ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ատրպէյճանի քաղաքական բանտարկեալներուն վերաբերեալ Եւրոպական Խորհուրդի զեկուցող Թորխիլտուր Վարստոտիր Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) Իրաւական հարցերու եւ մարդկային իրաւունքներու յանձնաժողովին ներկայացուց Ատրպէյճանի քաղաքական բանտարկեալներուն վերաբերեալ նախնական յուշագիրը:
Ըստ «Թուրան» լրատու գործակալութեան՝ տուեալ փաստաթուղթը կը ներառէ իրավիճակին եւ քաղաքական բանտարկեալներու հարցին վերլուծութիւնը, ինչպէս նաեւ կը նշէ 130 քաղաքական բանտարկեալներուն անունները: Ներածական մասին մէջ զեկուցողը կը յիշեցնէ, որ այս հարցը մտահոգութիւններու պատճառ դարձած էր նաեւ այն ժամանակ, երբ Ատրպէյճան Եւրոպական Խորհրդին նոր միացած էր՝ 2001ին:
ԵԽԽՎն Ատրպէյճանի քաղաքական բանտարկեալներուն մասին 2002ին վաւերացուցած բանաձեւին մէջ հաստատած էր, որ ոչ ոք պէտք է բանտարկուի քաղաքական պատճառներով, իսկ 2004ին բանաձեւին մէջ վեհաժողովը Պաքուին կոչ ըրած էր՝ անմիջապէս ազատ արձակելու քաղաքական բանտարկեալները: Նման բանաձեւ մը վաւերացուած էր նաեւ 2005ին:
2017ին եւս վեհաժողովը իր թիւ 2184 բանաձեւին մէջ անդրադարձած էր Ատրպէյճանի մէջ ժողովրդավարական հաստատութեանց գործունէութեան՝ մտահոգութիւն յայտնելով մարդկային իրաւունքներու համար պայքարող գործիչներու, քաղաքական գործիչներու, լրագրողներու եւ իրաւաբաններու նկատմամբ տեղի ունեցող հետապնդումներուն եւ անոնց ձերբակալութիւններուն գծով: Բանաձեւը կրկին կոչ ըրած էր Պաքուին՝ ազատ արձակելու քաղաքական պատճառներով ձերբակալուած բոլոր քաղաքացիները: