«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Վստահօրէն կրնանք հաստատել, որ Հայաստանը զարգացնելու, զօրացնելու, անոր տնտեսութիւնը բարելաւելու, հայոց բանակին անպարտելիութիւնը աւելի ամուր հիմերու վրայ դնելու նպատակները այս տարի, ինչպէս անցեալին, Նոր Տարուան կենացներու առիւծի բաժինը գրաւած են:
Մեր իրականութեան հետեւողներուն համար յստակ է, որ որոշ կենացներ, դժբախտաբար ոչ բաւարար թիւով, իսկապէս վերածուած են յանձնառութիւններու, գործի ու շօշափելի ծրագիրներու: Մեծ մասին պարագային, սակայն, խմիչքի ազդեցութեան հետ կենացները յօդս ցնդած են:
Ի՞նչ երաշխիք ունինք, որ այս տարի տարբեր պիտի չըլլայ պարագան:
Ամէնէն ուժեղ երաշխիքը կրնայ ըլլայ անցեալ տարուան ժողովրդային յեղափոխութեան ստեղծած խանդավառութիւնը, որուն ալիքները հասած պէտք է ըլլան Սփիւռքի բոլոր շրջանները: Ի վերջոյ, անցեալ Ապրիլէն ետք հարիւր հազարաւոր սփիւռքահայեր այցելեցին հայրենիք, ժողովուրդին, եւ յատկապէս երիտասարդներուն աչքերուն մէջ տեսան բոցավառած յոյսի կայծերը, եւ իրենց վերադարձին, նոյն կայծերը սփռեցին իրենց շրջապատին մէջ:
Խանդավառութիւնը դեռ կայ եւ յոյս ունինք, որ օրէ օր անիկա աւելի պիտի ուժեղանայ՝ ի հեճուկս բոլոր յոռետեսական մարգարէացումներու, զորս իրականացնելու համար զետեղուած ականները հիմնականին մէջ ուղղուած են յեղափոխութեան դէմքը խեղելու՝ կասկածի ենթարկելով անոր ազգային նկարագիրը:
Յեղափոխութեան «գոյն»ի վերագրումներէն սկսեալ, մինչեւ ազգային հիմնական արժէքներու հաւատարմութեան խնդիրի արծարծումը, Արցախի ապագային հանդէպ երբեմն մշուշապատ սպառնալիքներով, երբեմն բացայայտ դաւաճանական վերագրումներով վախի մթնոլորտի ստեղծումը իրենց քանդիչ գործը կը կատարեն, հաստատ: Յոյս ունինք, սակայն, որ ժողովուրդը իր կամքը երկրի բոլոր ուժերուն պարտադրելու վճռականութիւնը կը պահէ: Այդ վճռականութիւնը ինքնին յետագայ վերելքի ամէնէն հզօր երաշխիքն է, եւ ժողովրդային այդ կամքը կրնայ միայն դրական եւ շօշափելի արձագանգի արժանանալ Սփիւռքի մէջ: