ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Արցախի հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի (ՊԲ) ռազմական խորհուրդը Հինգշաբթի, 24 Յունուարին գումարեց նիստ մը, որուն ներկայ եղան բանակի հրամանատարի տեղակալները, սպայակոյտի բաժիններու եւ ծառայութիւններու պետերը, միաւորումներու, զօրամասերու եւ գումարտակներու հրամանատարական կազմը եւ ռազմաիրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Հրապարակելով նիստի աշխատակարգը՝ ԱՀ ՊՆ, ՊԲ հրամանատար, զորավար Կարէն Աբրահամեան գնահատեց բոլոր ելոյթները՝ նշելով, որ յետագայ բոլոր ձեռքբերումները կախեալ պիտի ըլլան նաեւ այն հանգամանքէն, թէ ինչ հետեւութիւններ կը կատարուին նախորդ տարուան արդիւնքներէն եւ ինչ հերթականութեամբ կը ծրագրուին նոր բանակային տարուան առաջնահերթութիւնները:
Նիստին ներկայ եղան Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, որ իր ելոյթին մէջ գնահատեց 2018ի ընթացքին արձանագրուած հիմնական ցուցանիշները, հաւաստիացուցած է, որ պետութիւնը այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնել ՊԲի մարտական հնարաւորութիւններու կատարելագործման ու զինուորներու կենցաղային ապահովուածութեան վերաբերող հարցերուն վրայ: