ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ դաշինքին Սուրիոյ մէջ կատարած քայլերը «հետզհետէ աճող մտահոգութիւն կը յառաջացնեն»՝ աւելցնելով. «Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ապօրինի ներկայութեան նպատակը գերիշխան պետութեան մը մասնատումն է»:
«Ամերիկեան ապօրինի բռնագրաւումը կը շարունակուի Թանաֆ ռազմակայանին շուրջ տարածուող 55 քիլոմեթր տարածութեամբ շրջանին, ուր ամերիկացիները այնպէս կը վարուին, կարծես իրենք շրջանի տէրերն են: Ընդհանուր առմամբ կը տեսնենք, թէ ամերիկեան ապօրինի ներկայութեան նպատակը քրտական խաղաթուղթը խաղալն ու Սուրիոյ մասնատման համար ջանք թափելն է, հակառակ այն պաշտօնական յայտարարութիւններուն, որոնք Սուրիոյ հողային ամբողջականութեան նկատմամբ յանձնարարութիւն կ՛արտայայտեն». նշեց Զախարովա։