Չորս տարիներէ ի վեր, ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը, ՀՄԸՄի հիմնադրութեան ամսուան (Նոյեմբեր 16) մօտակայ թուականի մը, յատուկ ձեռնարկ մը կազմակերպելով՝ կը նշէ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան օրը, որպէսզի, առաջին հերթին, երախտագիտութիւն յայտնէ անոր հիմնադիրներուն, որոնք նման երիտասարդական եւ ազգապահպան կազմակերպութեան հիմը դրին՝ հայ պատանի-երիտասարդները համախմբուած պահելով եռագոյն դրօշին տակ: Կազմակերպութիւն մը, որ հաստատ հիմերու վրայ դրուեցաւ եւ յատկապէս առաջին տարիներուն մեծապէս նպաստեց որբացած սերունդներու հոգեկանը բարձրացնելու եւ զանոնք բնականոն կեանքի առաջնորդելու սրբազան գործին:
ՀՄԸՄի օրը կը նշուի նաեւ, որպէսզի անոր անդամները հպարտանան, որ մաս կը կազմեն այն հսկայ կազմակերպութեան, որ ամբողջ մէկ դար շարունակ ազգային դաստիարակութիւն տուաւ եւ առողջ միջավայր ստեղծեց հայ ժողովուրդի նորահաս սերունդներուն, իր մարզական եւ սկաուտական շարքերուն ընդմէջէն:
ՀՄԸՄի Օրը առիթ է նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելու ՀՄԸՄի անցեալի եւ ներկայի ղեկավարութեանց, որոնք հոգատարութեամբ մօտեցան եւ կը շարունակեն մօտենալ այս միութեան անդամներուն եւ որդեգրուած բոլոր ծրագիրներուն, որպէսզի հայ պատանի-երիտասարդները ազգային գիտակցութեամբ մեծնան եւ նուիրումով ծառայեն իրենց ազգին ու հայրենիքին:
ՀՄԸՄի Օրը վերջապէս առիթ մըն է, որ շրջանի ՀՄԸՄի բարձրագոյն՝ Ծառայութեան շքանշանով, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան Արտակարգ պատուանշանով պարգեւատրէ շրջանի ՀՄԸՄի մասնաճիւղերուն մէջ տքնաջան գործող անդամներն ու բարերարները:
Նախատեսուածը ՀՄԸՄի անդամներու աշխատանքը արժեւորելու գեղեցիկ ձեռնարկ մըն է, որ նաեւ բարի օրինակ կը հանդիսանայ ՀՄԸՄի նորահաս սերունդներուն:
Ցարդ կազմակերպուած ՀՄԸՄի Օրուան չորս ձեռնարկներուն ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան Արտակարգ պատուանշանին արժանացած են հետեւեալ քոյր-եղբայրները.
Աշխէն Փիլաւճեան (2015)
Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան (2016)
Շանթ Հայթայեան (2017)
Վարուժ Միրզայեան (2018)
ՀՄԸՄի Ծառայութեան Շքանշանին արժանացած են հետեւեալ քոյր-եղբայրները.
2015 Տարեշրջանին
Քոյր Անի Հինտոյեան, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ
Եղբ. Վահան Տէրունեան, ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղ
Եղբ. Արա Ճիկէրեան, ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղ
Եղբ. Մանուկ Զէյթունեան, ՀՄԸՄի Մոնթեպելլոյի մասնաճիւղ
Եղբ. Յակոբ Ղազարեան, ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ
Եղբ. Յուսիկ Ղուկասեան, ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
Եղբ. Վիգէն Աբէլեան, ՀՄԸՄի Օրենճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղ
Եղբ. Քրիս Աբգարեան, ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» Մասնաճիւղ
Եղբ. Րաֆֆի Վարժապետեան, ՀՄԸՄի Սեն Տիէկոյի «Սեւան» մասնաճիւղ
Քոյր Շաքէ Գալայճեան, ՀՄԸՄի Ինլընտ Էմփայրի «Արազ» մասնաճիւղ
Քոյր Ռինա Չանչանեան, ՀՄԸՄի Սանթա Քլարիթայի «Անի» մասնաճիւղ
Եղբ. Պերճ Գասապեան, ՀՄԸՄի Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղ
Եղբ. Նորիկ Աբուլեան, ՀՄԸՄի Պըրպենքի «Սիփան» նասնաճիւղ
Եղբ. Յարութ Պօյաճեան, ՀՄԸՄի Ֆինիքսի մասնաճիւղ
Քոյր Լանա Գասապ, ՀՄԸՄի Ուոլնաթ Քրիքի «Կարս» մասնաճիւղ
Եղբ. Վաչէ Եագուպեան, ՀՄԸՄի Նորթ Հոլիվուտի «Ջաւախք» մասնաճիւղ
2016 Տարեշրջանին
Քոյր Սիւզի Իբէկեան-Մինոյեան, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ
Եղբ. Շահէն Աղապապեան, ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղ
Եղբ. Նշան Տէր Գալուստեան, ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» Մասնաճիւղ
Եղբ. Արա Եսայեան, ՀՄԸՄի Մոնթեպելլոյի Մասնաճիւղ
Քոյր Սօսի Սէմէրճեան, ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ
Եղբ. Անտրէ Փաշա, ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
Քոյր Զարուհի Տէր Դաւիթեան, ՀՄԸՄի Օրենճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղ
Եղբ. Օշին Յարութիւնեան, ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» Մասնաճիւղ
Եղբ. Քուինթ Չիմնիթց, ՀՄԸՄի Սեն Տիէկոյի «Սեւան» մասնաճիւղ
Քոյր Ռոզին Սաղեան, ՀՄԸՄի Ինլընտ Էմփայրի «Արազ» մասնաճիւղ
Եղբ. Հրայր Թաշճեան, ՀՄԸՄի Սանթա Քլարիթայի «Անի» մասնաճիւղ
Եղբ. Վարդգէս Շխրտըմեան, ՀՄԸՄի Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղ
Քոյր Եոլանտա Ղազարեան, ՀՄԸՄի Պըրպենքի «Սիփան» մասնաճիւղ
Եղբ. Կապի Խուրի, ՀՄԸՄի Ֆինիքսի մասնաճիւղ
Քոյր Արմինէ Մենզիկեան-Ժամկոչեան, ՀՄԸՄի Ուոլնաթ Քրիքի «Կարս» մասնաճիւղ
Եղբ. Համբիկ Շահինեան, ՀՄԸՄի Նորթ Հոլիվուտի «Ջաւախք» մասնաճիւղ
2017 Տարեշրջանին
Եղբ. Մհեր Դաւիթեան, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի Մասնաճիւղ
Եղբ. Ժանօ Քէրքէզեան, ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղ
Քոյր Սիմա Կարապետեան, ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ
Եղբ. Արա Մանկասարեան, ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
Եղբ. Վիգէն Տաքէսեան, ՀՄԸՄի Օրենճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղ
Եղբ. Յովիկ Պետեւեան, ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ
Եղբ. Վահէ Մանուշակեան, ՀՄԸՄի Սեն Տիէկոյի «Սեւան» մասնաճիւղ
Եղբ. Աւօ Քէշիշեան, ՀՄԸՄի Ինլընտ Էնփայրի «Արազ» մասնաճիւղ
Քոյր Մարալ Փանոսեան, ՀՄԸՄի Սանթա Քլարիթայի «Անի» ասնաճիւղ
Եղբ. Ռազմիկ Սիմոնեան, ՀՄԸՄի Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղ
Քոյր Զարուհի Փալթաճեան, ՀՄԸՄի Ֆինիքսի Մասնաճիւղ
Եղբ. Սագօ Շիրիքեան, ՀՄԸՄի Ուոլնաթ Քրիքի «Կարս» մասնաճիւղ
Եղբ. Վանսօ Օհաննէս Ճէնէպեան, ՀՄԸՄի Նորթ Հոլիվուտի «Ջաւախք» Մասնաճիւղ
2018 Տարեշրջանին
Քոյր Մարօ Քէշիշեան, ՀՄԸՄի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ
Եղբ. Վաչիկ Սարգիսեան, ՀՄԸՄի Սան Ֆրանսիսքոյի մասնաճիւղ
Եղբ. Արա Քէրքէզեան, ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղ
Եղբ. Սարգիս Թաթիկեան, ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղ
Եղբ. Արմիկ Աբրահամեան, ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղ
Եղբ. Պաղտիկ Օհանեան, ՀՄԸՄի Օրենճ Քաունթիի «Սարդարապատ» մասնաճիւղ
Եղբ. Ստեփան Պաղպուտարեան, ՀՄԸՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Մասիս» մասնաճիւղ
Եղբ. Արթ Խաչատուրեան, ՀՄԸՄի Սանթա Քլարիթայի «Անի» մասնաճիւղ
Եղբ. Թովմաս Տէօքմէճեան, ՀՄԸՄի Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղ
Եղբ. Սարօ Ղազարեան, ՀՄԸՄի Պըրպենքի «Սիփան» մասնաճիւղ
Եղբ. Ճագ Գասամանեան, ՀՄԸՄի Լաս Վեկասի «Արցախ» մասնաճիւղ
Քոյր Անահիտ Գասպարեան, ՀՄԸՄի Ֆինիքսի մասնաճիւղ
Քոյր Ալին Աղապապեան, ՀՄԸՄի Ուոլնաթ Քրիքի «Կարս» մասնաճիւղ