ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 45-ԱՄԵԱԿԻ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍԻՆ
Առաջնորդ Սրբազանին Պատգամը
Ստորեւ մանր յապաւումներով կու տանք թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Տ. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի պատգամը, արտասանուած՝ Հինգշաբթի, 6 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Թեմի 45ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր երգահանդէսին.
Սիրելի հոգեւոր եղբայրներ,
Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութեան մեծարգոյ ներկայացուցիչ,
Յարգելի ժողովական գործակիցներ,
Պատուարժան ներկայացուցիչներ հայկական կազմակերպութեանց եւ միութիւններու,
Հայց. Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ եւ մեր թեմի հաւատարիմ հարազատներ,
Փառք, հազար փառք Աստուծոյ, որ բոլորիս ընծայեց առիթը միասնաբար տօնախմբելու պատմական այս օրը, յիշելու, որ 60 տարիներ առաջ, Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, ընդառաջելով հոգեւոր սնունդի եւ մատակարարութեան կարօտ մեր ժողովուրդի զաւակներու խնդրանքին, հաստատուեցաւ Կիլիկեան մեր Ս. Աթոռի հովանին վայելող թեմը, իսկ 45 տարի առաջ, այդ ծառէն ծլարձակուեցաւ Արեւմտեան մեր թեմը, որպէսզի Ցեղասպանութեան ու բռնագաղթին հետեւանքով վտարանդի դարձած մեր Ս. Աթոռին առաքելութիւնը տարածուի ամերիկեան այս ափերուն վրայ ու ծաղկեցնէ հայութեան կեանքը, իրերայաջորդ սերունդներու միտքն ու հոգին կամրջէ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ, հայկական ժառանգութեանց ու մեր մայր հայրենիքին հետ։ Յոբելենական այս հանդիսութիւնը պահն է գոհութիւն տալու Աստուծոյ, որ իր բազմաթիւ բարիքներուն կողքին, մեզի պարգեւած է մեր եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին ծառայելու պարտքն ու պատիւը, երբ կոչուած ենք մի՛շտ հաւատարիմ մնալու իր խօսքին ու պատգամներուն։
Սա պահուն, արեւշատութիւն եւ երկար տարիներ կը մաղթեմ Ս. Աթոռոյս գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին, որուն առաջնորդութիւնն ու ղեկավարութիւնը կը վայելէ մեր թեմը։
Սիրելիներ,
Վաղը 30րդ տարեդարձն է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին, որուն զոհ գացին բազմատասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ։ Տօնական այս երեկոն եթէ ցնծութեան եւ հպարտութեան առիթ է, միւս կողմէ, չենք կրնար մոռնալ բոլորիս վիշտ պատճառող ողբերգական պատահարները։ Աղօթքով յիշեցինք մեր քոյրերն ու եղբայրները, որոնք զոհ գացին ու ծանր վնասներու ենթարկուեցան երկրաշարժին հետեւանքով, խնդրելով ամենաբարին Աստուծմէ, որ հանգիստ շնորհէ ննջեցեալներուն։ Աղօթք բարձրացուցինք նաեւ յիշատակին երանաշնորհ մեր հայրապետներուն ու հոգելոյս սրբազան հայրերուն, հոգեւորական ու աշխարհական այն բոլոր մշակներուն ու ծառայողներուն համար, որոնք իրենց լուման ձգեցին մեր թեմի առաքելութեան գանձանակին մէջ եւ մեր եկեղեցւոյ ծառայական անդաստանը պայծառացուցին, ներդրում ունեցան անոր կազմաւորման ու 45 տարիներու իրագործումներուն մէջ։
Սիրելիներ,
Այս երեկոն կը դիտենք զԱստուած փառաբանելու, մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան ընդմէջէն՝ մեր մշակոյթի գանձերուն հաղորդակից ըլլալու պահ մը, որուն համար, պարտք կը զգանք խոնարհելու յիշատակին առջեւ մեր երջանկայիշատակ վեհափառ հայրապետներուն եւ հոգելոյս սրբազան հայրերուն, որոնք 60 տարի առաջ ամերիկեան ափերուն բարձրացուցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի ջահը, որմէ 45 տարի առաջ նոր բոց մը վառուեցաւ թեմին մէջ, ու այսօր դարձած է լուսատու ջահ մը։ Պահն է նաեւ ողջունելու եւ երախտագիտութիւն յայտնելու մեր թեմի նախկին առաջնորդներուն, որոնցմէ Տ. Եփրեմ արք. Թապագեան մեզի հետ է։
Արեւշատութիւն եւ առողջութիւն կը մաղթեմ նաեւ Գրեշ. Տ. Տաթեւ արք. Սարգիսեանին։ Սա պահուն, մանաւանդ սիրով, հոգեկան ցնծութեամբ եւ գնահատանքով կ՛ողջունենք մեր թեմին մէջ ծառայող միաբանակից եղբայրները, հոգեւորական թէ աշխարհական անձնդիր ծառայողները։
Արդարեւ, 45 տարիներու ընթացքին, Արեւմտեան մեր թեմը ապրեցաւ ծաղկումի ու տարածման հանգրուաններ, մի՛շտ մեկնակէտ ունենալով Ս. Աթոռոյս հաւատքի առաքելութեան ուղին եւ անոր դիմաց բացուած հորիզոնները։ Թեմիս ծառայական կեանքին գլխաւոր դրօշները հանդիսացան եկեղեցաշինութիւն, դպրոցաշինութիւն, ծխական շրջաններու զարգացում, հոգեւոր ու հայեցի դաստիարակութիւն, շրջանիս հայկական միութեանց հետ գործակցութեան ընդարձակում եւ ծառայութիւն մեր մայր հայրենիքին։ Այս բոլորը մղիչ ուժ են հայ հաւատքի ու հայապահպանումի, հայրենաշինութեան, մշակոյթի ծաղկումի ու մեր արդար Դատին հետապնդման։
Սիրելի հարազատներ,
Անցեալի իրագործումները եթէ մեր սիրտերը կը լեցնեն գոհունակութեամբ, այս երեկոն առիթ է նաեւ անդրադառնալու, որ անցեալը հիմնաքար է նոր իրագործումներու։ Ցեղասպանութեան զոհ ու տառապահար ողջ հայութեան յարուցեալ կեանքը աչքի առջեւ ունենալով՝ մեծ բանաստեղծը հարց տուած է. «…Եւ ինչո՞ւ պիտի չհպարտանանք, կա՛նք, պիտի լինե՛նք ու դեռ շատանա՛նք»։ Վերանորոգ հոգիով բայց նոյն կամքով ալ, այսօր կ՛արձագանգենք Պարոյր Սեւակի այդ մտածումին, ըսելով, որ մեր թեմը հպարտ է անցեալ 45 եւ աւելի տարիներու ծառայութեամբ ու իրագործումներով։ Անցեալին հաւատարմութիւնը միայն մէկ մասնիկն է այն զգացումներուն ու տեսլականներուն, որոնք կը կանգնին մեր դիմաց։ Այո՛, վաստակ կերտողներուն երախտապարտ ժառանգորդը ըլլալը էական է, սակայն նոյնքան կարեւոր է մեր աչքերը յարել մեր այսօրուան, ու մանաւանդ ապագային, վկան ըլլալով ծլարձակման այն սերմերուն, որոնք ցանուեցան մեր թեմի հիմնադիրներուն կողմէ, որպէսզի մեր կարգին նոր սերմեր ցանենք աշխատանքի ընդարձակուող դաշտերուն մէջ, այն հաւատքով ու յոյսով, որ ունէին հիմնադիրները, Պօղոս առաքեալի բառերով՝ «ծառ տնկողները» եւ անոնց գործը շարունակողները։ Մեր պատմութիւնը ապրող վկայութիւն է, որ իբրեւ Աստուծոյ զաւակներ եւ գործակիցներ՝ մեր քայլերը յստակ ուղղութիւն ունին։ Պօղոս առաքեալ, Կորնթացիներուն ուղղուած իր առաջին նամակին մէջ, շատ յստակ կերպով կը նշէ, որ մենք պարզապէս Աստուծոյ պատգամներուն եւ ուղիին գործադրողներն ենք, իսկ աճեցնողը ի՛նքն է, Երկնաւոր Հայրը։ Առաքեալը կ՛աւելցնէ՝ ըսելով. «Որովհետեւ մենք պարզապէս Աստուծոյ գործակիցներ ենք. դուք Աստուծոյ անդաստանն էք, եւ Աստուծոյ շինութիւնը»։ Առաքեալին խօսքերուն համաձայն՝ կրնանք վկայել, որ մեր թեմի հիմնադիրները ծառը տնկեցին այս ափերուն, իրերայաջորդ առաջնորդներ, հոգեւոր ու աշխարհական ծառայողներ «ջրեցին» զայն ու հոգ տարին անոր, սակայն աճեցնողը Աստուած է, որուն պէտք է փառք եւ գոհութիւն տանք իր Ս. Աջի հովանիին համար։
Սիրելիներ,
Նոր մարտահրաւէրներ եւ անոնցմէ բխող կարիքներ մեզի կը սպասեն։ Չորս ու կէս տասնամեակները մեզ յառաջ շարժած են պատմութեան անիւին հետ։ 45ամեակի այս հանգրուանին, մեր միտքի հորոզոնին վրայ մեծ տառերով արձանագրուած է այն մարտահրաւէրը, զոր ուղղած է Ս. Աթոռոյս վեհափառ հայրապետը, յառաջիկայ տարիները հռչակելով վերանորոգումի եւ յաւելեալ ծաղկումի տասնամեակ։ Մեր թեմը եւս ընդառաջած է այս ազնիւ մարտահրաւէրին, հետեւաբար, Ազգային առաջնորդարանիս թէ ծխական շրջաններուն մէջ, նոր տասնամեակը, տասնամեակնե՛րը պէտք է կերտել վերանորոգումի ու յաւելեալ նուիրումի կամքով ու տեսլականով։ Անցեալ 45 տարիներն ու ապագայի աշխատանքները պէտք է ըլլան շարունակութիւնը այն առաքելութեան, որ դարեր առաջ սկիզբ առաւ մեր մայր հայրենիքին մէջ, երբ Աստուածորդւոյն առաքեալները՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողոմէոս քրիստոնէութեան լոյսը բերին Հայաստան, մեր հաւատոյ հայր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, իր տեսիլքին հաւատարիմ՝ Հօր Աստուծոյ կամքով, Միածին Որդւոյն Հայաստան այցով եւ Ս. Հոգւոյ շնորհքով քրիստոնէութեան լոյս հաւատքը տարածեց մեր մայր հողին վրայ, Ս. Տրդատ թագաւորին հետ զայն պետական կրօն հռչակեց։ Նոյն հաւատքէն ճառագայթող լոյսը յաջորդ դարերուն ցոլաց մեր Ս. Աթոռներուն ճամբով եւ անոնց գահակալներուն լուսամիտ առաջնորդութեամբ հասաւ Կիլիկիա, իսկ Ցեղասպանութենէն ետք՝ Անթիլիաս։
Այսօր, մեր դիմաց կը տարածուին աշխատանքի բազմաթիւ անդաստաններ, եւ առաջին հերթին՝ նոր հաստատուած ծուխերու, եկեղեցաշինութեան ու նոր սերունդի դաստիարակութեան դաշտերը ընդարձակող դպրոցաշինութեան ծրագիրներ։ Ուրեմն, եկէ՛ք, գօտեպնդուինք նոր իրագործումներու տեսիլքով ու մեր ապագան կերտեննք վերանորոգ հաւատքով, նո՛յն կամքով, նո՛յն հաւատարմութեամբ եւ ազնիւ տեսլականներով, միշտ մնալով Աստուծոյ, եկեղեցւոյ ու ազգի հաւատարիմ մշակները, հասնելու համար մեր ժողովուրդի կարիքներուն եւ յատկապէս նոր սերունդներու հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութեան։ Թող ամենաբարին Աստուած մեր քայլերը առաջնորդէ բարութեամբ, որպէսզի բարին եւ լաւը ընտրենք։
Շուտով պիտի դիմաւորենք նոր տարին, որ մեզ կը հրաւիրէ վերանորոգ յանձնառութեամբ լծուելու նախկինէն աւելի՛ լաւը իրականացնելու աշխատանքի։ Յոբելենական այս հանգրուանն ալ թող ըլլայ նոյն կամքով նորը կերտելու յանձնառութեան հանգրուան մը։
Փա՛ռք, պատի՛ւ ու բի՛ւր երախտիք Կիլիկեան մեր Ս. Աթոռի առաքելութիւնը այս ափերը հասցնողներուն ու անոնց ժառանգորդներուն,
Վարձքը կատար եւ բիւր օրհնութիւն բոլոր անոնց, որոնք կերտեցին մեր թեմի 45 տարիներու վաստակը։ Յարգանք եւ երախտիք մեր ժողովուրդին ու բարերարներուն՝ իրենց զօրակցութեան համար։
Պատիւ ու նոր հորիզոններ նաեւ ձեզի, սիրելի հաւատացեալներ ու գործակիցներ։ Թող յառաջիկայ տարիները ըլլան առաւել գործակցութեան, հաւատքով, յոյսով, սիրով, մաքուր սրտով, խաղաղութեամբ առաջնորդուելու փուլեր, մեր եկեղեցւոյ, Ս. Աթոռոյս ու մեր հայրենիքին հաւատարմութեամբ եւ բոլորանուէր ծառայութեան վերանորոգ ուխտով։
Թող Աստուծոյ Ս. Աջը ընդմիշտ հովանի մնայ մեր բոլորին ու աշխատանքի դաշտերուն վրայ ու մեր քայլերը առաջնորդէ համաձայն իր Ս. Կամքին։ Այսօր եւ միշտ փառաբանենք զԱստուած ու մեր աղօթքները բարձրացնելով հայցենք՝ «Թագաւոր Երկնաւոր, զեկեղեցի Քո անշարժ պահեա, եւ զերկրպագուս անուանդ Քում պահեա ի խաղաղութեան»։ Ամէն։
ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ, ԱՌԱՋՆՈՐԴ
ԱՄ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ
6 Դեկտեմբեր 2018