
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ-ամերիկեան թանգարանին նուիրուած պատկերասփիւռային անդրանիկ դրամահաւաքի՝ թելեթոնի նախօրեակին, թանգարանի ծրագիրը շրջանի հայ աշակերտներուն ծանօթացնելու նպատակով, թանգարանի ներկայացուցիչները վերջերս այցելած են շարք մը հայկական եւ հանրային վարժարաններ, միաժամանակ, Կիրակի, Փետրուար 17ին տեղի ունենալիք թելեթոնին ընթացքին ցուցադրուելիք տեսանիւթի մը համար հարցազրոյցներ կատարած են տնօրէններու հետ։
Կլենտէյլի Ազգային Շամլեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցած աշակերտական յատուկ հաւաքի մը ընթացքին, թանգարանի զարգացման հարցերու վարիչ Շանթ Սահակեան տեղեկութիւններ փոխանցած է թանգարանին տրամադրելիք մշակութային եւ կրթական սպասարկութիւններուն մասին, որմէ ետք պատասխանած է ծրագրէն խանդավառուած աշակերտներու շարք մը հարցումներուն։
«Նեցուկ կը կանգնինք մշակութային այս կարեւոր կեդրոնին, որ պիտի հարստացնէ մեր համայնքը, միաժամանակ ամերիկահայութեան պատմութիւնը լաւապէս ներկայացնելով բոլորին», յայտնած է վարժարանի տնօրէն՝ դոկտ. Թալին Քարկոտորեան։
Թանգարանի ներկայացուցիչները այցելած են նաեւ Քընոկա Փարքի ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան, խորհրդակցութիւններ ունենալով անոր տնօրէնին՝ Արփի Ավանէսեանի հետ, ապա ծրագիրը եւ ապագայ սերունդներուն վրայ անոր ունենալիք դրական ազդեցութիւնները ներկայացնելով աշակերտներուն։
«Իբրեւ կրթական մշակներ, հպարտօրէն նեցուկ կը կանգնինք այս նախաձեռնութեան եւ կը հաւատանք, որ թանգարանը մեծապէս պիտի նպաստէ հայապահպանման ջանքերուն», ըսած է տնօրէն Արփի Ավանէսեան։
Այնուհետեւ, թանգարանի ներկայացուցիչները այցելութիւն մը տուած են Կլենտէյլի «Առ. Տի. Ուայթ» նախակրթարանը, Հայ-Ամերիկեան թանգարանի կարեւորութեան մասին հարցազրոյց մը ունենալով վարժարանի տնօրէն Լիսա Գաբրիէլեանի հետ։
«Հայ-Ամերիկեան թանգարանը ոչ միայն իր արմատներուն աւելի լաւ կերպով պիտի ծանօթացնէ հայերը, այլ նաեւ հայերէնը, հայ մշակոյթն ու հայոց պատմութիւնը պիտի ծանօթացնէ ոչ հայերուն», յայտնած է տնօրէն Լիսա Գաբրիէլեան։
Թանգարանի ներկայացուցիչները յաւելեալ վարժարաններ պիտի այցելեն յառաջիկայ շաբաթներուն։
Փետրուար 17ին տեղի ունենալիք դրամահաւաքը պիտի սկսի կ.ե. ժամը 4ին (Քալիֆորնիոյ ժամով) ու պիտի շարունակուի մինչեւ երեկոյեան ժամը 10: Անիկա պիտի պատկերասփռուի ուղղակի՝ տեղւոյն հայկական պատկերասփիւռի կայաններէ, KVMD կայանէն, համացանցի միջոցով ու «Facebook Live»ով։
Նուիրատուութիւնները կարելի է կատարել՝ հեռաձայնելով (800) 655-9554 թիւին կամ նուէրը առաքելով Armenian American Museum, 111 East Broadway, Suite 207, Glendale, CA 91205 հասցէին: Համացանցի միջոցաւ նուիրելու համար՝ այցելել www.GiveAAM.org կայքը:
Նշենք, որ Կլենտէյլի էջ կառուցուելիք Հայ-ամերիկեան թանգարանը պիտի ունենայ ամերիկահայութեան նուիրուած մնայուն հաւաքածոյ մը, ինչպէս նաեւ պարբերաբար պիտի հիւրընկալէ տարբեր մշակոյթներու եւ նիւթերու նուիրուած ցուցահանդէսներ եւ ձեռնարկներ: Անիկա պիտի ունենայ թատերասրահ մը, կրթական բաժին մը, արխիւներ, ճաշարան եւ վաճառատուն: Անոր վարչութեան մաս կը կազմեն շրջանի հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւ հաստատութիւնները՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդարան, Հայ Մշակութային հիմնարկութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան, «Նոր Օր» բարեգործական հիմնարկութիւն, «Նոր Սերունդ» Մշակութային Միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարան: Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել
www.ArmenianAmericanMuseum.org կայքը:
