ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Գանձասար».- Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) «Էրեբունի» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած հայկական ձեռագործներու ցուցահանդէս-տարեկան տօնավաճառը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 1 Դեկտեմբերին, Դամասկոսի «Տամարոզ» պանդոկի «Ալ Մութանապի» սրահին մէջ:
Ցուցահանդէսին բացումը կատարեցին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Սոնա Քիւրտեան եւ մասնաճիւղի ատենապետուհի Մարիա Գաթըքլեան:
Բացման ներկայ էին «Ա.Ահարոնեան» կեդրոնի պատասխանատու մարմինի ներկայացուցիչներ եւ հիւրեր:
Շնորհիւ ՍՕԽի Ձեռարուեստի եւ Տնտեսական յանձնախումբերուն, ինչպէս նաեւ ժրաջան անդամուհիներուն միասնական ջանքերուն ու աշխատանքին, ցուցահանդէսը յաջողութեամբ օժտուեցաւ: Ցուցահանդէսը յատկանշական էր հայկական այլազան ձեռագործներով, ճաշատեսակներով եւ քաղցրեղէնով, որոնք մեծ գնահատանքի արժանացան այցելուներուն կողմէ: