Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 4 Յունուարի առաւօտուն, Ազգային առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի վարչութեան նախագահ Մարիա Մեհրանեանի: Յարգելի հիւրը Ազգային առաջնորդարան եկած էր առաջնորդ սրբազանը շնորհաւորելու Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով: Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու հիմնադրամի աշխատանքներու ընթացքին մասին, մեկնելով Նոյեմբերի թելեթոնի արդիւնքներէն մինչեւ անմիջական եւ աւելի հեռու ծրագիրներ:
Առաջնորդ սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց Մ. Մեհրանեանի եւ ընդհանրապէս հիմնադրամի աշխատանքներուն, այն համոզումով, որ աշխարհատարած հայութեան ներդրումները՝ իբրեւ արգասաբեր կաթիլներ պիտի հասնին Արցախի ու Հայաստանի բարգաւաճման դաշտերը:
(Թղթակցութիւնը՝
Առաջնորդարանէն)