ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւրներ կը պնդեն, որ նախագահին ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթընի աշխատակազմը դիմած է Փենթակոնին՝ Իրանի վրայ հաւանական օդային հարուածներու ծրագիրներ մշակելու խնդրանքով:
Այս տեղեկութիւնները կը հաստատեն նաեւ «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» օրաթերթի աղբիւրները, որոնք կ՛աւելցնեն, թէ իրենց տեղեկութիւններուն համաձայն, ցարդ յստակ չէ, թէ նախագահ Տանըլտ Թրամփ տեղեակ եղա՞ծ է իր խորհրդականի նախաձեռնութեան մասին, թէ ոչ: