ԵՐԵՒԱն.- Երեւանի քաղաքապետարանի բնապահպանութեան վարչութեան պետ Խաչիկ Յակոբեան ներկայացուց մայրաքաղաքի 2019ի կանաչապատման ծրագիրին մանրամասնութիւնները, հաղորդեց «Մեդիամաքս»ը:
Ըստ Յակոբեանի՝ 5 տարուան ընթացքին Երեւանի մէջ պիտի տնկուին 500 հազար ծառեր, որոնց մեծ մասը պիտի ըլլան ծաղկող ծառեր եւ թուփեր: Տնկիները պիտի տեղադրուին բացառապէս այն հատուածներուն մէջ, ուր կայ ոռոգման համակարգ:
Օփերային շուրջ սրճարաններու որոշ հատուածներ պիտի կազմաքանդուին: Պիտի իրականացուին կանաչ տարածքներու թուային գոյքագրման աշխատանքներ:
Բուժման պիտի ենթարկուին 35,000 ծառեր, պիտի տնկուին 1 միլիոն ծաղիկասածիլեր, պիտի ստեղծուին ծաղկանոցներ եւ պիտի տնկուին քաղաքին բնորոշ նոր ծաղկատեսակներ: Պիտի կանաչապատուի «Հիւսիս-Հարաւ» ճանապարհի Դաւթաշէն-Աշտարակ հատուածին յարող 3 հեկտար տարածքը:
Նոր անտառ-պուրակ պիտի ստեղծուի Էրեբունիի4 Նուբարաշէնին յարող հատուածին մէջ, 20 հեկտար տարածքով: 2019ին կը նախատեսուի շուրջ 5 քմ. նոր ոռոգման ցանց ստեղծել: