ՄԻՒՌՈՆ Ծ. ՎՐԴ. ԱԶՆԻԿԵԱՆ
Հայոց Տեառնընդառաջի տօնին զուգադիպող եւ Սուրբ Սարգիսի տօնին մօտակայ օրերուն, Ամերիկայի եւ Արեւմտեան երկիրներուն մէջ կը տօնախմբուի Ս. Վաղենտիանոսի (St. Valentine) յիշատակը։ Հռոմէական կայսրութեան սահմաններուն մէջ, այս տօնակատարութիւնը կապուած էր Լուփերքոս արգասաբերութեան չաստուծոյ եւ ունէր շատ հին հեթանոսական արմատ եւ պատմութիւն։ Ըստ ոմանց այն տօնախմբուած էր հռոմէացիներու կողմէ Լափերքալա անունով, եւ նուիրուած էր Լուփերքոս արգասաբերութեան եւ բեղմնաւորման չաստուծոյ։ Ի յարգանս այս աստուծոյ, հեթանոս հռոմէացիք, Փետրուար ամսուան ընթացքին, ունէին տարեկան տօնակատարութիւն։ Խնճոյքի եւ տօնակատարութեան ընթացքին, ժողովրդային խաղեր ու պարեր կը կազմակերպուէին։ Յատկապէս երիտասարդներ, վիճակահանութեամբ կ՛ունենային իրենց պարի եւ խաղի ընկերները։ Վիճակահանութեամբ ընտրուած աղջիկներ, կ՛ըլլային երիտասարդներու պարի եւ խաղերու ընկերուհիները եւ յաճախ անոնց սիրածը։
Երրորդ դարուն, երբ քրիստոնէութիւնը արդէն տարածուած էր հռոմէական կայսրութեան սահմաններուն եւ երկիրներուն մէջ, եկեղեցւոյ կողմէ այս տօնն ալ ստացաւ քրիստոնէական իմաստ եւ տարազ։ Եկեղեցին սրբադասեց Վաղենտիանոս անունով եպիսկոպոսը, որ նահատակուած էր երրորդ դարուն՝ յանուն քրիստոնէական հաւատքի եւ ընտանեկան անբասիր սիրոյ։
Յ.Ք. 270 թուականին, Հռոմի Դիոկղետիանոս կայսրը, դաժան հալածանք շղթայազերծած էր իր կայսրութեան մէջ, յատկապէս քրիստոնէից դէմ, կայսերական հրովարտակով ան արգիլած էր ու սահմանափակած երիտասարդներու ամուսանութիւնն ու ընտանիք կազմելը՝ պատճառաբանելով, որ ամուսնացած երիտասարդ զինուորներ, որոնցմէ կռիւի ու պատերազմի ժամանակ, կը պակսի կորովն ու քաջութիւնը, թշնամիի դէմ անվեհեր պատերազմելու անկարող կ՛ըլլան։ Միաժամանակ կը պատրուակէր, որ նորապսակ զոյգեր եւ ընտանիք ունեցողներ, յաճախ կը մերժեն իրենց ընտանիքները լքելով պատերազմի դաշտ մեկնիլ։
Վաղենտիանոս եպիսկոպոսը, անտեսելով կայսեր հրովարտակով յայտարարուած հրահանգ-օրէնքը, գաղտնի կ՛ամուսնացնէ սիրահար եւ իրարու նշանուած զոյգերը։ Վաղենտիանոս եղած էր երկտող բացիկներով եւ խրատականներով, քրիստոնէական բարոյական արժէքներով ընտանիք կազմելու հրամայականը քաջալերողը։ Ան քաջ գիտէր, որ որեւէ ազգի ու յատկապէս եկեղեցւոյ համար, հրամայական ու անհրաժեշտ էր առողջ ընտանիք կազմելը, որ մարդկային ցեղին միջնաբերդը նկատուած էր բոլոր դարերուն։
Երբ կայսրը կ՛իմանայ, որ Վաղենտիանոս եպիսկոպոս գաղտնի կ՛ամուսնացնէ զոյգերը, ձերբակալել ու բանտարկել կու տայ եպիսկոպոսը, որպէս ընդդիմադիր, չաստուածները արհամարհող ու կայսեր հրամաններուն չանսացող։
Բանտարկութեան ժամանակ, կայսեր բազում փորձերը ի զուր կ՛անցնին, համոզելու Վաղենտիանոսը, որ նզովէ քրիստոնէական իր հաւատքն ու Քրիստոսը եւ պաշտէ Հռոմի արձաններն ու չաստուածները։ Շղթայակապ, ան կ՛ենթարկուի արհամարհանքի, քանակոծութեան, լախտի հարուածներու, քարկոծումի եւ ի վերջոյ գլխատուելով կը նահատակուի, սիրոյ եւ քրիստոնէական բարոյական արժէքներու ջատագով վկան՝ 270 թուականին։
Անշուշտ տարիներու թաւալումին հետ, Վաղենտիանոսի տօնը եւ յիշատակը կ՛աղօտի եւ կը կորսնցնէ քրիստոնէական վաղեմի առաքինութիւնները խորհրդանշող քաջութեան, զոհաբերուող սիրոյ եւ ընտանեկան բարոյական արժէքներու վեհ պատգամները եւ դժբախտաբար կը վերածուի առեւտրական շահարկումներու առիթի։ Անձնուիրութեան, նուիրաբերումի եւ ընտանեկան անբասիր սէրը, անկեղծութիւնն ու բարոյական արժէքներն ու հասկացողութիւնները շուռ կու գան եւ տեղի կու տան մարդակերտ ու ձեռակերտ ժամանակավրէպ արժէքներու ու պաշտամունքի։ Քաջալերելով եւ առաջնորդելով մարդիկն ու հասարակութիւնները եսակեդրոն, անձնասէր, հաճոյամոլ եւ բազմազան այլ մոլութիւններու անձնատուր, որոնք ի վերջոյ քայքայեցին քրիստոնէական բարոյական, առաքինի ըմբռնումները՝ անանձնական սիրոյ, ընկերասիրութեան, ծառայութեան, փոխադարձ հաւատարմութեան, ընտանիքի, անպայմանական սիրոյ, ամուսնական նուիրեալ կեանքի, ու մեր անձերէն վեր՝ մեզ գերադասող այլ արժէքներու, որոնք մարդս կը կերպարանափոխեն, կը վերածեն իրա՛ւ ՄԱՐԴՈՒ։
Ուրախութեամբ մեր սիրելի ընթերցողներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, որ կազմակերպութեամբ Ս. Խաչ Մայր տաճարի երիտասարդացին, Ս. Վաղենտիանոսի (St. Valentine) յիշատակին նուիրուած, սիրոյ եւ երախտագիտութեան ճաշկերոյթ-պարահանդէսը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Շաբաթ, 9 Փետրուար 2019ի երեկոյեան, ժամը 8:00 էն սկսեալ, «Բաղրամեան» սրահին մէջ։ Հասցէն՝ 900 W. Lincoln Ave. Montebello, CA.
Հետաքրքրուողներ եւ մասնակցիլ փափաքողներ, կրնան հեռաձայնել (323) 727-1113 թիւին (եկեղեցւոյ գրասենեակ), յաւելեալ մանրամասնութեանց եւ տեղեր ապահովելու համար։