«…Անկատար տենչեր ունենք դեռ շատ»
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Երբ այս սիւնակին վերջակէտը դրի, գիտէի, որ քանի մը ժամէն՝ Կիրակի, 9 Դեկտեմբերին, Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենան ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւնները. մեր ժողովուրդը պիտի ընտրէ նոր խորհրդարան մը, որ կոչուած է որոշ եզրակացութեան մը հասցնելու ո՛չ միայն 2018ի Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն ծայր տուած շարժումը, այլ նաեւ այն եղելոյթը, որ ճամբայ ելաւ խորհրդարանական նախորդ ընտրութիւններէն ետք եւ կտրեց երկիրը նախագահականէն խորհրդարանական կառավարման դրութեան որդեգրումի հանգրուանը։
Հաւանաբար ընթերցողս հարց պիտի տայ, թէ ինչո՞ւ անհամբեր եմ եւ այս սիւնակները կ՛արձանագրեմ ընտրութեանց նախօրեակին. չէի՞ կրնար 2-3 օր ալ սպասել եւ ընտրութեանց արդիւնքը աչքի առջեւ ունենալով արտայայտուիլ, մանաւանդ, որ ամանորի բացառիկին համար խմբագիր ընկերներուս կողմէ ճշդուած վերջին ժամկէտին դեռ բաւական ժամանակ կայ։ Եթէ այդպէս ընէի, անխուսափելիօրէն պիտի հարկադրուէի խորասուզուելու ընտրութեանց անմիջական արդիւնքին մէջ՝ ո՞վ ի՞նչ քուէ-աթոռ շահեցաւ, ո՞վ «մտաւ», ո՞վ «դուրս մնաց» եւ այլն, մինչդեռ նպատակս տարբեր է. կը նախընտրեմ Հայաստանի զարգացումները դիտել ո՛չ միայն ընտրութեան օրուան ու անոր անմիջական արդիւնքին լոյսին տակ, այլ կարկինը աւելի լայն բանալով՝ մեր հայրենիքի վիճակն ու հաւանականութիւնները լուսարձակի տակ բերել պատմական շարք մը իրադարձութեանց լոյսին տակ, տեսնելու՝ թէ այս ընտրութիւններուն տեղը ո՞ւր է եւ ի՞նչ դեր կրնայ ունենալ երկրի քաղաքական աճումին մէջ։ Վերջին ամիսներու զարգացումները շատ կարեւոր են եւ հայութիւնը կը տարուբերեն յոյսի ու հիասթափութեան մատնուելու ալիքներու միջեւ, բոլորը գրաւը կը պահեն բարեշրջման խոստումներուն իրականացման վրայ։
Փաստօրէն, եթէ փորձենք զարգացումները դիտել ընտրապայքարի ու քուէարկութեան արդիւնքներուն անմիջական ազդեցութեան տակ, անխուսափելի կ՛ըլլայ տարուիլ այն մթնոլորտով, որ տիրապետեց ո՛չ միայն ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ու յաջորդող օրերուն, այլ անոր նախաճաշակը ապրեցանք Երեւանի քաղաքապետական խորհուրդին ընտրութեան «մանրատիպ» նախընթացով։ Տիրապետող եղան կիրքերը, մերթ լուտանքի տիղմին մէջ մխրճուող, երբեմն ալ բաժանումներ ստեղծելու ակամայ կամ դիտումնաւոր արտայայտութիւնները, լուռ ու բացայայտ սպառնալիքները եւ ընդհանրապէս… «պիտի»ներով յագեցած ծրագիրները։
Եթէ ազգային ժողովի ընտրութիւնները փորձենք դիտել առնուազն անկախութեան վերահաստատման հանգրուանէն ասդին զարգացող փուլին մէջ, մեր դիմաց պարզուող համայնապատկերը աւելի ընդարձակ եւ ուսուցողական կրնայ ըլլալ։ Պէտք չէ արհամարհենք նաեւ այն փուլերը, որոնք մեր պատմութիւնը կերտած են Հայաստանի անկախ հանրապետութեան ծնունդը կանխող ժամանակներէն սկսեալ ու վերանկախացած Հայաստանի համար որոշ հիմեր ժառանգ թողած նոյնինքն անդրանիկ հանրապետութեան կարճատեւ կեանքէն, ապա անոր հետեւած՝ խորհրդային տարիներէն։ Այսօր, երբ Հայաստան կը յուսայ թեւակոխել «նոր դարաշրջան», պէտք չէ մոռնալ – եւ արհամարհել – այն իրականութիւնը, որ այսօրն ու վաղը ուղղակի շարունակութիւնն են մօտիկ եւ աւելի հեռաւոր անցեալներու իրագործումներուն, որքան ալ որ սիրելի ըլլան կամ չսիրուած՝ անցեալի որոշ իշխանութիւններ։ Իւրաքանչիւր տասնամեակի եւ «դարաշրջանի» ընթացքին անվիճելիօրէն կատարուած են իրագործումներ, որոնց գումարին վրայ կը կերտուի նորը, կարելի չէ շարժիլ ոչնչապաշտութեան, ամէն բան ոչնչացնելու (նիհիլիզմ) տրամաբանութեամբ։ Դրական զարգացումի բանալին այն է, որ նորը կարենայ ճիշդ կշռադատել անցեալի սխալներն ու դրական երեսները, չկրկնել սխալները, այլ դրականները հիմ ծառայեցնել աւելի՛ լաւը կերտելու (այս տողերը չընկալել լոկ «Լափալիսեան ճշմարտութեան» դիտարկումով, այլ Հայաստանի ներկայ պատկերը տեսնելու տրամաբանութեամբ)։
***
Պատմական վերոյիշեալ լայն ժանամակահատուածին մէջ դիտելով նորագոյն զարգացումները, կրնանք անվարան ըսել, թէ Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններու ազդանշանը գործնապէս տրուեցաւ այն օրերուն, երբ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ իշխանափոխութիւն եւ հագաւ «Թաւշեայ յեղափոխութիւն» զգեստը։ Այս հաստատումը կարեւոր է, որովհետեւ քաղաքական բազմաթիւ ուժեր դժգոհութիւն յայտնեցին, որ ընտրապայքարի ժամանակը կարճ էր եւ բաւարար չէր լիարժէքօրէն պատրաստուելու 9 Դեկտեմբերի հանգրուանին։ Նման քննադատական մօտեցում՝ կը նշանակէ, թէ մանաւանդ քաղաքական կեանքին մէջ փորձ ունեցող կուսակցութիւններն ու խմբակցութիւնները ներկան լիարժէքօրէն չեն կրնար «կարդալ», իսկ նորակազմ կուսակցութիւններու ու դաշինքներու պարագան այլ հարց է եւ առանձնապէս քննարկելի։ Մայիսի սկիզբը իշխանութեան հասած ուժը այդ հանգրուանէն առաջ ալ բացայայտ դարձուցած էր, թէ գործող խորհրդարանը օրինական չի նկատեր, իսկ յետոյ, երբ իշխանութեան լծակները ունեցաւ իր ձեռքին, ոչ մէկ խոչընդոտի առջեւ կանգ պիտի առնէր, որպէսզի օրէնսդիր իշխանութիւնն ալ բերէ իր հակակշիռին տակ. դատական իշխանութիւններուն դրութիւնը նկատառելի այլ պարագայ է եւ վառելանիւթ հասցուց ընտրապայքարի…։ Սա բնական երեւոյթ է եւ առաւել կամ նուազ չափով նոյնը կը կատարուի աշխարհի որեւէ ժողովրդավարական երկրի մէջ, անկախ անկէ, որ իշխանաւոր խմբակը ինչպէ՞ս կ՛իրականացնէ իսկական ժողովրդավարութիւնը։ (Կարելի է բազմաթիւ օրինակներ թուել. բաւականանանք մէկով. Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ Տուն մտնելէ ետք ո՛չ միայն գերագոյն դատարանին մէջ իր կողքին մեծամասնութիւն ունենալու ճիգ չխնայեց, այլ մինչեւ իսկ իր սերտ գործակիցներէն շատերը քաղաքական գլխատումի ենթարկեց՝ ոմանք պաշտօնազրկելով, իսկ ուրիշներու «գլուխը պահանջելով»։ Այս բոլորը կարելի է դիտել իբրեւ ժողովրդավարութեան ըստ կամս ու տխեղծ կիրարկում, սակայն կը հետեւի խաղին օրէնքներուն, որքան ալ անհաճոյ եւ սխալ թուին նման խաղեր)։
Ի դէպ, կ՛արժէ պահ մը կանգ առնել նաեւ այլ կէտի մը վրայ։ Հայաստանը նախագահականէ խորհրդարանական դրութիւն փոխադրելու քայլը նկատուեցաւ ու կը նկատուի պատմական կարեւոր իրագործում։ Սա տեսականօրէն ճիշդ է եւ զայն պէտք է դիտել իսկական ժողովրդավարութիւն կիրարկելու ակնոցով։ Սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ բացի փոքրաթիւ ուժերէ, շատեր դրութեան փոփոխութիւնը հետապնդեցին ու դիմաւորեցին այլ հաշիւներով. անցեալ տասնամեակներուն, նախագահին տրուած լիազօրութիւնները՝ գործող նախագահին ընծայած էին գերհզօր մենաշնորհեալի զօրութիւն, որ չէր համապատասխաներ նախագահական իսկական դրութեան։ Ու երբ նախորդ նախագահը փորձեց նոր դրութիւնը կիրարկել՝ նոյն լիազօրութիւնները վարչապետի թիկնոցով շարունակելու քայլով, շարժեցաւ դժգոհութեան ալիքը։ Հիմա, արդէն քաղաքական բառարանին մէջ կը գործածուի «գերվարչապետ» – սուփըրվարչապետ – եզրը, որ այլապէս ան-ընդունելի է ժողովրդավարութեան ամէնէն տարրական տրամաբանութեամբ։ Երկուքին պարագային ալ, անձե՛րն են առանցքային դեր խաղացողները, մինչդեռ խորհրդարանական դրութիւն՝ բոլորովին այլ բան կը նշանակէ. ամէնէն պարզ բացատրութկեամբ՝ կը նշանակէ ժողովուրդի տարբեր հոսանքներէն ու տարբեր գաղափարներու հետեւողներէն կազմուած խորհրդարանին մէջ գործակցութիւն եւ գաղափարներու-ծրագիրներու միջեւ ազնիւ մրցակցութիւն, ի խնդիր երկրին ու ժողովուրդին ապահովութեան, բարօրութեան, զարգացումին, հեռու՝ արտաքին շահերու եւ հոսանքներու ազդեցութենէն, ըստ էութեան՝ ազգային վարքագիծով։ Հաւանաբար ընտրութիւններէն ետք պէտք պիտի ըլլայ որոշ ատեն սպասել, ստուգելու՝ թէ խորհրդարանական դրութիւնը այսպիսի կիրարկում պիտի գտնէ՞, թէ պիտի ըլլայ նախորդին մէկ նմանակ-տարբերակը։
Այլ խօսքով, եթէ երկրի մը համար ժողովրդավարութեան կիրարկման ամէնէն հարազատ դրութիւնը խորհրդարանականն է, սա աներկբայօրէն չի հասցներ այն եզրակացութեան, որ ամէն հարց պիտի լուծուի. պէտք չէ արհամարհել այն պարզ ճշմարտութիւնը, որ դրութիւնը կիրարկո՛ղը բանալի դեր ունի դրական զարգացումի եւ արդիւնքի հասնելու մէջ. փաստօրէն, անցեալին թէ այսօր, մինչեւ իսկ թագաւորական-մենատիրական դրութիւններ բարիք բերած են իրենց մականին ենթակայ ժողովուրդներուն. եւ թող այս տողերը չընկալուին իբրեւ մենատիրութեան կամ այլ դրութիւններու ջատագովում։
***
Ինքզինք հաստատելու համար, նոր իշխանութիւնը անցեալ 6-7 ամիսներուն դիմեց գործնական ու քարոզչական բազմամակարդակ միջոցներու, մինչդեռ այլ շրջանակներ առաւելաբար տարուեցան ընտրութիւնները յետաձգելու արդար կամ, տուեալ պայմաններուն մէջ, անիրապաշտ գործունէութեամբ։ Իշխանութիւնը ճամբայ հանեց մենաշնորհեալներ ու չարաշահողներ հաշուետուութեան ենթարկելու գործընթաց, նիւթական եւ այլ իւրացումներ կատարողներ տուգանքի ենթարկուեցան եւ պետութեան պիւտճէին վերադարձուեցան պատկառելի գումարներ. միաժամանակ, երկրի ընդհանուր վարչակազմին մէջ տեղի ունեցաւ մեծ փոփոխութիւն, սկսելով նախարարութիւններէն (սկզբնապէս գոյառած համախոհութիւնը փուլ եկաւ եւ ի յայտ եկաւ միայնակ կառավարելու տրամադրութիւն) մինչեւ մարզեր ու լրատու աղբիւրներ, որդեգրուեցան թոշակներու եւ հատուցումներու յաւելումի քայլեր, որոնք խոշորացոյցով հրամցուեցան ժողովուրդին (յաւելումներու դրական գործօնը չենք անտեսեր, սակայն երբ նկատի ունենանք, որ մօտաւորապէս 130-140 տոլար ամսական ստացողին կը տրուի սահմանափակ յաւելում եւ ընտանիքի մը եկամուտը կը հասնի շուրջ 200 տոլարի համապատասխան գումարի, իսկ ատիկա հեռու կը մնայ ապրուստի տարրական պէտքերը գոհացնելու վիճակէն…), յայտարարուեցաւ, որ ընտրակաշառքը վերջ գտած է ու փորձուողները ծանր պատիժի պիտի ենթարկուին, իսկ անդին, լայն պաստառներու վրայ երեւցան արտաքին ներդրումներու խոստումներ։ Դժբախտաբար սուր բանավէճի ու մինչեւ իսկ խօսքի աճուրդի նիւթի վերածուեցաւ Արցախի հարցը, ուր կան անվիճելի եւ անշրջանցելի կարմիր գիծեր…
Ամէնէն մեծ հարցականները կը մնան հոն, ուր շարուած են «պիտի»ները եւ անոնց ուղղուած կասկածները։
Նոր իշխանութիւնը այս իմաստով ցարդ հաւատարմօրէն կը հետեւի նախորդներուն ուղիին։ Ինչպէս որ անցեալի դրական քայլերուն մասին դրական արտայայտութիւն ունեցանք, նոյնը կրնանք ընել նաեւ նորին մասին, սակայն չենք կրնար անտեսել, որ խոստումները ցարդ կը մնան գերակշռող, եւ ըստ բաւականին հիմնաւորուած-արդարացած չեն։ Ընտրապայքարէն առաջ թէ ընտրապայքարի օրերուն, իշխանութեան վրայ եղողներ թէ յաւակնորդներ խօսեցան արտաքին մեծ ներդրումներու ապահովման, ու անոր համար առարկայական՝ խաղաղ ու երաշխաւորեալ պայմաններու ստեղծման մասին։ Բնական է, որ զարգացման ճամբուն առաջին քայլերը առնող երկիր մը, ինչպէս է Հայաստանը, անխուսափելիօրէն պիտի կարօտի արտաքին օժանդակութիւններու, նիւթական, արհեստագիտական թէ այլ գետիններու վրայ, որպէսզի տնտեսութիւնն ու այլ հիմունքներ կազմաւորուին ու ամրանան։ Սակայն ընդհանրապէս արտաքին ձեռքերու սեւեռումները կը ստեղծեն որոշ մտահոգութիւններ. նախ՝ շահոյթի նկատառելի մէկ բաժինին արտահոսք, յետոյ, այսօրուան աշխարհին մէջ, արտաքին օժանդակութիւններ կը տրամադրուին բոլորովին տարբեր տրամաբանութեամբ, քան ինչպէս որ կ՛ըլլար, օրինակի համար, յետ-աշխարհամարտեան Եւրոպային կամ այլ երկիրներու մէջ։ Այդ օրերուն, օժանդակութիւնը կը կատարուէր տկարը ոտքի կանգնեցնելու եւ առողջ գործակիցներ բազմացնելու տրամաբանութեամբ. այսօր, այս տրամաբանութիւնը փոխարինած է օժանդակութիւն ստացողը ենթակայ դարձնելու եւ հետեւողական կերպով շահու աղբիւրի վերածելու մօտեցումը։ Մինչեւ իսկ բնական հսկայական հարստութիւններով օժտուած երկիրներ կ՛ընկղմին հսկայական պարտքերու տակ, խաղալիք կը դառնան մեծերու կամայականութեանց։ Հայաստանի՝ բոլորիս ծանօթ աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ, երբ կը գտնուինք մօտակայ ու հեռաւոր մեծ ու նուազ մեծ ուժերու մրցակցութեան մէկ դաշտին մէջ, արտաքին օժանդակութիւններու թղթածրարը կ՛ենթադրէ շրջահայեաց ու զգուշաւոր մօտեցում։ Այլընտրանքը, որ բնականաբար աւելի դժուար ուղի է, կը թելադրէ յենուլ առաւելաբար հայկական կարողութիւններու վրայ։
***
Նոր ազգային ժողովի կազմութեամբ բացուող էջին նախերգանքը հիւսուեցաւ այնպիսի մթնոլորտի մէջ, որ անցեալէն եկող երկփեղկումներ զգեցան նոր գունաւորում ու կնիք, մինչդեռ Հայաստանի նման կացութեան մէջ եղող երկրի մը մէջ կենսական է միասնութիւնն ու առաւելագոյն համախոհութիւնը, որմէ պէտք է բխի իշխանութեան, պետութեա՛ն ուժը։
Եթէ ոեւէ դիտող հանդարտ տրամադրութիւններով հետեւէր ընտրապայքարի հրապարակային արտայայտութիւններուն, որոնցմէ մաս մը պատկերասփռուեցաւ բազմակողմանի բանավէճերու ճամբով, պիտի նկատէր, որ կարգ մը «արտառոց» մտածումներու կողքին, իւրաքանչիւր կուսակցութիւն կամ ուժ ունի նաեւ խելամիտ գաղափարներ ու առաջարկ-առաջադրանքներ, հետեւաբար, նոր իշխանութեան պարտականութիւնն է նոյն յայտարարին վրայ համախմբել շինիչ մտածումները, անկախ անկէ, թէ ո՞վ մուտք գործած է խորհրդարան կամ ո՞վ չէ յաջողած ապահովել անհրաժեշտ քուէները։ Ազգային ժողովին ու կառավարութեան պարտականութիւնն է նկատի ունենալ թէ՛ խորհրդարանական եւ թէ արտախորհրդարանական առողջ մտածողութեան արգասիքը։
Ժողովրդավարութեան կիրարկման կապուած յոյսերուն դիտանկիւնէն, ականատես եղանք կարգ մը մտահոգիչ երեւոյթներու, որոնք առնուազն հարցականներ կը գծեն անմիջական ապագային վրայ։ Նախ կար հակադիր ուժը կամ կուսակցութիւն(ներ)ը անպայման ոտնատակ ընելու տրամադրութիւն, ինչ որ ընտրապայքարին վրայ դրաւ մեղադրանքներու եւ ամբաստանութիւններու փոխանակման կնիք մը, մինչդեռ նախընտրելի պիտի ըլլար, որ իւրաքանչիւր կողմ հրապարակ գար յստակ, եւ ոչ միայն սկզբուքներ ցանկագրող ծրագիրներով, որոնք հիմնաւորուէին տուեալ կուսակցութեան գաղափարներով։ Գաղափարը, քաղաքական յստակ վարքագիծի իմաստով գաղափարը ցարդ կը մնայ մեծ բացական մեր վերանկախացած հայրենիքին մէջ։ Կուսակցութիւններ ընդհանրապէս անձնակեդրոն են, այսինքն՝ կը թաւալին անձի մը կամ քանի մը անձերու շուրջ, որոնք այս կամ այն ձեւով հմայք ստեղծած են։ Հետեւանքը կ՛ըլլայ այն, որ անհատի մը նշուլացումին հետ, իր կուսակցութիւնն ալ կը թոշնի ու կը գունաթափուի, յաճախ իրեն հետ տանելով առաւելագոյն կամ նուազագոյն բարի իրագործումները։ (Սա իւրայատուկ երեւոյթ չէ Հայաստանի համար, որովհետեւ զարգացման մէջ եղող կամ մեծ ուժերու ազդեցութեան ենթակայ երկիրներու մէջ նախընթացներ եղած են։ Կարելի է օրինակներ բերել արաբական եւ այլ երկիրներէ)։ Հայաստանի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան նման գաղափարական յստակ հիմունքներով ու ծրագիրներով գործող կուսակցութիւններու թիւը փոքր է, ոմանք ալ հեռու կը մնան քաղաքական գործող բեմէն, որովհետեւ բացայայտ իրողութիւն է այն, որ գրեթէ բոլոր կուսակցութիւններն ու քաղաքական խմբաւորումները տարուած են յետ-խորհրդայինեան «տեսութիւններով» ու կեցուածքներով։
Հարցականներ ստեղծող այլ վիճակ է այն, որ ընտրութեանց նախօրեակին, հրապարակ եկաւ մանկունակ «տրամաբանութիւն» մը, ըստ որուն, իշխանութեան հասնելիք կողմը պիտի ունենայ աթոռներուն 70 առ հարիւրը, իսկ ընդդիմադիրներուն բաժինը պիտի ըլլայ 30 առ հարիւրը։ Ու հարց կը ծագի, թէ ի՞նչ կրնայ ըլլալ, եթէ իշխանամէտ կողմ մը շահի, օրինակի համար, այնքան քուէ, որ իրեն ապահովէ աթոռներուն 75-80 առ հարիւրը, կամ՝ չկարենայ ապահովել 70 առ հարիւրին համապատասխան աթոռներ։ Նման «տարազ» ինքնին չ՛ենթադրեր ընտրութեանց արդիւնքին կանխորոշում, ընթացք՝ որուն տրամաբանութեան դէմ է սկսած շարժումը…։ Կայ նաեւ այլ հարց. նոր խորհրդարանին մէջ ինչպիսի՞ պատկեր պիտի ստեղծուի ընտրութիւններուն արդիւնքին հիմամբ. այսինքն, ընդդիմադիր պիտի ըլլա՞ն այնպիսի ուժեր, որոնք երէկ իշխանութեան կողքին էին եւ ընտրութեանց մասնակցեցան այլ ցանկերով, կամ՝ կուսակցութիւններ, որոնք հազիւ 2-3 ամսուան կեանք ունին եւ կը նաւարկեն իշխանութեան ստեղծած հովերուն ուղղութեամբ, ներկայանալով իբրեւ այլախոհ (այս հարցումները կրնան ժամանակավրէպ ըլլալ 9 Դեկտեմբերէն ետք, երբ նոր խորհրդարանին աթոռներու բաժանումը-բաշխումը յստակացած ըլլայ, սակայն այս նշումը կը կատարենք նախօրեակին, այն տրամաբանութեամբ, որ սա ժամանակի հարց չէ, նախընթացներու ականատես եղած ենք այլ երկիրներու մէջ ալ, երբ իբրեւ մենատէր կամ միակուսակցական քննադատուող վարչախումբեր իրենց կողքին ստեղծած են խմբաւորումներ եւ կուսակցութիւններ, որոնք խորհրդարանին մէջ ստանձնած են ընդդիմադիրի դերակատարութիւն, ըստ էութեան մեծ տարբերութիւն չունենալով զիրենք մէջտեղ բերող վարչախումբէն)։
***
Անկախութեան վերահաստատումէն ետք, անցած է աւելի քան 27 տարի։ Այս ժամանակը պէտք է մեզ հասցուցած ըլլայ այն հասունութեան ու փորձառութեան, որ ԵՐԿԻՐ ԿԱՌԱՎԱՐԵԼԸ ԴԻՒՐԻՆ ԳՈՐԾ ՉԷ, չի նմանիր դպրոց, թերթ, եկեղեցի, առեւտրական հաստատութիւն կամ գործարան կառավարելու, որովհտեւ երկիրը աւելի՛ն է, քան յիշեալ ու նման բաղկացուցիչ տարրերը։ Երկիրը մանր, միջին ու մեծ ճարտարարուեստ է, ներքին ու արտաքին առեւտուր է (Հայաստանի մէջ ճնշող նորաձեւութիւն է խօսիլ «պիզնէս»ի տրամաբանութեամբ. «պիզնէս բանանք», «պիզնէս զարգացնենք», «դուրսէն պիզնէս բերենք» եւ այլն, մինչդեռ պիզնէսին չափ կարեւոր այլ գործօններ կան երկրի մը բարգաւաճումը ապահովող), երկրագործութիւն ու գիւղատնտեսութիւն է, շինարարութիւն է, ներառեալ ճամբաներու շինութիւն ու յարատեւ նորոգութիւն, գիտութիւն ու միտք է, կրթութիւն ու մշակոյթ է՝ բառին ամէնէն համապարփակ առումով, ներառեալ քաղաքական ու դիւանագիտական մշակոյթը, ու տակաւին՝ շատ աւելին։
Երկիր կառավարելը նաեւ քաղաքական հասունութիւն ու շրջահայեացութիւն կը պահանջէ, գոյացած փորձի օգտագործում, մինչեւ իսկ եթէ այդ փորձը կու գայ մրցակից-ընդդիմադիրէդ։ Այստեղ կ՛արժէ փակագիծ մը բանալ եւ լուսարձակի տակ առնել Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ առկայ՝ մանկունակ այլ մտածողութիւն մը, որ բարձրաձայն հնչեց ընտրապայքարի օրերուն, ընդհանրապէս «չսիրած կողմերը» ստորագնահատելու եւ քննադատելու իշխանութեան բանբերներուն ու դրօշակիրներուն կողմէ։ Հարցը կը վերաբերի քաղաքական դաշինք եւ կառավարական դաշնութիւն՝ քոալիսիոն հասկացութիւններուն։ Տեղ մը շփոթ ու անգիտութեան շղարշ կայ։ Ընտրական դաշինքը ընդհանրապէս մարտավարական գործիք է, կուսակցութեան մը հետ գործակցելու, որոշ նպատակ մը իրագործելու, օրինակ՝ ընտրապայքար մղելու-շահելու համար։ Հոս կայ նուազագոյն նախապայման մը. դաշինքին մէջ գործակցողները գոնէ մօտեցումի-մտածողութեան ու հետապնդուած շահերու որոշ նմանութիւն կ՛ունենան, իսկ տուեալ հանգրուանէն ետք, կրնան ընտրական դաշինքին վերջ տալ։ Անդին, երբ երկիրը հասնի նոր կառավարութեան մը կազմութեան հանգրուանը, կը ստեղծուի դաշնութիւն՝ քոալիսիոն կազմելու հարկադրանք։ Մեծամասնութիւն կամ առաւելութիւն ունեցող կուսակցութիւնը կը դիմէ այլ կուսակցութեանց, միասնաբար դիմագրաւելու համար երկիրը վարելու մարտահրաւէրները։ Բազմակուսակցական դաշնութեան մը անդամները չեն պայմանաւորուիր միամտածողութեամբ, որովհետեւ կառավարութեան մէջ իսկ բազմակարծութիւնը ժողովրդավարութեան էութենէն կը բխի եւ կրնայ նախարար մը կամ դաշնութկեան անդամ կուսակցութիւն մը հակադրել միւսներուն ու խումբի պետին։ Տակաւին, հազուադէպ չեն պարագաներ, երբ մեծամասնութիւն ունեցող կուսակցութեան անդամներ անգամ հակադրուին վարչապետին ու մեծամասնութեան, կրնան հրաժարիլ կառավարութենէն եւ իրենց կուսակցութեան մէջ կազմել ներքին ընդդիմութիւն (նորագոյն օրինակները եղան Բրիտանիոյ վարչապետին հակադրուող նախարարներ, Եւրոպական Շուկայէն քաշուելու անոր քաղաքականութեան առիթով, իսկ Ֆրանսայի մէջ նախագահ Մաքրոն կորսնցուց քանի մը սկզբնապէս համախոհ նախարարներ։ Կարելի է այլ օրինակներ ալ թուել, ցոյց տալու համար, թէ նման պարագաներու դաշնութիւններ անպայման չեն խզուիր կամ անդամները չեն վերածուիր ոխերիմ թշնամիի…։ Հայաստանի մէջ, ընտրապայքարի օրերուն որոշ կուսակցութիւններու դէմ մեղադրանքներ ու պարսաւներ արձակուեցան, որովհետեւ անոնք մաս կազմած են դաշնութիւններու, կամ նոր դաշնութեան մէջ ըլլալով հանդերձ, իշխանաւորէն տարբեր կարծիք ունեցած են։ Երբ մինչեւ իսկ կուսակցութեան մը մէջ կարելի է ունենալ տարակարծիք կողմեր, ի՞նչն է որ կ՛արգիլէ կառավարութեան մը դաշնութեան մէջ եղողներու՝ ունենալ սեփական կարծիք։ Ուրեմն, արդարացում չի կրնար ունենալ այն տրամաբանութիւնը, թէ՝ որովհետեւ հակառակորդիս հետ դաշինք կնքած ես, պէտք է վտարուիս քաղաքական բեմէն, գործ չունիս նոր խորհրդարանին ու կառավարութեան մէջ։ Անդին, ճգնաժամ դիմագրաւող երկիրներու մէջ յաճախ դաշնութիւն գոյացած է ծայրագոյն հակադիրներու միջեւ, որոնց շահերը, յամենայնդէպս, կը կառավարուին երկրի ու ժողովուրդի շահերէն, եւ ոչ թէ ներշնչում կ՛ունենան արտաքին հոսանքներէ։
***
Նորագոյն դարաշրջաններուն, Ֆրանսական Յեղափոխութիւն(ներ)ը եղած են բազմապիսի այլ յեղափոխութիւններու ներշնչումի աղբիւր՝ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան դրօշակիրի իմաստով։ Յեղափոխութիւններ յաճախ ճամբայ ելած են ազնուագոյն նպատակներով, սակայն կարճ ատեն ետք չարաշահումի դաշտ բացած են ու ինքնավիժումի հասած, իսկ ուրիշներ յառաջատուական զարգացումի առիթ ծառայած են։ Ժողովրդավարութիւնն ալ, հին Յունաստանէն մինչեւ Հռոմ ու այլ դարաշրջաններ, ապրած է իր եղելոյթը, զարգացման հոլովոյթը, յաճախ նաեւ անոր անունով ոճիրներ գործուած են ու երկիրներ-ժողովուրդներ վնասի ենթարկուած։
Այսօր, «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» ամիսներ ետք, Հայաստան դէմ յանդիման կը գտնուի մեծ հարցերու եւ հարցականներու։ Եթէ միայն թուենք խորագիրները, գոնէ պէտք է արձանագրենք Արցախը, Հայաստանի շրջափակումը, տնտեսութեան հզօրացումը, պաշտպանական մարզը, ժողովուրդի կենսամակարդակի բարելաւումն ու ընկերային տագնապներու դարմանումը, արտագաղթին իսկական կասեցումը եւ տունդարձի ալիքին բարձրացումը, մշակոյթի պահպանումն ու զարգացումը, հայերէնի մաքրութեան ու օտարաբանութեան ախտէն ձերբազատումի «մանր հարցեր»ը։ Ասոնք հիմնական հարցերուն միայն գլխաւորներն են։ Այս համայնապատկերը նկատի ունենալով է որ քիչ առաջ արձանագրեցինք, թէ երկիր կառավարելը դիւրին գործ չէ, իսկ աւելի կանուխ ընդգծեցինք, որ երկիր կառավարելը կը կարօտի իշխանութեան, գործակիցներուն եւ անոնց հակադրուածներուն միջեւ գործակցութեան տարազներու որոնում։ Խորհրդարան մուտք գործող թէ դուրս մնացած կուսակցութիւններ ու քաղաքական խմբաւորումներ հաւասարապէս պատրաւոր են ներդրում ունենալու երկրի բարելաւման գործին մէջ, որպէսզի Ապրիլին սկիզբ առած յեղափոխութիւնը մնայ իր հունին մէջ, վերածուի բոլոր կարողութիւններն ու կարողականութիւնները մէկտեղող գործօնի։ Երկիրը պէտք է վերածել տարբեր երաժշտական գործիքներով մարմնաւորուող համանուագի մը, ուր ամէնէն փոքր սրինգն անգամ ունի իր անփոխարինելի տեղը։ Հայաստանի ու ժողովուրդին բոլոր իրաւունքներուն արդար իրականացման ի խնդիր պայքարը, աշխատանքը կը կարօտի ոչ միայն քաղաքական խմբաւորումներու, այլ նաեւ իւրաքանչիւր հայու ներդրումին, որովհետեւ վերանկախացումէն ասդին ու ցնոր տնօրինութիւն, հայութեան բոլոր կարողութիւններուն մէկտեղումն իսկ կրնայ բաւարար չըլլալ ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներու դիմակալման, մինչդեռ կը յայտարարենք, որ վճռած ենք նոր նահանջներ ու կորուստներ չունենալ հայրենի հողին վրայ թէ սփիւռքի տարածքին…
Նոր ազգային ժողովը պէտք է գործէ այն ոգիով, որուն երբեմն ականատես կ՛ըլլանք ոտնագնդակի մրցումի մը պահուն, երբ մրցակիցը հարուածելէ ետք՝ մարզիկ մը կը մօտենայ անոր եւ վեհանձնաբար ձեռք կ՛երկարէ՝ զայն ոտքի կանգնեցնելու համար։ Նոր խորհրդարանի կազմութիւնը պէտք է մեկնակէտը ըլլայ այնպիսի դրական զարգացումներու, բաժանուածութիւններու դարմանումի ու մասնակի շահերու դրժումի, որ ասկէ 5, 10, 50 կամ աւելի տարիներ ետք հասակ առնող սերունդները այս օրերը դիտեն իբրեւ իսկակա՛ն բարեշրջումի, ազնի՛ւ յեղափոխութեան մը շրջանը, ինչպէս որ մենք հիմա անդրանիկ հանրապետութեան որոշ իրագործումներով կը հպարտանանք ու զանոնք կը նկատենք անփոխարինելի հիմնաքարեր-մեկնակէտներ։ Այլապէս, տասնամեակներ ետք, այս օրերը կրնան ինքնախարազանումի եւ քննադատութեան նիւթ ըլլալ, այնպէս՝ ինչպէս եղան վերանկախացումին յաջորդած կարգ մը փուլերը։
***
…Երեւանի 2750ամեակին առիթով իր ներբողականին մէջ, Սեւակ արդարօրէն արձանագրած էր. «Անկատար տենչեր ունենք դեռ շատ…»։ Այսօր ալ բազմաթիւ անկատար տենչեր ունինք ազգովին, հայ կեանքի բոլոր բեմերուն վրայ։ Այսօրն ու ապագան ճիշդ հունաւորելու համար, հա՛յօրէն ապրող ու գործող քաղաքական ուժերուն ու խմբաւորումներուն կողքին, կենսական կարեւորութիւն ունի մանաւանդ իրա՛ւ մտաւորականութեան դերակատարութեան վերականգնումը. մեր բազմահանգրուան զարթօնքները կերտած մտաւորականները հրաւէրի կամ հովանաւորչութեան չեն սպասած՝ ուղեցոյց փարոսներ կանգնելու համար քաղաքական ղեկավարութեան ու յատկապէս երիտասարդներու թրծումին նպատակով։ Նոր Ազգային ժողովի հունաւորման մէջ, նման փարոսներու կարիքը ունինք նաեւ այսօ՛ր, որպէսզի լուսաւորուին մեր ներքին ու արտաքին աշխատանքի անդաստանները, խօսքի ու խոստումներու փուլէն՝ անցնինք հայրենաշէն ու ժողովրդակերտ ԳՈՐԾի փուլ, ու հայութեան նաւը կերտէ սեփական ուղին՝ մասնաւորաբար արտաքին հովերէ չխրախուսուելու կամքով, չվերածուի հնատիպ ժամացոյցի ճօճանակի, որ կը տատանի զինք աջէն ձախ կամ հակառակ ուղղութեամբ շարժող ալիքներու վրայ, այլ գտնէ հաւասարակշիռ ընթացք ու ներքին ու արտաքին գործօնները ի շահ Հայաստանին ու մեր ժողովուրդին լծելու ունակութիւն։
Նման հաւասարակշռութեան գոյացման համար, պէտք չէ սպասենք երկար ժամանակ, մանաւանդ պէտք չէ մատնուինք հիասթափութեան ու ենթակայ ըլլանք ընտրութիւններու օրերու նախօրեակին ուրուագծուած՝ բաժանուածութեան խորացման։
6-8 Դեկտեմբեր 2018