ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- 25 Յունուարին տեղի ունեցաւ հանդիպում մը ՀՅԴ նորընտիր Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի միջեւ: Հանդիպումին ընթացքին խօսուեցաւ ներքաղաքական իրավիճակին, քաղաքական դաշտին մէջ Դաշնակցութեան դերակատարութեան եւ հետագայ աշխատանքներուն մասին:
Հանդիպման մասնակցողները միտքեր փոխանակեցին արտաքին ճակատի վրայ Արցախի ճանաչման ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն վերաբերեալ: