ՊՈԼԻՍ, «Հայթերթ».- Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան անդամ եւ խորհրդարանի հայազգի նախկին պատգամաւոր Սելինա Տողանի ամուսինը՝ յայտնի փաստաբան Էրտալ Տողան, մահուան սպառնալիքներ սկսած է ստանալու հայերու իրաւունքները պաշտպանելուն պատճառով:
Յայտնի է, որ Տողան ժամանակին զբաղած է սպաննուած պոլսահայ լրագրող եւ «Ակօս» թերթի հիմնադիր ու նախկին խմբագիր Հրանդ Տինքին վերաբերող դատական գործերով, իսկ Տինքի սպանութենէն ետք հանդիսացած է Տինքի ընտանիքի փաստաբաններէն մէկը:
Նշենք, որ Տողան ստանձնած է Թուրքիոյ հայերու ունեցուածքի անօրինական բռնագրաւումներու ու շարք մը այլ դատեր՝ բազմիցս պաշտպանելով հայազգի քաղաքացիներու իրաւունքները:
Թրքական «Արթիկենճեք» կայքը կը տեղեկացնէ, որ յայտնի փաստաբանը ոչ միայն մահուան լուրջ սպառնալիքներ կը ստանայ, այլ նաեւ ենթարկայ է անյայտ անձերու կողմէ հետապնդումներու: