ՀՄԸՄի սկաուտական բաժանմունքի աշխատանքներու գլխաւոր առանցքը բնութիւնն է, որուն պաշտպանը հանդիսանալու պարտաւորութիւնը ունի իւրաքանչիւր սկաուտ:
Բնութեան գեղեցկութիւնը վայելելու եւ անոր խորապէս ծանօթանալու հեռանկարով, սկաուտական կեանքին մէջ կարեւոր են արշաւ-բանակումները, մասնաճիւղային, միջ-մասնաճիւղային, համա-գաղութային եւ մանաւանդ համա-ՀՄԸՄական բանակումները, որոնց ընթացքին անոնք շրջանի եւ աշխարհատարած շրջաններէ համախմբուած քոյր-եղբայրներուն կը ծանօթանան, կը գործակցին ու գիտելիքներու փոխանակումներ կը կատարեն:
Բնական է, նման աշխատանքներու համար կարեւոր են յարմարաւէտ բանակավայրերը: Քառասուն տարիներ երկրի զանազան բանակավայրերը օգտագործելէ ետք, վերջապէս ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանը 2007 թուականին ունեցաւ իր բանակավայրը Քըրն գաւառի (Kern County) Ֆրէյժըր Փարք շրջանին մէջ, 24 արտավայր (acre) տարածութեամբ:
Այս բանակավայրը իրականութիւն դարձաւ հանգուցեալ եղբ. Երուանդ Սիսեանի ՀՄԸՄին ժառանգած կտակին շնորհիւ, որուն համար երախտապարտ է շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը:
Այս գեղեցիկ ժեստը մեծապէս գնահատելու եւ բանակողներուն յիշեցնելու համար եղբ. Սիսեանի անգնահատելի նուիրումը ՀՄԸՄին, բանակավայրի կեդրոնը զետեղուած է անոր կիսանդրին: Մեր բանակողները ամէն բանակումի իրենց յարգանքը կը մատուցեն կտակարարի յիշատակին, որ յանուն հայ երիտասարդութեան դաստիարակութեան, իր ամբողջ ունեցուածքը ժառանգած էր ՀՄԸՄին:
Այս նախաձեռնութիւնը մեծ ոգեւորութիւն ստեղծեց շրջանի ՀՄԸՄի ընտանիքէն ներս: Երկար տարիներու երազանքը վերջապէս իրականութիւն դարձաւ: ՀՄԸՄի սկաուտական ղեկավարները իրենց բանակումներուն համար բանակավայրեր ապահովելու հեւքոտ փնտռտուքին մէջ չեն այլեւս: ՀՄԸՄի Թքույա բանակավայրը գրկաբաց կ՛ընդունի շրջանի բոլոր բանակողները:
Բանակավայրը նախապէս Ամերիկեան Արենուշներու խորհուրդին պատկանելով, բանակումներ ընդունելու յարմարաւէտ պայմանները ունի. վրաններու բաժին, խոհանոց, սրահ, տնակներ, լողաւազան, նետ ու աղեղի վայր, ձիարշաւի բաժին, դրօշակի արարողութեան տարածք եւ այլ կարեւոր յարմարութիւններ:
Անցնող տասնամեակին, բանակավայրի պահպանութեամբ զբաղեցան նշանակուած յանձնախումբեր, որոնք իբրեւ բնութեան սիրահարներ մեծ հոգատարութիւն ցուցաբերեցին տարածքին, հարկն ու պատշաճը կատարելով: Որոշ ժամանակ մը բանակավայրը ունեցաւ մնայուն, լիաժամ գործող հոգատար, վերջին տարիներուն՝ կիսաժամ: Շրջանային վարչութիւնը ինք ստանձնեց հոգատարութիւնը, ամբողջ աշխատանքը վստահելով իր ժրաջան անդամներէն եղբ. Պերճ Պետոյեանին:
Բանակավայրի գնման եւ անոր հոգատարութեան մէջ իրենց մեծ բաժինը բերին նաեւ հետեւեալ ՀՄԸՄականները.
Փիեռ Մանուկեան
Պերճ Պետոյեան
Փօլ Պաշգապագեան
Փօլ Տէրտէրեան
Զարեհ Մովսէսեան
Շահիկ Աղապապեան
Լոնի Մանուկեան
Էմիլ Տէր Գէորգեան
Հրայր Պօյաճեան
Սամ Մանուկեան
Պերճ Ճամճեան
Սթիւ Արթինեան
Սալբի Ճէճէեան
Բանակումի յադարանքին, ընդհանուր մաքրութեան եւ նորոգութիւններու համար յատուկ արշաւներ կազմակերպուեցան, որուն մասնակցեցան ներկայ անդամ արի-արենուշներ եւ անցեալի խմբապետներ:
Շրջանի մասնաճիւղերը հաճոյքով իրենց տարեկան բանակումները կ՛իրագործեն ՀՄԸՄի Թքույա բանակավայրէն ներս: Չորս տարին անգամ մը կազմակերպուող շրջանի ՀՄԸՄի ընդհանուր բանակումները եւս կը կազմակերպուին այս բանակավայրին մէջ: Կարգ մը մասնաճիւղեր նաեւ ընտանեկան բանակումներ կը կազմակերպեն հոն:
Վերջապէս, ՀՄԸՄի Թքույա բանակավայրը ՀՄԸՄի Սկաուտական բաժանմունքի երկրորդ տունն է:
Տէր եւ Տիկ. Նշան եւ Ռուբինա Փիրումեան
Իրենց Սրտագին
Մաղթանքներով Կը Շնորհաւորեն
Ձեր Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը