Աշխարհահռչակ ռոք երաժիշտ Սերժ Թանքեան եւ իր կինը՝ Անժէլան օգնած են Հայաստանի զանազան բնակավայրերու առաւել քան 200 անապահով ընտանիքներու: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»ը՝ ներկայացնելով այս առնչութեամբ տրամադրուած հաղորդագրութիւնը ամբողջութեամբ.
«Սերժ եւ Անժէլա Թանքեանները՝ «Օրրան» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան գլխաւորութեամբ եւ «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» հիմնարկիի, «Կանանց ռեսուրսային կենտրոն» եւ «Բարի մամա» հասարակական կազմակերպութիւններուն հետ կ՛իրականացնեն բարեգործական ծրագիրներ՝ ուղղուած Հայաստանի մէջ աղքատութեան յաղթահարման:
Բարեգործութիւնը իրականացուեցաւ 2018-2019ի ձմրան, որուն ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Գեղարքունիքի, Լոռիի, Շիրակի, Արագածոտնի, Արմաւիրի, Արարատի, Վայոց Ձորի, Սիւնիքի, Կոտայքի մարզերուն եւ Երեւանի առաւել քան 200 անապահով ընտանիքներ ներառուեցան սննդամթերքով ապահովման եռամսեայ ծրագիրին:
Թանքեան ընտանիքը տարիներ շարունակ եղած է կողքին այն հայ ընտանիքներուն, որոնք տարբեր պատճառներով յայտնուած են դժուար իրավիճակի մէջ, անգնահատելի եւ երախտագիտութեան արժանի աջակցութիւն ցուցաբերելով անոնց»: