2018 տարին դարադարձն էր պատրիարքական աթոռոյս մեծանուն գահակալներէն երանաշնորհ Մաղաքիա պատրիարք Օրմանեանի։ Այս առիթով, աթոռոյս պատմական նիւթերու յատկացուած Յովակիմեան Մատենաշարէն, որպէս ութերորդ հատոր լոյս տեսաւ հոգելոյս պատրիարքի «Հայոց Եկեղեցին» աշխատասիրութիւնը։
Հեղինակ պատրիարք հայրը նպատակ ունեցած է հայ եկեղեցւոյ նուազ ծանօթներուն ծանօթացնել հայ եկեղեցին իր զանազան երեսակներով։
Սոյն աշխատասիրութիւնը 1911ին քաղաքիս մէջ հրատարակուած է հայերէնով, սրբազան հեղինակին իսկ թարգմանութեամբ։ Յաջորդ՝ 1912 եւ 1913 տարիներուն կը վերհրատարակուի, սրբազան հեղինակին վերանայութեամբ։ «Հայոց Եկեղեցին» հատորը աշխարհի չորս ծագերուն մեր մայրենիով լոյս կը տեսնէ քանի մը անգամներ։ Զանազան վայրերու մէջ լոյս կը տեսնէ նաեւ զանազան լեզուներով, ինչպէս՝ անգլերէն, ռուսերէն, սպաներէն, փորթուկալերէն եւ լեհերէն։
Հատորը կը բաղկանայ 288 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ, բացի աշխատասիրութենէ, Վաղարշակ սրկ. Սերովբեանի բացման խօսքը՝ «Ճանչնալ Մեր Եկեղեցին Հայ Մեծանուն Եկեղեցականին Գրիչէն», սրբազան հեղինակին ընդարձակ կենսագրութիւնը եւ լուսանկարը, սոյն հատորի հայերէն եւ այլալեզու հրատարակութեանց մատենագիտութիւնը, Ամենայն Հայոց, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Աղթամարայ կաթողիկոսներու, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքներու գաւազանագիրքերը, հայ եկեղեցւոյ սոյն աշխատասիրութեան պատրաստութեան շրջանի թեմերու վիճակագրութիւնը, երանաշնորհ հեղինակի սան՝ նոյնպէս երանաշնորհ Բաբգէն եպս. Կիւլէսէրեանի ¤ապա աթոռակից կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ) գրի առած մատենախօսական գրութիւնը, անձնանուններու, տեղանուններու եւ այլ յատուկ անուններու երեք ցանկ, եւ այլն։
Հատորը լոյս կը տեսնէ աշխատասիրութեամբ Վաղարշակ սրկ. Սերովբեանի, իսկ շքեղ կողքը պատրաստուած է Գրիգոր Սահակեանի եւ Սարվէն Տանէի կողմէ։
Սոյն հատորը լոյս կը տեսնէ Սելմա Իսկէնտէրէօզի մեկենասութեամբ՝ ի յիշատակ իր ծնողներուն՝ Սելիմ եւ Սիրանոյշ Իսկէնտէրներու։
«ՄԱՐՄԱՐԱ»