ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 28 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Երեւանի մէջ հանդիպեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Արցախի համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հայկական երկու հանրապետութիւններու ղեկավարները ամփոփեցին 2018 տարեշրջանի արդիւնքները եւ անդրադարձան 2019ին ընկերային-տնտեսական ոլորտի մէջ համատեղ ռազմավարական ծրագիրներու իրականացման հարցերուն: