Շրջանի ՀՄԸՄի սկաուտական աշխատանքներուն հետեւելու, ազգային դաստիարակութեամբ եւ մասնագիտական աշխատանքներով անոնց մտային հորիզոնները ընդարձակելու պարտականութիւնը վստահուած է Շրջանային սկաուտական խորհուրդներուն:
Ներկայիս Շրջանային սկաուտական խորհուրդը կը բաղկանայ հետեւեալ քոյր-եղբայրներէՆ.-
Քոյր Շարլին Գօզալեան՝ Շրջանային Ընդհանուր խմբապետուհի
Եղբ. Նազօ Զիզաղեան՝ Շրջանային խմբապետ
Եղբ. Յովիկ Շահինեան՝ Շրջանային խմբապետ
Քոյր Անուշ Ղազարեան
Եղբ. Արա Գարամեան
Իւրաքանչիւր Շրջանային սկաուտական խորհուրդ կը նշանակուի երկու տարուան համար, որուն շնորհիւ անոնք իրենց երկամեայ ծրագիրները կը մշակեն եւ առաւելագոյն ջանքերը կը թափեն իրականացնելու զանոնք: Անոնք զանազան առիթներով կ՛այցելեն մասնաճիւղերը եւ կը քաջալերեն անոնց սկաուտական աշխատանքները: Անհրաժեշտ պարագային ժողովներու կը հրաւիրեն մասնաճիւղերու խմբապետները եւ մօտէն կը հետաքրքրուին անոնց ղեկավարած սկաուտական գործունէութեանց ընթացքով:
Ամէն տարի, մասնաճիւղերու վարչութիւններու ընտրութիւններէն ետք, կը նշանակուին կամ կը վերանշանակուին անոնց սկաուտ ղեկավար կազմերը. Մասնաճիւղի խմբապետ, Մասնաճիւղի փոխ-խմբապետ, Միաւորի խմբապետ: Այս պաշտօնները կը վաւերացուին Շրջանային սկաուտական խորհուրդի կողմէ, մասնաճիւղերու վարչութեանց հետ խորհրդակցաբար:
Այս բոլորէն անկախ, Շրջանային սկաուտական խորհուրդը մասնաճիւղերու սկաուտական բաժանմունքներու միջեւ մրցակցութեան մաքուր ոգին առաւել շեշտելու, անոնց գիտելիքները հարստացնելու, նորանոր յաջողութիւններ արձանագրելու եւ մասնաճիւղերը աշխուժացնելու հեռանկարով, ստեղծած է հինգամեայ «ՀՄԸՄի Շրջուն Շուշանածաղիկ» բաժակի դրութիւնը եւ նուիրած մահացած ականաւոր ՀՄԸՄականներու յիշատակին: Այս առումով ցարդ ստեղծուած են երկու բաժակներ: Առաջինը նուիրուած էր ՀՄԸՄի Հայաստանի շրջանի հիմնադիրներէն, Արցախի ազատագրական մարտերուն մասնակցած եւ 16 Դեկտեմբեր 1991ին, Հասանապատի ճակատամարտին նահատակուած եղբ. Վարդան Բախշեանի յիշատակին (1992 – 1996), իսկ երկրորդ շրջանէն վաստակաշատ ՀՄԸՄական եւ Շրջանային վարչութեան անդամ հանգուցեալ եղբ. Ժորա Մարտիրոսեանի յիշատակին (1999-2004):
Նոյն նպատակով նաեւ սկսուած է «Սկաուտի Օր»ուան նուիրուած սկաուտական աշխատանքները, որոնք կը յատկանշուին մանաւանդ իրենց միօրեայ միջ-մասնաճիւղային խաղերով եւ գիտելիքներու մրցումներով:
Գործակցութիւն՝ Ամերիկեան Սկաուտութեան հետ.- ՀՄԸՄի սկաուտական բաժանմունքը մաս կը կազմէ Ամերիկեան Սկաուտութեան (Boy Scouts of America – BSA) եւ մօտէն կը գործակցի անոր հետ եւ կ՛օգտուի անոր գիտելիքներէն, մասնագիտական նշաններու գրքոյկներէն, բանակավայրերէն եւ այլ յարմարութիւններէն: Երկար տարիներ ՀՄԸՄի Սկաուտական բաժանմունքը իբրեւ առանձին խորհուրդ գործեց BSA-էն ներս: Սակայն, Դեկտեմբեր 2014էն սկսեալ, ՀՄԸՄը իբրեւ առանձին Խորհուրդ չի գործեր եւ մասնաճիւղերուն կարելիութիւն կը ստեղծուի անդամակցելու իրենց շրջաններու BSA-ի խորհուրդներուն:
Ամերիկեան սկաուտութեան հետ գործակցութեան ծիրէն ներս, ՀՄԸՄէն բազմաթիւ սկաուտ ղեկավարներ կը հետեւին անոնց տարբեր շրջաններու խորհուրդներու կազմակերպած Wood Badge ղեկավարներու մարզումի դասընթացքներուն եւ յատուկ արարողութիւններով կ՛արժանանան այդ կարգը յատկանշող երկու «Պիտ»երուն: Կան նոյնիսկ ՀՄԸՄական խմբապետներ, որոնք ղեկավարած են այս դասընթացքները եւ արժանացած անոր առաւելագոյն 4 «Պիտ»երուն, իսկ ուրիշներ մաս կազմելով անոնց դասախօսական կազմին ստացած են համապատասխան երեք «Պիտ»երը:
Պէտք է ընդգծել, թէ ՀՄԸՄը օգտակար նորութիւններ մօտցուցած է ղեկավարման կարեւոր այս դասընթացքներուն մէջ:
Ամերիկեան սկաուտական կարգերու ծիրէն ներս մեծ կարեւորութիւն կը տրուի յատկապէս Eagle Scout բարձրագոյն կարգին: Այսօր շատ մը ԱՄՆի քաղաքական գործիչներ հպարտանքով կը յայտարարեն իրենց BSA-ի Eagle Scout ըլլալը: ՀՄԸՄի զանազան մասնաճիւղերէ արիներ այս ծրագիրին հետեւած եւ հանգամանօրէն արժանացած են համապատասխան կարգին: Ներկայիս եւս, ՀՄԸՄի մասնաճիւղերէն սկաուտներ կը հետեւին այս կարգի ծրագիրին:
«Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ն Կրօնական Շքանշան.- ՀՄԸՄի սկաուտական կեանքին մէջ մեծ կարեւորութիւն կը տրուի քրիստոնէական դաստիարակութեան: Մասնաճիւղերը տարուան ընթացքին, պարբերաբար իրենց սկաուտական շարքերը կ՛առաջնորդեն եկեղեցի՝ հետեւելու Ս. Պատարագին, Ս. Հաղորդութիւն ստանալու եւ աղօթելու:
Ասոնցմէ անկախ, ՀՄԸՄը մեծերու եւ փոքրերու համար ունի կրօնական շքանշաններու ծրագիրներ, որոնք նաեւ ճանաչում ստացած են Ամերիկեան սկաուտութեան կողմէ:
Առաջինը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» Կրօնական շքանշանն է, որ ստեղծուած է արի-արենուշներուն համար եւ ունի առանձին իր գրքոյկը: Անոր նիւթերը պատրաստուած են Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանին հետ գործակցաբար, գլխաւորութեամբ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի: Շքանշանի դասընթացքները կը կազմակերպուին ամէն տարի, քանի մը հանգրուաններով եւ ըստ մասնաճիւղերու պահանջքին: Հրամցուած երկլեզու կրօնական նիւթերէն անկախ, թեկնածուները, ազգային առաջնորդարանի սահմանած եկեղեցական ծառայութիւններ կը մատուցեն: Այս դասընթացքներուն հետեւած եւ յաջողած արի-արենոյշները կը ստանան համապատասխան շքանշանը:
Գայլիկ-արծուիկներու Կրօնական շքանշաններ.-
Կրօնական դաստիարակութիւնը ՀՄԸՄի գայլիկ-արծուիկներուն մօտ եւս կարեւորելու, ինչպէս նաեւ անոնց հայկական եկեղեցւոյ պատմութիւնն ու աւանդութիւնները ծանօթացնելու հեռանկարով, Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու Արեւմտեան թեմի Ազգային առաջնորդարանը միասնաբար, մշակած են փոքրերու երկու Կրօնական շքանշաններու ծրագիրներ. «Ս. Վարդան» շքանշանը, 6-7 տարեկաններու համար, «Գայլ Վահան» շքանշանը, 8-11 տարեկաններու համար:
Այս շքանշաններու առաջին դասընթացքները իրականացան 2016ին, Վազգէն քհնյ. Աթմաճեանի կողմէ ՀՄԸՄի Սկաուտական 7րդ Ընդհանուր բանակումի ընթացքին, որուն մասնակցեցան 100 բանակող գայլիկ-արծուիկներ: Անոնք, նախապէս ներկայ գտնուած էին եկեղեցական արարողութեան մը, որ պայմաններէն մէկն է այս զոյգ շքանշաններուն: Շքանշաններու յանձնումի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 5 Օգոստոս 2016ին, ակնարկուած բանակումի փակման դրօշակի արարողութեան ընթացքին:
«Դէպի Ազատութիւն» Սկաուտական Ազգային Շքանշան.- ՀՄԸՄի Սկաուտական բաժանմունքէն ներս յատուկ ուշադրութիւն կը տրուի նաեւ ազգային դաստիարակութեան, որ մեծ տեղ կը գրաւէ մասնաճիւղերու շաբաթական սկաուտական գործունէութեան եւ բոլոր կարգերու ծրագիրներուն մէջ: Ասոնցմէ անկախ, Շրջանային սկաուտական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է «Դէպի Ազատութիւն» Ազգային շքանշանը, որ առաւել կը յատկանշէ ազգային դաստիարակութեան կարեւորութիւնը:
Այս ծրագիրը մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է ՀՄԸՄի բոլոր մասնաճիւղերէն ներս, որուն կը հետեւին մեծ թիւով արի-արենոյշներ:
Հայկական պատկանելիութիւնը ՀՄԸՄական երիտասարդութեան մէջ առաւել դրոշմելու հեռանկարով հետեւեալ նիւթերը կը հրամցուին այս շքանշանի դասընթացքներուն, միշտ աւելցնելով հայրենի նոր իրադարձութիւններուն առնչուող նիւթեր.
– Քաղաքական կուսակցութիւններու կարեւոր դերը հայկական մեր իրականութեան մէջ:
– Ազգանուէր քաջ ֆետայիներ
– Հայ Դատի կարեւորութիւնը եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը
– Հայ Ազատագրական Պայքար
– ՀՄԸՄականի մը ազգային պարտականութիւնները իր ազգին ու հայրենիքին հանդէպ եւ իր ազգային պատկանելիութիւնը
– Հայրենասիրական երգերու մրցում
Տեղի ունեցան նաեւ հայութեան առնչուող կարեւոր նիւթերու վերլուծումներ. Երիտասարդ թուրքերու շարժում, Հայոց Ցեղասպանութիւն, Արցախեան ազատագրական պայքար եւ նուաճումներ եւ այլ հետաքրքրական նիւթեր:
«Անկախութեան Շքանշան» Սկաուտական ազգային շքանշան.- Շրջանային սկաուտական խորհուրդի նորագոյն դաստիարակչական աշխատանքն է, որ ստեղծուած է բարձր տարիքի արի-արենուշներու եւ պատասխանատուներու համար: Այս շքանշանը նպատակ ունի մասնակիցներուն սորվեցնելու եւ լայն տեղեկութիւններ տալու Հայ Դատի եւ զայն իրականացնելու միջոցներու մասին եւ իբրեւ ուղեցոյց կ՛օգտագործուի շրջանի ծանօթ մտաւորական դոկտ. Ռուբինա Փիրումեանի հեղինակած Ազգային վարժարաններու 11րդ կարգի Հայ Դատի դասագիրքը, որ կ՛ընդգրկէ գլխաւորաբար հետեւեալ էական նիւթերը.-
– Հայկական հարցի պատմական փուլերով
– Հայ ժողովուրդը Ա. համաշխարհային պատերազմին մէջ
– Հայոց Ցեղասպանութիւնը
– Ինքնապաշտպանութեան կռիւներ
– Հայոց Ցեղասպանութեան հետքերով
– Ճերմակ Ջարդ, մշակութային ցեղասպանութիւն
– 1917ի Ռուսական յեղափոխութիւնը եւ անոր արձագանքը Կովկասի մէջ
– Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը
– Հոլովոյթ անկախ Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային կառոյցներուն
– Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին յարաբերութիւնները
– Հայաստանի Խորհրդայնացում
– Փետրուարեան ապստամբութիւն
Նորաստեղծ այս շքանշանի առաջին քայլը առնուեցաւ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ մասնաճիւղերուն համար, որուն մասնակցեցան15 արի-արենուշներ եւ արժանացան այդ շքանշանին:
Տեառնընդառաջի ձեռնարկներ եւ Սիրոյ սեղան.- Գեղեցիկ սովորութիւն դարձած է, որ ամէն տարի շրջանի սկաուտ աստիճանաւորները եւ պատասխանատուները մասնակցին Տեառնընդառաջի արարողութեանց: Ընդհանրապէս անոնք Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, մասնակից կը դառնան Մեծ Պահոց սկիզբը ազդանշող ժամերգութեան եւ Տեառնընդառաջի նախատօնակին, ինչպէս նաեւ անոնց յաջորդող աւանդական խարոյկը վառելու արարողութեան: Մեծ թիւով արի-արենուշներ նոյնիսկ կը ցատկեն խարոյկին վրայէն:
Այնուհետեւ, անոնք թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ կը հիւրընկալուին «Սիրոյ սեղան»ի շուրջ ընթրիքի մը, մասնակցութեամբ Ազգային վարչութեան, Շրջանային վարչութեան եւ հիւրընկալ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներուն: Անոնք կը ծանօթանան ՀՄԸՄի մասնաճիւղերու Սկաուտական բաժանմունքներու խմբապետական կազմերուն եւ անոնց գլխաւորած սկաուտական գործունէութեանց: Առաջնորդ հօր իմաստալից պատգամը լսելէ եւ անոր յատկանշական նուէրները ստանալէ ետք, հոգեկան մեծ բաւարարութեամբ կը վերադառնան տուն:
Յայտնենք նաեւ, որ եթէ մասնաճիւղերու թեկնածուները Տեառնընդառաջի օրերուն յաջողութեամբ ամբողջացուցած են իրենց կրօնական շքանշաններու դասընթացքները, Տեառնընդառաջի նախատօնակի արարողութենէն ետք, հանգամանօրէն կը ստանան իրենց շքանշանները Առաջնորդ հօր ձեռամբ:
Սկաուտական կարգեր.- Շրջանային սկաուտական խորհուրդը յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ, սկաուտական կարգերու գիտելիքներու դասընթացքներու իրականացման: Մասնաճիւղերուն վստահուած են նորընծայի, Բ. եւ Ա. կարգերու դասընթացքները, որոնք կ՛ընդգրկեն սկաուտական եւ ազգային դաստիարակչական կարեւոր նիւթեր եւ նախապայման են սկաուտական աստիճաններու եւ կարգերու իւրացման գործին:
Վկայեալ կարգ.- Սկաուտական խումբ մը ղեկավարելու գործին մեծապէս նպաստող այս կարգի գիտելիքներու դասընթացքները եւ անոնց գործնական աշխատանքները կը ծրագրուին ու կը գործադրուին Շրջանային սկաուտական խորհուրդներու կողմէ:
Մասնակիցներուն կը հրամցուին միութենական, կազմակերպչական, ազգային, սկաուտական, քաղաքացիական, հոգեբանական եւ կրօնական մարզերուն առնչուող կարեւոր եւ օգտակար նիւթեր: Այս իմաստով կազմակերպիչ յանձնախումբի հսկողութեամբ թեկնածուները կը մասնակցին սեմինարներու, անձնապէս կը կազմակերպեն սկաուտական միջոցառումներ, կը մասնակցին յատուկ արշաւ-բանակումի, կը վկայուին Շտապ օգնութեան գիտելիքներով, ինչպէս նաեւ կը պատրաստեն սկաուտական գիտելիքներու առնչուող կարճ տեսաերիզներ: Մէկ խօսքով, անոնք ամբարած եւ գործնականացուցած պէտք է ըլլան ղեկավարի մը համար կարեւոր բոլոր գիտելիքները:
Արարատեան կարգ.- Այս կարգը ՀՄԸՄի սկաուտական բաժանմունքի բարձրագոյն կարգն է, որուն դասընթացքները կը կազմակերպուին ու կը ղեկավարուին ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կողմէ:
Գաղութային ձեռնարկներու մասնակցութիւն.- ՀՄԸՄի Շրջանային սկաուտական խորհուրդի կողմէ ղեկավարուող շրջանի սկաուտական բաժանմունքը, մնայուն ներկայութիւն է գաղութի հրապարակային բոլոր ձեռնարկներուն եւ սիրով կը կատարէ կարեւոր ձեռնարկներու դրօշակի արարողութիւնները, պաշտօնական անձնաւորութիւններու հիւրընկալումը, մեծապէս տպաւորելով իրենց շրջապատը:
Յատկապէս ՀՄԸՄի սկաուտները ամէն տարի, 23 Ապրիլի երեկոյեան, Փասատինայի Հայ կեդրոնէն քայլարշաւ կը կատարեն դէպի Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան, իրենց յարգանքի տուրքը կը մատուցեն մէկուկէս միլիոն մեր անմեղ նահատակներուն յիշատակին եւ կը միանան նոյն յուշարձանի առջեւ կազմակերպուած հսկումի երեկոյին: Այս քայլարշաւը սկիզբ առած է ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղի սկաուտներու բաժանմունքին կողմէ, որուն կարեւորութենէն մեկնած, Շրջանային սկաուտական խորհուրդի գլխաւորութեամբ կ՛իրագործուին բոլոր շրջանի Սկաուտական բաժանմունքներու մասնակցութեամբ:
Ասոնցմէ անկախ, Շրջանային սկաուտական խորհուրդը ամէն տարի, Ապրիլ 24ի շաբաթավերջին, յատուկ ընդգծումով կը նշէ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը, շրջանի ՀՄԸՄի բոլոր մասնաճիւղերու մասնակցութեամբ: ՀՄԸՄի արի-արենոյշները ամբողջական շարքերով մասնակցեցան նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի քայլարշաւին, որ առաջնորդուեցաւ ՀՄԸՄի նուագախումբի կողմէ:
Նաւասարդեան մարզախաղերու բացման եւ փակման արարողութիւններու պատասխանատուութիւնը կը վստահուի Շրջանային սկաուտական խորհուրդներուն, որոնց դրօշակի արարողութիւնները տպաւորիչ կերպով կը կատարեն ՀՄԸՄի դրօշակակիրներու կարգապահ խումբին կողմէ, մեծապէս տպաւորելով ներկաները:
Բանակումներ.- Սկաուտական կեանքի ամէնէն հաճելի բաժինը բանակումներն են, յատկապէս մասնաճիւղերու տարեկան բանակումները, որոնք երբեմն մասնաճիւղերը առանձին կը կազմակերպեն, երբեմն ալ քանի մը մասնաճիւղեր միասնաբար: Շր-ջանային սկաուտական խորհուրդը միշտ իր ներկայացուցիչներով կ՛այցելէ այս բանակումները եւ մօտէն կը հետաքրքրուի անոնց մանրամասնութիւններով:
Այսուհանդերձ, Շրջանային սկա-ուտական խորհուրդը ինք եւս, չորս տարին անգամ մը կը կազմակերպէ եօթնօրեայ Ընդհանուր բանակում մը շրջանի բոլոր մասնաճիւղերու սկաուտական բաժանմունքներուն համար: Այս բանակումը լաւագոյն առիթը կը հանդիսանայ մասնաճիւղերու իրարու ծանօթացման, գիտելիքներու փոխանակման եւ նորութիւններու ստեղծման:
Ցարդ, մեծաթիւ մասնակիցներ ունեցող նման եօթ բանակումներ կազմակերպուած են, որոնք դրական մեծ արձագանգ արձանագրած են շրջանի եւ ՀՄԸՄի շրջապատէն ներս:
Բծախնդրութեամբ պատրաստուած այս բանակումի յայտագիրները կը հրապարակուին յատուկ գրքոյկներով, որոնք կ՛ընդգրկեն բանակումի ամէնօրեայ մանրամասնութիւնները.- զարթնում, մարզանք, խաղեր, ազգային եւ սկաուտական դասախօսութիւններ, լող, մարզական եւ սկաուտական խաղեր ու մրցումներ: Ամէն տարի, բանակումի խմբապետական կազմը բանակումի յայտագիրներուն մէջ կարեւոր տեղ կը վերապահէ Հայ Դատի եւ հայկական մշակոյթի ուսուցման: Բանակումի օրը կը սկսի մարզանքով եւ իր աւարտին կը հասնի այնքան սպասուած խարոյկահանդէսով: Նման բանակումները եւս կ՛աւարտին յիշատակելի փակման հանդիսութեամբ, որուն ընթացքին յիշատակի նուէրներ եւ գնահատագիրներ կը յանձնուին բանակումի զանազան մարզերէն ներս արժանաւոր բանակողներու:
Նկատի ունենալով, որ 2018ը ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 100ամեակն է եւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան Հայաստանի մէջ կազմակերպած Համա-ՀՄԸՄական 11րդ ընդհ. բանակումը պատմական այս տարեդարձին նուիրուած է, Շրջանային սկաուտական խորհուրդը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր բանակումի նախապատրաստական բանակում մը կազմակերպելու շրջանի սկաուտական բաժանմունքին համար:
Իւրայատուկ այս բանակումը տեղի ունեցաւ 27-29 Ապրիլ 2018ի շաբաթավերջին, Աքթընի KOA բանակավայրը, մասնակցութեամբ շրջանի մասնաճիւղերէն 154 արի-արենուշներու եւ գայլիկ-արծուիկներու: Բանակումի պատասխանատուութիւնը վստահուած էր Շրջանային խմբապետուհի քոյր Շարլին Գօզալեանին:
Բանակումը առիթ հանդիսացաւ, որ ոչ միայն ՀՄԸՄական-սկաուտական ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծուի մասնակիցներուն միջեւ, այլեւ նաեւ անոնք նոր գիտելիքներով օժտուին: Բանակող սկաուտներուն տրուեցան ՀՄԸՄի կառոյցին, բանակումի ղեկավարման եւ կազմակերպումին մասին գիտելիքներ, սկաուտական կապեր, ինչպէս նաեւ գործնական զանազան դասընթացքներ: Բանակողներուն տրուեցան նաեւ տեղեկութիւններ Հայաստան ճամբորդութեան, Համա-ՀՄԸՄական բանակավայրի օրէնքներուն եւ գործունէութեան մասին:
Բանակումի երկրորդ օրը նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչման եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակի նշման, որուն համար բանակումին միացած էին 90 սկաուտներ:
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներէն համա-ՀՄԸՄական 11րդ բանակումին մասնակցեցան 183 արի-արենուշներով: Բանակումին մասին կարդալ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած ՀՄԸՄի 100ամեակի գլխին տակ:
Շրջանային ընդհանուր խմբապետի պաշտօն՝ քոյր Շարլին Գոզալեանին.- ՀՄԸՄի Նաւասարդեան 43րդ մարզախաղերու Երախտագիտական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 18 Օգոստոս 2018ի երեկոյեան, Փասատինայի Ճիվալաքեան Երիտասարդական կեդրոնը: Այս երեկոյին հրաւիրուած էին նաեւ շրջանէն համա-ՀՄԸՄական 11րդ սկաուտական ընդհանուր բանակումի մասնակիցները, որպէսզի ականատես ըլլան իրենց սիրելի Շրջանային խմբապետուհի՝ դոկտ. Շարլին Գօզալեանի նոր պաշտօնի յանձնումի արարողութեան: Շրջանային վարչութիւնը բարձր գնահատելով քրոջ տարիներու սկաուտական գերազանցելի գործունէութիւնը շրջանէն ներս, անոր շնորհած էր Շրջանային ընդհանուր խմբապետուհիի պաշտօնը, որուն յանձնումը կատարուեցաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանուէլ Մարսէլեանի ձեռամբ: Քոյր Շարլին Գօզալեան տիպար սկաուտ պատասխանատու մըն է, որ զանազան պատասխանատու պարտականութիւններ ստանձնած եւ յաջողութեամբ կատարած է զանոնք, իրաւ պատասխանատուի մը գիտակցութեամբ: Այս հաստատումին լաւագոյն օրինակը Յուլիսին, հայրենիքի մէջ կազմակերպուած ՀՄԸՄի 100ամեակի նուիրուած համա-ՀՄԸՄական բանակումն էր: Քոյրը լաւապէս ղեկավարեց շրջանի 183 հոգինոց սկաուտական պատուիրակութիւնը, մայրական գուրգուրանք ցուցաբերելով անոնց նկատմամբ: Ան արդարօրէն արժանի է շրջանի սկաուտական բարձրագոյն այս պաշտօնին:
ՀՄԸՄի Շրջանային Յանձնախումբեր
ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութիւնները երկամեայ գործունէութեանց իրենց ծրագիրները կազմակերպուած, միասնական ջանքերով եւ հաւաքական ոյժերով կատարելու, ինչպէս նաեւ անոնց ընդմէջէն խոստմնալից ղեկավարներ պատրաստելու հեռանկարով, իւրաքանչիւր մարզի համար կը նշանակեն Շրջանային յանձնախումբ մը:
Նշանակուած այս յանձնախումբերը կը փորձեն պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ կատարել իրենց վստահուած աշխատանքները, մեծապէս նպաստելով միութեան յառաջդիմութեան եւ այդ նպատակով մշակուած ծրագիրներու յաջողութեան: Բնական է, նաեւ բացառիկ ծրագիրներու համար կը նշանակուին ժամանակաւոր յանձնախումբեր, որոնք իրենց վստահուած պարտականութիւնները կատարելէ ետք, այլ աշխատանքի կ՛անցնին:
Շրջանային յանձնախումբերու կարեւորագոյնները եւ մեծագոյնները Սկաուտական եւ Մարզական խորհուրդներն են, որոնք անմիջականօրէն կ՛առնչուին ՀՄԸՄի հոգածութեան յանձնուած սերունդներու դաստիարակութեան կարեւոր գործին:
2019ի տարեմուտին, եւ մեր Տիրոջ ու Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծննդեան ու Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու մեր ազգային զգացումներով կþողջունենք եւ կը շնորհաւորենք համայն հայութիւնը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի տարածքին, մաղթելով, որ մեր մայր հայրենիքին մէջ սկիզբ առած բարեփոխութիւնը շարունակուի դրական երթով, եւ նպաստէ հայրենիքին ու սփիւռքեան մեր օճախներուն միջեւ գործակցութեան սերտացման եւ մեզ աննահանջ քայլերով առաջնորդէ դէպի մեր ազգային տենչերուն իրականացումը։
Տօնական այս օրերուն, եւ ներշնչուելով Ս. Ծննդեան բազմախորհուրդ պատգամներէն, աղօթք բարձրացնենք առ Աստուած, որպէսզի մեր հայրենիքն ու համայն աշխարհը պահէ իր Ս. Աջին հովանիին տակ, բոլորիս պարգեւէ հաւատք, յոյս, սէր, հաճութիւն եւ խաղաղութիւն։ Թող մեր հաւաքական ու սեփական յարկերը ապրին բարգաւաճում, որպէսզի հաւատարմօրէն շարունակենք մեր եկեղեցաշէն, սերնդակերտ ու հայրենանուէր ծառայութիւնները՝ նոր արգասիքներով հարստացնելով հայութեան հաւաքական կեանքը։
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան,
Առաջնորդ
Կրօնական Ժողով
Եւ Ազգային Վարչութիւն
Christmas is all about caring, sharing and giving
Merry Christmas
and Happy New Year
Glendale Hye Funeral Services
St. Mary’s
Adult Day Health Care
1829 S. Brand Blvd., Glendale, CA 91204