ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Կիրակի, Փետրուար 10ին, Սան Ֆրանսիսքոյի հայութիւնը առիթը պիտի ունենայ իր գործնական մասնակցութիւնը բերելու Հայաստանի մէջ կանանց դէմ բռնութեանց դէմ պայքարին։
Արդարեւ, այդ օրը, երեկոյեան ժամը 6էն սկսեալ, «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Երեւանի Կանանց Աջակցութեան կեդրոնին բարեկամներուն կողմէ կազմակերպուած դրամահաւաքի ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ կեդրոնի գործավար Մարթ Մաթոսեան։
Մասնակցութեան սակը 50 տոլար է, իսկ սրահին հասցէն է՝ 51 Commonwealth Ave., San Francisco, CA 94118։
Տոմսերը կարելի է ապահովել դիմելով՝ BayAreaforWSC@gmail.com հասցէին։ Կարելի է նաեւ նուիրատուութիւններ կատարել, այցելելով՝ www.womensupportcenter.org կայքը։