Շաբաթ, 12 Յունուարի երեկոյեան ժամը 7ին, Այնճարի մէջ նշուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 128ամեակը՝ ժողովրդային տօնակատարութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի Քարոզչական յանձնախումբին:
Տօնակատարութեան ներկայ գտնուեցան Վարուժան արք. Հերկելեան, Մեսրոպ վրդ. Թօփալեան, գիւղին հոգեւոր հովիւները, քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեան, ազգային-կուսակցական մարմիններու ներկայացուցիչներ, ուղեկից միութիւններու պատասխանատուներ եւ մեծ թիւով հայորդիներ:
Տօնակատարութեան բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՅ Դաշնակցութեան քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (ԼԵՄ) «Շաւարշ Միսաքեան մասնաճիւղէն Սեւատա Անտոնեան: Ան նախ ներկաները հրաւիրեց վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ յարգելու յիշատակը ՀՅ Դաշնակցութեան նահատակ եւ մահացած ընկերներուն: Ապա, կարճ խօսքով մը ան անդրադարձաւ ՀՅ Դաշնակցութեան 128ամեայ գործին ու վաստակին, իբրեւ հայկական յեղափոխութիւնը դարբնող, պետականութիւն կերտող, Սփիւռք կազմակերպող, Հայ Դատ հետապնդող եւ արցախեան պայքարի մասնակից կուսակցութիւն:
Իր խօսքին աւարտին, Անտոնեան նշեց, որ ժողովրդային տօնակատարութեան ներկայ պիտի ըլլար եւ օրուան պատգամը պիտի փոխանցէր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Սակայն, կամքէ անկախ պատճառներով, ան կը բացակայի եւ օրուան պատգամը կը փոխանցէ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վիգէն Աւագեան:
Բացման խօսքէն ետք, ժողովրդային եւ ազգային-յեղափոխական երգերու նուագներով ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի: Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցաւ Վիգէն Աւագեան՝ փոխանցելու օրուան պատգամը:
Օրուան պատգամախօս, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վիգէն Աւագեան իր խօսքին սկիզբը նշեց, որ աշխարհի չորս կողմը սովորութիւն է, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդին ներկայանայ տարեկան զեկուցումով, հաշուետուութեամբ: Գործէն ծնած՝ գործի կուսակցութիւնը իր հիմնադրութեան տարեդարձին կը խոնարհի այն ժողովուրդին առջեւ, որ կը հաւատայ իր գործին ու կը մնայ իր կողքին՝ բաժնեկիցը դառնալով իր դժուարութիւններուն եւ իրագործումներուն:
Դաշնակցութեան 128ամեայ երթին մասին խօսելով՝ Աւագեան նշեց, որ իր ժողովուրդին հետ մեծ ցնցումներէ անցաւ Դաշնակցութիւնը: Ան ճաշակեց 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան, հայրենազրկումի եւ տարագրութեան դառն բաժակը, նաեւ՝ ազգովին յարութիւն առնելու, հայրենիք անկախացնելու եւ պետականութիւն կերտելու յաղթանակի արբեցնող բաժակը: Դաշնակցութիւնը կրնկակոխ հետեւեցաւ իր ժողովուրդի քայլերուն եւ դաշնակցական բջիջ ու միաւոր ստեղծեց հո՛ն, ուր հայութիւնը համախումբ եւ ազգային կազմակերպ կեանքի հրամայականը զգաց:
Շարունակելով, Աւագեան հաստատեց, որ բնական պայմաններու մէջ չգործեց Դաշնակցութիւնը: Այսօր ալ անիկա կը գործէ միջազգային ու շրջանային անբնական պայմաններու մէջ: Թեւակոխած ենք նոր փուլ մը, ուր մեծապետական ուժերու մրցակցութիւնները ստեղծած են զինուորական, քաղաքական եւ տնտեսական բախումի անվերջանալի դաշտեր: Ճակատողը մեծերն են, տուժողը՝ փոքրերը: Ընդհանուր թոհուբոհին մէջ, Հայաստանն ու հայութիւնը անվնաս չեն մնար, ընդհակառակն՝ իւրաքանչիւր քայլափոխի անոնք դէմ յանդիման կու գան իրենց սեփական ինքնութիւնը պահպանելու, կազմակերպուելու եւ ժամանակին հետ քայլ պահելու անյաղթահարելի դժուարութիւններու:
Լիբանանեան կեանքի ընդհանուր իրավիճակին մասին խօսելով՝ Աւագեան դիտել տուաւ, որ Լիբանանը եղած է ու կը մնայ համաձայնական ժողովրդավարութեան, հանդուրժողութեան եւ համակեցութեան երկիր, որ ցարդ կարողացած է տոկալ ու ապրիլ շնորհիւ իր զաւակներուն համերաշխութեան:
Վիգէն Աւագեանի պատգամէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ հայրենի արուեստագէտ Արսէն Գրիգորեան-Մըրրօ, որ ազգային-յեղափոխական երգերու շարքով մը պանծացուց ՀՅ Դաշնակցութեան անուանի ֆետայիներուն յիշատակը:
128ամեակի տօնախմբութիւնը վերջ գտաւ Դաշնակցութեան թեւ-թիկունք կանգնելու հաստատ համոզումով եւ յանձնառութեամբ: