ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն պաշտպանութեան նախարարութեան պիտի յատկացուի 5 միլիառ 705 միլիոն դրամ՝ զինուորական ծառայութեան ընթացքին բնակարանային պայմաններու բարելաւման կարիք ունեցող հաշուառուած, սակայն զինուորական ծառայութեան ընթացքին սեփականութեան իրաւունքով անհատոյց բնակարան չստացած եւ առողջութեան, տարիքի կամ երկարամեայ ծառայութեան զինուորական կենսաթոշակի անցնելու առիթով զինուորական ծառայութենէն սահմանուած կարգով արձակուած նախկին զինծառայողներուն՝ բնակարան ձեռք բերելու նպատակով պետական մասնակցութեան չափով աջակցութիւն ցուցաբերելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը:
«1 Դեկտեմբեր 2018ի դրութեամբ՝ սահմանուած կարգով բնակարանային պայմաններու կարիքաւոր ճանչցուած եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուած ցուցակներուն հիման վրայ՝ հաշուառման հերթացուցակներուն մէջ ընդգրկուած է 1141 նախկին զինծառայողներու ընտանիքներ, որոնցմէ 326ը՝ Երեւանի մէջ: Կը նախատեսուի, որ շահառուներու գրաւոր համաձայնութեան պարագային, իւրաքանչիւրին տրամադրել 2 տարի մարման ժամկէտով եւ միջինը 5,000,000 դրամ արժէքով բնակարանի գնման վկայագիր», ըսաւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեան:
Առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեան նկատել տուաւ, որ այս նախագիծով վերջապէս կարելի պիտի ըլլայ լուծել զինծառայողներու բնակարանային խնդիրը: «Նկատի ունենալով, որ նշուած զինծառայողներու փոքր թիւը երեւանաբնակ է՝ տարբեր քաղաքներու մէջ կարելի պիտի ըլլայ զինծառայողներու մեծ մասին այդ 5 միլիոն դրամով գնել բնակարան» ըսաւ Միրզոյեան:
Դաւիթ Տօնոյեան, իր հերթին, նշեց, որ այդ միջոցները զինծառայողները կրնան ուղղել բնակարան կառուցելուն, կամ սեփական միջոցները աւելցնելով՝ առաւել թանկարժէք բնակարան գնելուն: