ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի փոխադրամիջոցներու, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեանց նախարարի պաշտօնակատար Յակոբ Արշակեան պիտի շարունակէ պաշտօնավարել իբրեւ նախարար:
Արշակեան, լրագրողներու փոխանցեց, որ իր պաշտօնավարման շարունակութեան վերաբերեալ քննարկում եղած է:
«Կը շարունակեմ պաշտօնավարել», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ նախարարութիւնը միտուած է բարձր արհեստագիտութեանց արդիւնաբերութեան զարգացման:
«Թէ դա յետոյ ինչպէս կ՛օգտագործուի, երկրորդ հարցն է: Մենք կ՛ունենանք բարձր տեխնոլոգիաների եւ արդիւնաբերութեան նախարարութիւն, որը զբաղուելու է ՀՀում մտքի արտադրանքը առեւտրայնացնելով», ըսաւ Արշակեան եւ աւելցուց, որ կ՛աշխատին նախարարութեան անուան մէջ չներառել ռազմարդիւնաբերութիւն բառը, որպէսզի խոչընդոտներ չունենան միջազգային գործընկերներու հետ աշխատելու ընթացքին: «Այսպիսով, մենք ունենալու ենք բարձր տեխնոլոգիաների եւ արդիւնաբերութեան նախարարութիւն», նշեց նախարարի պաշտօնակատարը:
Ի՜նչ լաւ կլինէր, Պր. Նախարար, եթէ նախարարութեան անուան մէջ ներառէիք «մի քիչ ժպիտ» բառը, մանաւանդ որ ռազմական գործողութիւնների՛ նախարար չէք…