15 Յունուարին, Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ընդունեց Արցախի մէջ «Հէյլօ Թրասթ» (The HALO Trust) միջազգային ոչ-կառավարական կազմակերպութեան ծրագիրի ղեկավար Չարլզ Ֆոլին:
Կողմերը քննարկեցին Արցախի մէջ «Հէյլօ Թրասթ» կազմակերպութեան մարդասիրական ականազերծման աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ յառաջիկային նախատեսուած ծրագիրներու իրականացման վերաբերող շարք մը հարցեր: