ԵՐԵՒԱՆ.- Տաղանդներու յայտնաբերման ոլորտէն ներս առաջատար ամերիկեան՝ Creative Artists Agency ընկերութիւնը մտադիր է 30 միլիոն տոլարի ներդրումներ կատարել «Epic!» կրթական-արհեստագիտական ընկերութեան զարգացման գործին:
Վկայակոչելով «Ֆորպզ» թերթը, «Թերթ» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, թէ ընկերութեան համահիմնադիր եւ գլխաւոր տնօրէն Սուրէն Մարկոսեանի հաւաստիացումով՝ ներդրումները պիտի ուղղուին աղբիւրի արհեստագիտական զարգացման ու լսարանի ընդլայնման:
«Մենք աստիճանաբար կը վերածուինք Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող հիմնական թուային ուղեցոյցի՝ նախատեսուած երեխաներու համար: Մեր աշխոյժ օգտատէրերը ոչ միայն փոքրիկներն են, այլեւ նախակրթարաններու եւ միջնակարգ դպրոցներու ուսուցիչներ», նշած է Մարկոսեան:
«Epic!»ը ընթերցանութեան իւրատեսակ հարթակ է՝ թուային գրադարան, նախատեսուած մինչեւ 12 տարեկան փոքրիկներու համար: Ներկայիս առցանց հարթակի վրայ կարելի է գտնել աւելի քան 35,000 տեսագիրք եւ տեսանիւթ: www.getepic.com հասցէին գտնուող գրադարանի լսարանին ներկայիս միացած են մօտաւորապէս 1.7 միլիոն հոգի: