ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու կազմակերպութեան հրաւէրով շրջանս գտնուող Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան այցելութիւն մը տուած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) հնագիտութեան «Քոթսեն» հիմնարկին մէջ գործող Համբարձում եւ Ովսաննա Չիթճեաններու անուան հայկական հնագիտութեան ծրագրին պաշտօնատարներուն։
Նախարարը խորհրդակցութիւններ ունեցած է «Քոթսեն» հիմնարկի վարիչ Վիլեք Վենտրիխի, «Չիթճեան» ծրագիրի վարիչ Քրիսթին Մարտիրոսեան-Օլշանսքի, ինչպէս նաեւ՝ համալսարանի Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքին մէջ գործող «Նարեկացի» հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ Փիթըր Քաուիի հետ։
Քննարկուած են համալսարանին եւ յատկապէս Երեւանի Հնագիտութեան հիմնարկին միջեւ յարաբերութեանց սերտացման կարելիութիւնները։
Ներկայ եղած է նաեւ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան։
Համալսարանին հնագիտութեան հայկական բաժանմունքին գործունէութեան առնչուող տեղեկութեանց համար դիմել՝ kristineolsh@ucla.edu հասցէին կամ այցելել՝ www.ioa.ucla.edu կայքը։