Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը՝ ՀՄԸՄը, 100 տարիներ գոյատեւեց շնորհիւ իր առաքելութեան, որդեգրած սկզբունքներուն եւ հետապնդած նպատակներուն, որովհետեւ անոնք կը խօսին հայ երիտասարդութեան սիրտին եւ մեր յաջորդական սերունդներուն ֆիզիքական ու մտային դաստիարակութիւն կու տան՝ մարզական եւ սկաուտական շարքերուն ընդմէջէն:
1918ին, մինչ Հայաստանի մէջ անկախութիւն կը կերտուէր, միւս կողմէ, Պոլսոյ մէջ, նոյն տարուան 16 Նոյեմբերին, պատմական գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը հիմը կը դրուի ՀՄԸՄին: Ա՛յն կազմակերպութեան, որ հաւատալով, թէ առողջ սերունդներն են ազգի մը յաւերժացման գրաւականը, մէկ դրօշի տակ համախմբեց մարզասէր եւ սկաուտական շարժումին հաւատացող երիտասարդութիւնը: Այս հաւատքով, 1910ական թուականներուն, Պոլսոյ մէջ սկսան մարզական ակումբներ հիմնելու ակնյայտ մարզիկ-մարզիչ Շաւարշ Քրիսեան եւ իր գաղափարակից ընկերները՝ Յովհաննէս Հինդլեան, Գրիգոր Յակոբեան եւ ուրիշներ: Քրիսեանի «Մարմնամարզ» թերթին հրատարակութիւնը մեծապէս նպաստեց նուիրեալներ համախմբելու իր շուրջը: 1915ին, Շաւարշ Քրիսեան նահատակուեցաւ, սակայն իր ընկերները շարունակեցին մարզական եւ սկաուտական միութիւն մը հիմնելու իր գաղափարը: Այսպէս, ծնունդ առաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը՝ ՀՄԸՄը, որուն հիմնադիր ժողովը գումարուեցաւ 16 Նոյեմբեր 1918ին՝ Պոլսոյ մէջ, մասնակցութեամբ սկաուտապետ Գրիգոր Յակոբեանի, Տիգրան Խոյեանի, Գարլօ Շահինեանի, Հայկ Ճիզմէճեանի, Լեւոն Յակոբեանի, Ժիրայր Խորասանճեանի եւ Վահրամ Փափազեանի:
ՀՄԸՄը որդեգրեց «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» կարգախօսը, որ մտայղացումն էր Պետրոս Ատրունիի:
Կարճ ժամանակամիջոցի մէջ ՀՄԸՄի բազմաթիւ մասնաճիւղեր հիմնուեցան Պոլսոյ եւ շրջակայ քաղաքներուն մէջ՝ հասնելով մինչեւ Կիլիկիա, մեծ ոգեւորութիւն ստեղծելով Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդի բեկորներուն եւ յատկապէս անոր որբացած սերունդին մօտ: Երիտասարդութիւնը ներգրաւուեցաւ մարզական եւ սկաուտական խումբերու մէջ՝ «Առողջ միտք, առողջ մարմինի մէջ» հաստատ համոզումով:
1919ին, Պոլսոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄի Ա. Ողիմպիականը: Հոկտեմբեր 1919ին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ կը հրապարակուի «Հայ Սկաուտ» թերթը:
ՀՄԸՄի համբաւը կը հասնի անկախ Հայաստան, որուն օրուան կրթական նախարար Նիկոլ Աղբալեան կը հրաւիրէ ՀՄԸՄը մարզական եւ սկսուտական դաստիարակութեան սկսելու հայրենիքի մէջ: Յուլիս 1920ին, Վահան Չերազ, Տիգրան Խոյեան եւ Օննիկ Եազմաճեան եռանդամ պատուիրակութիւնը կը մեկնի հայրենիք: Նոյն տարին (1920), Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ կը հիմնուի ՀՄԸՄի մասնաճիւղ մը, այնուհետեւ՝ 1921ին, Պուլկարիոյ եւ Արեւելեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ, իսկ 1922ին՝ Ռումանիոյ մէջ, եւ այսպէս մեծ թափ կ՛առնէ ՀՄԸՄը:
Դժբախտաբար, սակայն, կազմակերպչական աշխոյժ գործունէութիւնը երկար կեանք չ՛ունենար Հայաստանի մէջ. արդարեւ, 29 Նոյեմբեր 1921ին, Հայաստանի խորհրդայնացումով, ՀՄԸՄի գործունէութիւնը վերջ կը գտնէ Հայաստանի մէջ: Աւելի ուշ, Վահան Չերազ հայրենանուէր իր այս գործունէութեան համար կը գնդակահարուի Թիֆլիսի Չեկայի բանտին մէջ:
Պոլսոյ մէջ եւս նոյն ճակատագիրին կ՛ենթարկուի ՀՄԸՄը: Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող ներքին յեղաշրջման եւ Քեմալական շարժման յաղթանակով, հայ ժողովուրդը կը հեռանայ երկրէն եւ 16 Սեպտեմբեր 1922ին, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը, Թուրքիոյ մէջ պաշտօնապէս լուծարուած կը յայտարարէ ՀՄԸՄը:
Գաղթական հայութեան հետ գաղթական դարձաւ նաեւ ՀՄԸՄը, սակայն չկորսուեցաւ: Իւրաքանչիւր կազմաւորուած հայկական գաղութի մէջ անիկա վերածաղկեցաւ եւ իր առաջնահերթ պարտականութիւնը դարձուց ապագայ իր ղեկավարները պատրաստել: Համախմբեց հայ պատանին եւ անոր տուաւ ազգային դիմագիծ, հայրենիքի սէր, պահանջատիրութեան ոգի, պատուախնդիր հայու նկարագիր, պատկանելիութիւն եւ մասնաւորաբար՝ արժանապատուութեան գիտակցութիւն: Գաղթական հայութիւնը, յատկապէս Կիլիկիայէն, հիւրընկալուեցաւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, ուր լաւապէս կազմակերպուելով՝ սփիւռքեան ակնյայտ կեդրոններու վերածուեցաւ:
1924ին, Միջին Արեւելքի ՀՄԸՄի առաջին մասնաճիւղը հիմնուեցաւ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ: Մասնաճիւղը իր սկաուտական եւ մարզական թեւերը ստեղծելէ եւ լաւապէս կազմաւորելէ ետք, 1925ին, մղիչ ուժ հանդիսացաւ, որ ՀՄԸՄի մասնաճիւղ մը հիմնուի նաեւ Հալէպի մէջ, Սուրիա: Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ մեծ եռանդ եւ խանդավառութիւն ստեղծած այս մասնաճիւղերը իբրեւ բարի օրինակ ծառայեցին ոչ միայն զոյգ երկիրներու բազմաթիւ քաղաքներուն, այլեւ հարեւան երկիրներուն, ինչպէս՝ Իրաքի, Յորդանանի, Երուսաղէմի եւ այլ բազմաթիւ երկիրներու:
Մարզական եռօրեայ հանդիսութիւններուն ստեղծած խանդավառութիւնը դարձաւ վարակիչ. այս զոյգ երկիրներուն սահմաններէն դուրս ելլելով՝ նոր մասնաճիւղեր հիմնուեցան Յորդանանի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Եգիպտոսի եւ մինչեւ իսկ Պարսկաստանի մէջ: Այս երկիրներուն մարզական խումբերը, մասնակցելով նշեալ փառատօներուն՝ յաւելեալ փայլք տուին անոնց յաջողութեան:
1929ին, Պէյրութի մէջ կը գումարուի ՀՄԸՄի Սուրիոյ եւ Լիբանանի Պատգամաւորական Ա. ժողովը, իսկ երկրորդը՝ 1931ին: Այս երկու ժողովները նոր թափ եւ մղում կու տան ՀՄԸՄի միջինարեւելեան գործունէութեան: Այնուհետեւ, հաստատ քայլերով յառաջացող ՀՄԸՄը, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան՝ կարեւոր իր ներդրումը կը բերէ նաեւ սփիւռքահայութեան ազգային գոյատեւման ջանքերուն՝ Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի, Ամերիկայի, Աւստրալիոյ եւ այլուր:
Մեծ ոգեւորութեամբ սկիզբ առած եւ հետզհետէ բազմաթիւ հայահոծ երկիրներու մէջ իր հորիզոնները ընդարձակած ՀՄԸՄի աշխոյժ գործունէութիւնը, դժբախտաբար, իր մեծագոյն հարուածը ստացաւ Համաշխարհային Բ. պատերազմի օրերուն, որ ոչ միայն ջլատեց Արեւմտեան Եւրոպայի մասնաճիւղերը, այլեւ դէպի համայնավարացած Հայաստան կազմակերպուած ներգաղթով ցնցեց նաեւ Միջին Արեւելքի ՀՄԸՄի մասնաճիւղերը: Ստեղծուած քաղաքական եւ տնտեսական ահաւոր պայմանները տկարացուցին եւ շուքի տակ առին ՀՄԸՄի Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մասնաճիւղերը: Իսկ Արեւելեան Եւրոպայի եւ յատկապէս Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ մէջ գործող մասնաճիւղերը, տեղւոյն համայնավար վարիչներու կողմէ հալածանքի ենթարկուեցան, աքսորուեցան հայ ազգային յայտնի դէմքեր, որոնց շարքին նաեւ՝ ՀՄԸՄականներ, եւ այսպիսով փակուեցան Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ մասնաճիւղերը:
Պէտք է ընդգծել, թէ փոթորկալի ներգաղթի ծանօթ շարժումին իբրեւ հետեւանք տկարացած Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Յունաստանի ՀՄԸՄի մասնաճիւղերը, կրցան յաղթահարել ստեղծուած դժուարութիւնները եւ արագ կազմակերպումով գտնել անցեալի իրենց աշխոյժ գործունէութիւնը: Լիբանանի եւ Սուրիոյ մասնաճիւղերու վերաշխուժացման մեծապէս նպաստեցին ՀՄԸՄական եւ տեղական մարզական, յատկապէս՝ ֆութպոլի մրցումները: ՀՄԸՄի կարգ մը խումբեր նոյնիսկ տիրացան իրենց երկիրներու ախոյեանութեանց:
Համաշխարհային Բ. պատերազմի արհաւիրքը թօթափած Միջին Արեւելքի մասնաճիւղերը, Ֆութպոլի կողքին, պետական մակարդակի մեծ յաջողութիւններ արձանագրեցին պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի եւ հեծելարշաւի մարզաճիւղերուն մէջ:
Միջին Արեւելքի մէջ ՀՄԸՄին ստեղծած խանդավառութիւնը ոգեւորեց շատ հայկական գաղութներ, սակայն իրողութիւնը նոյնը չեղաւ Պարսկաստանի պարագային, ուր 1950ին կառավարութիւնը լուծարեց բոլոր կազմակերպութիւնները, որոնց կարգին կար նաեւ ՀՄԸՄը: Սակայն, աւելի ուշ, Պարսկաստանի մէջ կարելի եղաւ հիմնել անկախ հայկական միութիւն մը՝ Հայ Մշակութային «Արարատ» կազմակերպութիւն (ՀՄԱԿ) անունով, որ մինչեւ օրս մօտէն կը գործակցի ՀՄԸՄի հետ:
1958ին, Գանատայի նորակազմ հայկական գաղութը հիմը կը դնէ իր առաջին ՀՄԸՄի մասնաճիւղին Մոնթրէալի մէջ: Լուրջ աշխատանք կը տարուի նաեւ վերակազմակերպելու Ֆրանսայի ՀՄԸՄի մասնաճիւղերը:
Իսկ արաբական աշխարհին մէջ 60ական թուականներու ծանօթ իրադարձութիւններուն իբրեւ հետեւանք, Միջին Արեւելքէն մեծ թիւով հայեր կը գաղթեն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Գանատա եւ Աւստրալիա, ուր ՀՄԸՄի նոր մասնաճիւղեր հիմնեցին: 1965ին, գաղթական այս հայերուն շնորհիւ կը հիմնուի Աւստրալիոյ առաջին ՀՄԸՄի մասնաճիւղը՝ Սիտնիի մէջ, իսկ 1968ին, Լոս Անճելըսի մէջ կը հիմնուի ՀՄԸՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու առաջին մասնաճիւղը:
Հետզհետէ բազմացող ՀՄԸՄի մասնաճիւղերով եւ յատկապէս նկատի ունենալով Աւստրալիոյ եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ նոր մասնաճիւղերու հիմնումը՝ անհրաժեշտ կը նկատուի ՀՄԸՄը համագաղութային կազմակերպութեան մը վերածելը: Մինչ այդ, ՀՄԸՄի ղեկավարի պաշտօնը կը կատարէր Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային վարչութիւնը: Այս իմաստով, Պատգամաւորական Ա. Ընդհ. ժողովը գումարուեցաւ 1974ին, Պէյրութ, Լիբանան, որուն ՀՄԸՄի 27 մասնաճիւղերէն մասնակցեցան 23 լիազօր պատգամաւորներ, առաւել՝ Թեհրանի «Արարատ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչը: ՀՄԸՄի բարձրագոյն այս ժողովը հիմը դրաւ ՀՄԸՄի Համագաղութային կառոյցին, վաւերացուց ՀՄԸՄի Ընդհ. Ծրագիր-Կանոնագիրը եւ ընտրեց իր առաջին Կեդրոնական վարչութիւնը:
ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու համագործակցութիւնը զարգացնելու կարեւորութենէն մեկնած, Կեդրոնական վարչութիւնը կազմակերպեց ՀՄԸՄի Ա. Համագաղութային բանակումը՝ Օգոստոս 1978ին, Քլամարի մէջ, Յունաստան, որուն ՀՄԸՄի 12 շրջաններէն մասնակցեցան 226 արի-արենուշներ: Առաջին այս նախաձեռնութիւնը մեծ եռանդ եւ ոգեւորութիւն ստեղծեց բանակողներուն մէջ, իսկ անոնց միջոցաւ նաեւ՝ շրջաններուն մէջ՝ իբրեւ արդիւնք Բ. Համագաղութային բանակումը կազմակերպուեցաւ Օգոստոս 1980ին, Ֆրանսա: Այնուհետեւ, այդ բանակումները կը կազմակերպուին չորս տարին անգամ մը: ՀՄԸՄի 5րդ Համագաղութային բանակումը իրականացաւ Հայաստանի մէջ, իսկ 2002էն ի վեր՝ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի Բիւրականի բանակավայրին մէջ, որ ՀՄԸՄին նուիրուած է Հայաստանի պետութեան կողմէ:
Սկաուտական ղեկավարութեան մօտ մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց նաեւ առաջին անգամ իրականացուող ՀՄԸՄի Սկաուտական Արարատեան կարգի տուչութիւնը: Նոյնքան ոգեւորիչ եւ աշխոյժ եղան ՀՄԸՄի մարզական աշխատանքները: Արդարեւ, Շրջանային մակարդակով կազմակերպուող Լիբանանի ԼԵՎԱՄի (1969էն սկսեալ) եւ Մայիսեան փառատօները (1978էն), Արեւմտեան Ամերիկայի ՔԱՀԱՄի (1984էն) եւ Նաւասարդեան մարզախաղերը (1974էն) մեծապէս նպաստեցին հայ աշակերտութիւնը ՀՄԸՄին կապելու եւ ՀՄԸՄի մասնաճիւղերը կենսունակ պահելու կարեւոր գործին:
ՀՄԸՄի մարզական կեանքը առաւել աշխուժացաւ 1981ին՝ Գանատայի պասքեթպոլի, վոլիպոլի եւ ֆութպոլի Համագաղութային մրցաշարքերով, որոնք առաւել համախմբեցին ՀՄԸՄի մարզասէր երիտասարդութիւնը մարզական մաքուր շրջապատի մը մէջ: ՀՄԸՄի մարզական խումբերուն մօտ ոգեւորութիւնը բազում շեշտուեցաւ 2009ին եւ այնուհետեւ չորս տարին անգամ մը Հայաստանի մէջ կազմակերպուող Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերուն շնորհիւ:
Այս բոլորին առընթեր, հայրենիքի ծարաւը կը տանջէր սփիւռքահայութիւնը: ՀՄԸՄի երազանքն էր գործել ազատ ու անկախ հայրենիքի մէջ, բանակիլ Արարատի լանջերուն եւ մրցակցիլ հայրենի մարզադաշտերուն վրայ: 1990ին այդ երազն ալ իրականացաւ, երբ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը ՀՄԸՄը վերադարձուց իր հարազատ օճախը՝ նորանկախ հայրենիք:
ՀՄԸՄի Սփիւռքի բոլոր մասնաճիւղերու աշխատանքներուն գլխաւոր առանցքը հանդիսացաւ ՀՄԸՄի Հայաստանի մասնաճիւղերուն օգտակար հանդիսանալու հրամայականը, եւ անոնք յաջողեցա՛ն: Արդարեւ, 1995ին, ՀՄԸՄի Զ. Ընդհ. ժողովին որոշումով, հայրենի ՀՄԸՄը կոչուեցաւ ՀՄԸՄի Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութիւն (ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ):
1996ին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿը Ֆրանսայի «Հայ Արիներ»էն ետք ստանձնեց համաշխարհային սկաուտութեան մօտ Հայ սկաուտութեան ներկայացուցչութեան ջահը, իսկ 17 Ապրիլ 1997ին, անիկա պաշտօնապէս մաս կազմեց Համաշխարհային Սկաուտական շարժումին:
Պէտք է ընդգծել, որ հայրենի հողին վրայ կազմակերպուող սկաուտական բանակումներն ու մարզական մրցաշարքերը մեծապէս ոգեւորեցին եւ հայրենի հողին կապեցին ՀՄԸՄական երիտասարդութիւնը: Այս ձեւով, անոնք ծանօթացան իրենց երազած Հայաստանին, անոր յիշարժան վայրերուն, պատմական կոթողներուն եւ հայոց պատմութեան փառահեղ անցեալին՝ ամրացնելով Հայրենիք-Սփիւռք անքակտելի կապը:
Ներկայիս, ՀՄԸՄը ունի 24 շրջաններ, 108 մասնաճիւղեր ու միաւորներ:
ՀՄԸՄը 100 տարիէ ի վեր կը գոյատեւէ, որովհետեւ յստակ առաքելութեամբ ծնունդ առաւ եւ առանց ընկրկումի հետապնդեց իր նպատակները, ի սէր հայ երիտասարդութեան հայեցի դաստիարակութեան: Գործեց եւ պիտի շարունակէ գործել «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» իմաստալից իր նշանաբանով, «Առողջ միտք՝ Առողջ մարմնի մէջ», «Մի՛շտ պատրաստ» եւ «Մեր լաւագոյնը» կարգախօսերով, որոնց ազդեցութիւնը մեծապէս զգալի է մեր սերունդներու կեանքի ճշմարիտ ուղղութեան վրայ՝ հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ: