ԱՐՄԷՆ ԿԱՐՕ ՀԱՅԹԱՅԵԱՆ
Լիբանանի 1970ական թուականներու քաղաքացիական պատերազմին, ըստ հայոց ճակատագրին, գաղթականութիւնը մեզ ալ վիճակուեցաւ: 1976 Սեպտեմբերին իջանք Լոս Անճելըսի օդակայանը: Պետական թուղթերու ու պայուսակներու քննութենէ ետք ելանք դուրս, հոն մեզ դիմաւորելու եկած էին ընտանեկան պարագաներս եւ անմիջական բարեկամներ:
Բարեկամներս բարի գալուստ մաղթելէ ետք ցտեսութիւն ըսելով, վերադարձան իրենց տուները: Ես աղջկաս հետ նստայ մեզ դիմաւորած եղբօրս ինքնաշարժը, տիկինս եւ տղաս քրոջս ինքնաշարժը: Վերջապէս հասանք տուն:
Հազիւ տուն մտած քահ-քահ մը տիկնոջս եւ քրոջս կողմէ: Ինչո՞ւ այսքան կը խնդաք հարցուցի: Այսպէս, պատասխանեց տիկինս: Տղաս, որ այդ ժամանակ երեք ու կէս տարեկան էր, ճամբուն վրայ տեսեր էր սեւամորթ մը՝ կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով: Սեւամորթը տեսնելուն պէս մօրը կ՛ըսէ. «Նայէ մայրիկ այս մարդը որքան աղտոտ է, բնաւ չէ լոգցեր»:
Ա~յ սիրուն տղաս, ըսի վաղը շատ կը տեսնես այդ մարդոցմէ, ջանացի բացատրել, թէ անոնք աղտոտ չեն, այլ մորթի գոյնն է:
Երեք օր Կիրակի էր, եղբայրս առաջարկեց մեզ տանիլ Լոս Ֆելիսի փարք, հոն ՀՄԸՄի սկաուտները Ֆուլի նախաճաշ կազմակերպած էին եւ ուր կրնայինք հանդիպիլ հին ընկերներու: Իրաւ ալ առաջին ծանօթը որ մօտեցաւ հարցուց՝ հա~յ Կարօ, ե՞րբ եկար: Երեք օր առաջ, պատասխանեցի: Ինչպէ՞ս սիրեցիր մեր Ամերիկան: Նորեկ եմ, ըսի, դեռ ժամանակ կ՛ունենամ Ամերիկան ճանչնալու:
Ծանօթիս հեռանալէն վերջ կը մտածէի, թէ ե՞րբ Ամերիկան մերն է եղեր, որ չէի գիտեր:
Մի քանի վայրկեան ետք ուրիշ ընկեր մը վազելով քովս կու գայ: Մի քանի քայլ հեռաւորութեան կանգ կ՛առնէ. աչքերը ջրոտած են, մօտենալով կ՛ողջագուրուի հետս հարց տալով՝ Կարօ ճան, ո՞ղջ ես, մեռած ես ըսին, Ֆարայյա գիւղի բարձունքին քեզ սպաներ են ըսին:
Շիտակ են ըսած, պատասխանեցի, բայց քու տեսած Կարօն չէր, այլ ուրիշ Կարօ մը, որուն հետ երկու եղբօր թոռներ ենք եղած: Կարօ շատ ուրախ եմ քեզ ողջ տեսնելով, ըսաւ ընկերս:
Այդ այցելութեանս հանդիպեցայ նաեւ ինծի ծանօթ Պարգեւ Շիրինեանի զաւկին՝ Ռազմիկին, որ սկաուտներու ընդհանուր խմբապետն էր: Ան ինծի առաջարկեց աշխատիլ սկաուտական խորհուրդի մէջ: Չմերժեցի, իսկ խորհուրդի կազմը, նկատի ունենալով իմ տարիներու փորձառութիւնը այդ մարզէն ներս, իբրեւ երէց եղբայր զիս ընտրեց խորհուրդի ատենապետ: Այս եղաւ մուտքս Ամերիկայի մէջ միութենական կեանքի:
Կիրակի օր մըն էր, «Ասպարէզ» եռօրեայ թերթի բաժանորդագրութեան անդամակցելու թղթիկը տուին, որ լեցնեմ: Ցանկութիւնս ալ այդ էր, ունենալ թերթ կամ գիրք, որպէսզի ժամանակս հաճելի անցընեմ:
Երբ կ՛ուզէի բաժանորդագրութեան հարցարանը լեցնել նկատեցի, որ հարցումները անգլերէն էին, ոչ մէկ հայերէն գիր, իսկ ես անգլերէն գրել չէի գիտեր, հազիւ թէ քիչ մը խօսիլ կրնայի:
«Ասպարէզ»ի հասցէին նամակ ուղարկեցի, խնդրելով դիմումնագիրին մէջ մաս մըն ալ հայերէն աւելցնել:
Սեպտեմբերէն հասանք նոր տարի, չստացայ հայկական որեւէ միութենէ կամ կուսակցութենէ օրացոյց մը. սա ցաւ էր սրտիս: Կաղանդէն երկու շաբաթ առաջ կը հանդիպիմ ՀՄԸՄի ակումբէն ներս ողբացեալ Յակոբ Օվայեանին, որ շրջանի կոմիտէի ներկայացուցիչն էր: Ան սեղմելով ձեռքս եւ ուսիս թափ տալով կը շնորհաւորէ զիս, նամակիս համար, որ ուղարկած էի օրացոյցի առնչութեամբ, խոստանալով անպայման յաջորդ տարի օրացոյց տպել:
Երկու տարի ետք խմբապետ Ռազմիկ ուսանելու պատճառով կը հեռանար իր պաշտօնէն, թողելով շատ եռանդուն եղբայր Զարեհին: Ծնունդը մօտ ըլլալով կանչեցի արի եւ արենուշ խմբապետները, որպէսզի ծնունդի առթիւ պտըտին հայոց տուները եւ Ծնունդը շնորհաւորեն, միաժամանակ նուիրատուներէն ապահովելով փոքր եկամուտ մը: Առարկեցին առաջարկիս, ըսելով ըսելով, թէ Ծնունդի երգերը գիտցողներու թիւը սահմանափակ է եւ ժամանակ չկայ ուրիշներ սորվեցնելու: Ըսի ինչու չէ, ունինք մօտ ամիս մը սորվեցնելու, ես կը խօսիմ Վալիի վարդապետ Հայր Մանճիկեանին հետ, որ գայ սորվեցնէ երգերը: Ապշեցան ամիս մը լսելով, խորհելով Ծնունդը Դեկտեմբերի 24ին է, իսկ իմ մտքինս 6 Յունուարն էր:
Այդպէս ալ եղաւ: Մինչեւ 6 Յունուար երգերը սորվեցան եւ երեք խումբերու բաժնուած շրջեցան հայերու տուները:
Ակումբին մէջ ես իրենց վերադարձին կը սպասէի, որպէսզի ստանձնեմ նուիրատուներէն բերուելիք գումարները: Ինծի անակնկալ եղաւ երբ ժամը 10ին առաջին խումբը վերադարձաւ: Հարցուցի ինչո՞ւ այսքան շուտ վերադարձաք: Պատասխանեցին՝ եղբայր Հայթայեան ժամը արդէն 10ը անց է, գիշերուան այս ժամէն ետք արգիլուած է նուագելով կամ երգելով աղմկել, օրէնքը խախտած կ՛ըլլանք: Ու ես նոր կ՛անդրադառնայի, որ հոս ոչ Լիբանան էր, ոչ Սուրիա կամ Կիպրոս, ուր Ծնունդի աւետիսը կ՛երգէին մինչեւ առաւօտ:
Կիրակի օր մը, երբ ակումբ կը գտնուէի, ծերունի կին մը մուտք գործեց ներս եւ խնդրեց պատասխանատու մը տեսնել: Ըսի մայրիկ եթէ խնդրանք կամ հարց մը ունիս խօսէ: Ըսաւ, թէ կ՛ուզէր տեսնել այն պատասխանատուին, որ Լուսաւորչական ծնունդի օրը սկաուտ եւ արենուշ խումբ ղրկած էր մեր ծնունդը շնորհաւորելու: Ըսի՝ այդ անհատը ես եմ: Ծերունին մօտեցաւ ինծի ձեռքը երկարեց վիզիս, զգացի միտքը, համբուրեց ճակատս ու ըսաւ՝ եաւրուս տարիներ է Ամերիկա կ՛ապրիմ եւ այս առաջին անգամ ըլլալով Յունուար 6ին Ծննդեան աւետիսը տուին մեզ, շատ ուրախացայ: Բարեմաղթանքներ տալով ծերունին հեռացաւ ակումբէն:
Մինչ այդ Լոս Անճելըսի մէջ ՀՄԸՄը ունէր միայն Հոլիվուտի շրջանին մէջ միայնակ շրջան մը: Պարսկաստանի վերիվայրումներու շրջանին, բազմաթիւ ազգակիցներ եկան հաստատուելու Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըսի շրջանի Կլենտէյլ քաղաքը ու ցանկացան կազմել շրջանի «Արարատ» մարզական եւ սկաուտական կառոյցները: Մինչ այդ շրջանս աշխատանք տարած էր Կլենտէյլի մէջ մասնաճիւղ հիմնելու: Եղբ. Զարեհի առաջնորդութեամբ արդէն նշանակուած էին այդ շրջանը ապրող մի քանի պատասխանատու սկաուտ թէ արենուշ: Անջատ ՀՄԸՄի մը ստեղծումը պիտի խոչընդոտէր շրջանի աշխատանքները: Խորհրդակցութեան կանչեցինք «Արարատ»ի կազմակերպիչները, լուսաբանութիւններ տուինք կացութեան մասին եւ առաջարկեցինք միասնաբար կազմել «Արարատ»ի մասնաճիւղը՝ Շրջանային վարչութեան հովանիին տակ: Առաջարկը ընդունելութիւն գտաւ եւ շրջանը կարճ ժամանակ ետք փայլուն յաջողութիւններ արձանագրեց իր գործունէութեան մէջ:
Միութեան երրորդ շրջանի մը կազմակերպման վայրը Վալին էր: Կիրակի մը, եղբայրներ Ստեփան Պաղպուտարեան եւ Կարօ Հայթայեան կ՛երթան Վալիի Ֆերահեան դպրոցի բակը ու շրջանի հայրենակիցներէն 35 ստորագրութիւն կը հաւաքեն, որոնք կը խոստանային թիկունք կանգնիլ շրջանին մէջ նոր մասնաճիւղի մը ստեղծման պարագային: Դիմումնագիրները կ՛ուղարկուին Շրջանային վարչութեան, զոր իր համաձայնութիւնը կը յայտնէ: Մինչ այդ Հոլիվուտի շրջանէն երկու վարիչ սկաուտներ, որոնք մեծ հաճութեամբ կ՛արտայայտուէին արդիւնքի մասին ու իրապէս ալ, կարճ ժամանակէն շրջանին մէջ կը կազմուի ՀՄԸՄի մասնաճիւղ:
Քիչ ժամանակ անց Թորընս շրջանի համակիրներէն կը ստանանք նամակ մը, ուր փափաք կը յայտնեն մասնաճիւղ մը ունենալու շրջանէն ներս, որու համար կը սպասէին մեր օժանդակութեան: Առաջարկը իրականացաւ, ու այս ընթացքով ուռճացաւ ՀՄԸՄը, իր մասնաճիւղերու թիւը հասցնելով 25ի, իսկ անդամներունը՝ հազարներու: ՀՄԸՄը իր կազմութեան առաջին տարիէն ունեցաւ իր Նաւասարդեան Ողիմպիական խաղերը աւելի քան 40 տարի առանց ընդհատումի:
Վերջերս մենք տօնեցինք նաեւ ՀՄԸՄի 100ամեակը Մայր Հայաստանի հողին վրայ, հոգեկան մեծ հրճուանք պարգեւելով մանաւանդ անոնց, որոնք ապրած են անոր շարքերէն ներս: Այս պահուն շարժապատկերի մը շարունակականութեամբ կ՛երազեմ այն տարիները, որ ապրեցայ ՀՄԸՄի ընտանիքէն ներս: Պատանեկան տարիքիս արդէն մաս կը կազմէի սկաուտական շարքերուն: Դժուար էր քալուածքի կամ հագուածքի տարբերութիւն մը կռահել: Քալուածքը եւ բարեւելը շատ կարեւոր կը նկատէին մեր աստիճանաւորները:
1944 եւ 1945 տարիներուն եղած եմ Հալէպի Ողիմպիականի մասնակիցներէն իբրեւ սկաուտ ու հիացած եմ Հալէպի սկաուտներու նուագախումբով, այնքան գրաւիչ ու ազդեցիկ, որ այդ երկրի լաւագոյնը կը համարուէր: Կը յիշեմ նաեւ երբ Նոր Գիւղի շրջանը գտնուող «Աճուրլուխ» կոչուող հողաշերտը մէկ շաբթուայ մէջ մաքրելով, ոտնագնդակի դաշտի վերածեցին, որուն բացումը կատարեց Զարեհ Եպիսկոպոս, յետագային՝ կաթողիկոս Կիլիկեան Աթոռի: Յիշատակութեան արժանի են նաեւ Պէյրութի ոտնագնդակի, պասքեթպոլի եւ հեծանիւի տղաքը, որոնք կը ճակատէին Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելեան երկիրներու լաւագոյններուն հետ, երբեմն փայլուն յաղթանակներով, ՀՄԸՄի եւ հայուն փառքը պանծացնելով:
Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր
ՀՄԸՄ դուն պարծանքն ես ողջ հայութեան:
Հրայր Եւ Աստղիկ Թէճիրեան
Կը մաղթենք, որ այս Նոր Տարուան ընթացքին
մարդկութեան հորիզոնին վրայ խաղաղութեան
ծիածանը երեւելի դառնայ
Շնորհաւոր Նոր Տարի Եւ Ս. Ծնունդ
Կը Մաղթենք Ձեզ Երջանիկ Տօն Եւ Ուրախ Տարի
www.robertscateringservice.com
818-848-8337