահանդէսի բացման ներկայ գտնուեցան խորհրդարանականներ, դեսպաններ, Սթոքհոլմի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, ինչպէս նաեւ շուէտական հասարակական գործիչներ եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ։
Նշենք, թէ ցուցահանդէսը պիտի գործէ մինչեւ 20 Դեկտեմբեր։