Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին յղեց շնորհաւորական ուղերձ մը, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը.
«Յարգելի՛ Նիկոլ Փաշինեան,
Ուրախութեամբ կը շնորհաւորեմ ձեզ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան լուսաւոր տօներուն առիթով:
Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները հիմնուած են բարեկամութեան, մշակութային եւ հոգեւոր մտերմութեան բազմադարեան աւանդութիւններու վրայ: Մեր երկիրները կառուցողական համագործակցութեան մեծ փորձառութիւն կուտակած են քաղաքական, առեւտրական, տնտեսական, մարդասիրական եւ միւս մարզերուն մէջ:
Յոյս ունիմ, որ մենք պիտի շարունակենք զարգացնել հայ-ռուսական փոխշահաւէտ կապերը բոլոր ուղղութիւններով: Այդ բոլորը կը համապատասխանեն մեր եղբայրական ժողովուրդներու շահերուն, շրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան ապահովման:
Ձեզի եւ ձեր մտերիմներուն կը մաղթեմ քաջառողջութիւն եւ յաջողութիւն, իսկ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն՝ բարօրութիւն, խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում»:
Նշենք, որ Փութին շնորհաւորեց նաեւ Հայաստանի նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Սերժ Սարգսեանի Նոր Տարին: