Վանաձոր քաղաքին մէջ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ ար. Չուլճեանի օրհնութեամբ՝ «Ձեռք մեկնիր եղբօրդ» բարեգործական նախաձեռնութեան միջոցաւ յանձնուեցան 24րդ եւ 25րդ բնակարանները:
Ըստ Գուգարաց թեմի դիւանին փոխանցած տեղեկութիւններուն՝ սրբազան հօր խնդրանքին ընդառաջելով՝ լոսանճելըսաբնակ պոլսահայ Կարօ եւ Աղաւնի Գուրեաններու կողմէ Վանաձորի մէջ գնուած է բնակարան մը եւ իբրեւ նուէր յատկացուած է Վանաձորի Ս. Փեթերսպուրկ տնակային աւանի 5/1-7-20 տնակին մէջ բնակող 7 հոգինոց բաղկացած Ասլիկեաններու ընտանիքին:
Սրբազան հօր նախաձեռնութեամբ եւ պոլսահայ բարերար Օննիկ Նալպանտ-Քազարի ֆինանսաւորումով՝ Արդուի համայնքին մէջ գնուած է 25րդ առանձնատունը՝ 10 հոգինոց Գասպարեան ընտանիքին համար:
Արդուի գիւղի կիսաքանդ տան փոքրիկ առանձնասենեակը, ուր տարիներ շարունակ կ՛ապրէր Գասպարեան ընտանիքը, չէր կրնար բազմանդամ ընտանիքին կենցաղային նուազագոյն պահանջները գոհացնել:
Գնուած է նաեւ տան կից հատուածը՝ ընտանիքին ընձեռելու համար կարելիութիւն ապրելու ընդարձակ եւ յարմարաւէտ տան մէջ: Ամբողջութեամբ քանդուած եւ վերանորոգուած է տան տանիքը:
«Վանաձոր քաղաքին մէջ, օրհնութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ թեմակալ առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեանի, 2015ին սկիզբը դրուեցաւ «Ձեռք մեկնիր եղբօրդ» բարեգործական նախաձեռնութեան, որուն նպատակն է գնել բնակարաններ Լոռի մարզին մէջ, տնակային աւաններու կամ վակոն-տնակներու մէջ բնակող բազմազաւակ, կարիքաւոր ընտանիքներու համար:
«Ձեռք մեկնիր եղբօրդ» ծրագիրը բարի կամքի արտայայտութեան դրսեւորում է, մեր մարզի ազգաբնակչութեան նիւթապէս անապահով խաւին հանդէպ: Անիկա կ՛իրականացուի հայրենասիրական, մարդասիրական նկատառումներով, կարեկցանքի անկեղծ մղումով:
Մինչ այսօր, Սեպուհ արք. Չուլճեանի օրհնութեամբ եւ նախաձեռնութեամբ՝ ծրագիրով յատկացուած 25 բնակարաններէն 22ը գնուած են անհատական նուիրատուութիւններով՝ անոր անմիջական բարեկամներու եւ ընկերներու, որոնք կը բնակին Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ, իսկ անոնցմէ 3ը սրբազան հօր յանձնառութեամբ՝ Վանաձորի մէջ կազմակերպուած համաքաղաքային հանգանակութեան միջոցով:
Բնակարան ստացող ընտանիքները կ՛ընտրուին ծրագիրը համակարգող յանձնախումբին որոշումով, անոնց փաստացի նիւթական պայմաններու գնահատման՝ ընտանիքի անդամներու քանակի, աշխատունակութեան, զբաղուածութեան, հաշմանդամութեան եւ այլ՝ սահմանուած չափորոշիչներու հիման վրայ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: