ՊԷՅՐՈՒԹ.- Շաբաթ, 22 Դեկտեմբերին, յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Միասնաբար օգնենք ուրիշին» կարգախօսով բարեսիրական աշխատանքը՝ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Անթիլիասի մասնաճիւղի Սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին:
Այս աշխատանքին յաջողութեան համար նախապէս տարուեցաւ քարոզչական աշխատանք՝ ապահովելու մեծ թիւով մասնակցութիւն:
Ձեռնարկին նախօրեակին սկա-ուտները գիշերը անցուցին՝ իրագործելու իրենց ձեռային աշխատանքով պատրաստուած գեղեցիկ տօնածառ մը:
Ձեռնարկին օրը, կէսօրուան ժամը 12էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6 սկաուտները ստանձնեցին մասնաճիւղի մարզիկներուն, բարեկամներուն, ծնողներուն եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» համալիրի այցելուներուն բերած նուիրատուութիւնները: Իրենց կարգին, սկաուտական բոլոր խումբերը իրենց հետ բերած զանազան տեսակի ուտեստեղէնը՝ կաթնեղէն, ձէթ, ընդեղէն, քաղցրեղէն, պահածոներ, ինչպէս նաեւ տան մաքրութեան անհրաժեշտ նիւթեր զետեղեցին տօնածառին առջեւ:
Սկաուտները շատ մեծ խանդավառութեամբ տարին այս աշխատանքը՝ տօնական օրերու իրենց ուրախութիւնը կիսելու հայ կարիքաւոր ընտանիքներու անդամներուն հետ: Առաջնորդուելով «Միշտ օգնել ուրիշին» սկաուտական դաւանանքով՝ այս աշխատանքը առիթ մըն է գործադրելու սկաուտական հիմնական խոստումներէն մէկը եւ նոր սերունդին ջամբելուկարիքաւորը յիշելու եւ անոր օգնելու գիտակցութիւնը:
ՀՄԸՄի Անթիլիասի սկաուտներուն հաւաքած ուտելիքները հաւասարապէս տեղադրուեցան 40 տուփերու մէջ, որոնք տօնական օրերուն ընթացքին պիտի բաշխուին 40 հայ կարիքաւոր ընտանիքներու: Տուփերուն մէկ մասը Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչին (ԼՕԽ) միջոցով պիտի բաժնուի, իսկ մաս մըն ալ սկաուտական խմբապետները անձամբ պիտի յանձնեն ընտանիքներու՝ աւելի մօտէն ճանչնալու համար հայ համայնքի անդամները: