ՆԻԿՈՍԻԱ.- Ուրբաթ, 30 Նոյեմբերին, Նիկոսիոյ «Իւթիւճեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Կիպրոսի Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանին տեղի ունեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Սփիւռքահայ Կեանքեր՝ Ինչպէս Որ Տեսայ» գիրքին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Կիպրոսի Հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, իսկ զայն կը նախագահէր՝ կիպրահայ պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան:
Սրբազան հայրը կատարեց բացումը եւ հանդիսավարեց երեկոն: Ան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, ապա հակիրճ կերպով ներկայացուց օրուան գիրքին հեղինակը: Իր խօսքին մէջ սրբազանը ըսաւ. «Բոլոր յօդուածները Հրայրի աչքով, սիրտով եւ հոգիի պրիսմակէն դիտուած գրութիւններ են: Այնպէս, ինչպէս գիրքին անունը՝ շատերս զինք կը ճանչնանք մեր սեփական ապրումներով եւ համոզումներով: Իր յօդուածները լոյս տեսած են Սփիւռքի զանազան թերթերուն մէջ»: Ապա, անդրադառնալով գիրքի բովանդակութեան եւ խմբագրութեան՝ սրբազանը յիշեց նաեւ խմբագիր դոկտ. Արտան, որ նեցուկ կանգնած էր ոչ միայն հրատարակչական-խմբագրական աշխատանքին այլեւ ներշնչման եւ գիրքի հրատարակութեան յաջողութեանը համար: Սրբազանը նաեւ յիշեց, որ հեղինակին գիրքը կը յիշեցնէ հայ գրականութեան ծառայող այլ վիթխարի անուններու, որոնք «հայու բեկորներ»ու մասին գրած են: Եւ եզրափակելով՝ սրբազանը հաստատեց ընդունուած այն ճշմարտութիւնը, թէ «խօսքը կը թռչի եւ գիրը կը մնայ»: Ան յիշեց նաեւ, թէ Հրայր Ճէպէճեան ամէն մակարդակներու վրայ հանդիպելով աշխարհական թէ եկեղեցական անձնաւորութիւններու՝ իր գրութիւնները կը շօշափեն բոլոր բազկերակները եւ մարդկային դասակարգի բոլոր բնագաւառները:
Գիրքը ներկայացուց Շահան Գանտահարեան՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր տնօրէնը եւ խմբագիրը, որ յատկապէս հրաւիրուած էր Կիպրոս այս ելոյթին համար:
Գանտահարեան նշեց, թէ Հրայր Ճէպէճեանի այս երկրորդ հատորի խորագիրը ինքնին ամբողջական բանաձեւումն է բովանդակութեան առանցքներուն: ««Սփիւռ-քահայ Կեանքեր՝ Ինչպէս Որ Տեսայ». այո բոլոր պատումները կը վերաբերին Սփիւռքին, սփիւռքահայ կեանքերուն. անոնք կեանքեր են՝ ապրուած ու ապրող կեանքեր, որոնք կը բնութագրեն պատմութեան ճակատագրորոշ իրադարձութիւններու ձգած ազդեցութիւնը տարբեր սերունդներու, թէ՛ մարդկային, եւ թէ ազգային կերտուածքներուն վրայ: Տագնապներ, ձգտումներ, հայկականութիւնը պահելու ապրումներ, ճիգեր, մտահգութիւններ անձկութիւններ եւ մանաւանդ յոյսեր: Անոնք բոլորն ալ ներկայացուած են ոչ միայն իբրեւ պատումներ կամ պատմուածքներ, այլ այս անգամ խորագիրին երկրորդ մասը նկատի ունենալով՝ ինչպէս որ Հրայր Ճէպէճեան ընկալած է զանոնք», ըսաւ Գանտահարեան՝ աւելցնելով. «Հրայր Ճէպէճեանի ներկայացուցած հայկական ընդլայնուած աշխարհագրութեան մէջ տարածուած հայու կերպարները Հայաստանը մեզի համար տուն է յայտարարելով կ՛ընդգծեն անկախ պետականութեան գոյութեան սփիւռքահայու վրայ ունեցած ազդեցութիւնը եւ նորովի ըմբռնումը՝ ազգային, հայրենական եւ քաղաքացիական պատկանելիութեան»:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ մանկավարժ, տնօրէն եւ ներկայիս Կիպրոսի Նարեկ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ եւ նաեւ գեղանկարիչ Վարդան Թաշճեան, որուն գեղանկարչական գործերէն մէկն է գիրքին կողքի նկարը: Ան ըսաւ. «Այս գիրքը յուշագրութիւն մըն է, որ ներկան եւ անցեալը կամրջող ճամբայ մը ունի: Յուշագրութիւն՝ հայրենասիրական պատգամով: Ամէն ինչ՝ վայր, դէմք, պատահար, ընթերցողը կը մղէ հայութեան, անոր արմատներուն, իրաւունքներուն, դատին, պայքարին, ամէն քարի տակէն բոյս մը գտնելու պէս»
Ապա խօսք առաւ գիրքի խմբագիր դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, որ ըսաւ. «Հրայրին իւրաքանչիւր յօդուածը ազգագրական փաստաթուղթ մըն է, որ կը փաստէ ոչ միայն հայուն ներկայութիւնը աշխարհի հինգ ցամաքամասերուն վրայ, այլ նաեւ կը փաստէ հայուն գոյատեւելու պայքարը, ինքզինք գերազանցելու անխոնջ աշխատանքը, քրիստոնէական հաւատքը պահելու խանդը եւ ազգային դիմագիծը պահպանելու մարմաջը, եւ Հրայրը իսկապէս սփիւռքահայ կեանքերը այսպէս տեսաւ, ուր որ ալ գնաց»:
Վերջին խօսք առնողը եղաւ գիրքի հեղինակը՝ դոկտ.Հրայր Ճէպէճեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, պետական ներկայացուցիչին եւ բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով օժանդակեցին ձեռնարկին ու գիրքին ծանօթացումին: Հրայր Ճէպէճեան ապա ներկայացուց պատառիկներ իր ճանապարհորդութիւններէն: «Մենք հայապահպանման մեծ պատերազմի մէջ ենք, իւրաքանչիւր գաղութ մէկ ճակատամարտ է հայապահպանման մեծ պատերազմին մէջ: Ճիշդ է, որ շատ զոհեր կը խլէ այս հայապահպանման պատերազմը, բայց եւ այնպէս պիտի շարունակենք առանց յուսահատելու», ըսաւ ան: Ակնարկելով գիրքին կողքի նկարին եւ անոր մէջտեղի ծառի իրականութեան՝ Ճէպէճեան ըսաւ. «Այս ծառը՝ մեր հայկական ինքնութիւնը՝ պէտք է միշտ դալար պահենք: Ու տակաւին պիտի հաւատանք, թէ օր մը զայն դարձեալ պիտի ցանենք մեր պապենական հողին վրայ»։
Շնորհահանդէսի աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքին օրհնութիւն-արարողութիւնը եւ գինեձօն՝ առաջնորդութեամբ սրբազան հօր եւ աջակցութեամբ Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւ Մոմիկ քհնյ. Հապէշեանի:
Ձեռնարկը աւարտեցաւ սրբազան հօր Պահպանիչով։
(Թղթակից)