«ԱՍՊԱՐԷԶ»
Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգ «Մեր Հայրենիք»ը փոխելու ձախաւեր միտումը տապալելու եւ այդ հարցը առնուազն այս հանգրուանին (եւ յուսանք առյաւէտ) Ազգային ժողովի օրակարգէն դուրս նետելու կամ նոյնիսկ օրակարգի հարց չդարձնելու իրողութիւնը՝ մեր գնահատումով, արդիւնքն էր այն արագ եւ կտրուկ հակադարձութեան, որ ցուցադրուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գործիչներու եւ մամուլին կողմէ:
Դաշնակցութեան համար արտախորհրդարանական ուժ ըլլալու իր վաւերական յայտը ներկայացնելու առիթ մը եղաւ կարծես այս անհեթեթ հարցին՝ արծարծումը:
Կազմակերպականօրէն, այս հարցին վերաբերեալ Դաշնակցութեան մարմինները, յատկապէս կուսակցութեան համաշխարհային կառոյցներու գործունէութիւնը համակարգող ՀՅԴ Բիւրօն նոյնիսկ կարիք չունեցաւ շարքերուն ու մարմիններուն յուշելու, որ պէտք է հակազդեն օրհներգի փոփոխութեան: Հակազդեցութիւնը ուժգին էր, ինքնաբուխ ու վճռական:
Այսօրինակ արագ եւ կտրուկ հակադարձութիւնը նաեւ կը թելադրէ, որ ազգային արժէքներու պահպանման, Արցախի անվտանգութեան ու անոր ինքնորոշման իրաւունքին, նաեւ մեր ժողովուրդին ու պետութեան համար կարեւորագոյն նշանակութիւն ունեցող որեւէ հարցի վերաբերեալ Դաշնակցութիւնը պիտի կարենայ առանցքային դեր ունենալ:
Ընդհանուր իր ժողովով անցեալ քառամեակի եւ ընդհանրապէս Հայաստանեան գործունէութեան փորձէն ու գնահատումէն մեկնելով, Դաշնակցութիւնը Ազգային ժողովէն դուրս իր ծանրակշիռ ներդրումը պիտի ունենայ Հայաստանի քաղաքացիին կենսամակարդակը բարձրացնելու, արդար համակարգի մէջ իր քրտինքն ու ստեղծագործական ճիգերը արդիւնաւորելու ծրագիրներուն մէջ: Ներդրումը՝ գործով եւ պետական կառոյցներու գործունէութեան արթուն ու ամէնօրեայ հսկումով, անարդարութեանց, թերացումներու, բացթողումներու հանդէպ սուր քննադատութեամբ, պահանջատիրութեամբ:
Դաշնակցութեան դերակատարութեան արդիւնաւէտութեան պիտի նպաստէ այն զգայնութիւնը, զոր Հայաստանի նոր իշխանութիւնները կը ցուցաբերեն Սփիւռքի հանդէպ: Թէեւ Սփիւռքի հետ յարաբերելու պետական յստակ ծրագիր մը տակաւին չ՛երեւիր երկնակամարին վրայ, զգալի է, որ նոր իշխանութեան բարձրագոյն մակարդակի վրայ Սփիւռքը հաշուի առնելու, եւ հետեւաբար համահայկական կառոյց ունեցող Դաշնակցութեան հետ գործակցելու լուրջ տրամադրութիւն կայ:
Յուսալի է, որ այդ գործակցութիւնը ըլլայ միշտ դրական ուղղութիւններով:
Յարգելի «Ասպարէ՛զ»,
Հայաստանի նոր իշխանութիւններուն մէջ Սփիւռքի հանդէպ ցուցաբերած զգայնութեան ձեր լաւատեսութիւնը ես բոլորովին չեմ բաժներ, այլ կը տեսնեմ ճիշդ հակառակը, փաստը՝ Սփիւռքի նախարարութեան լուծարումը եւ զայն «Յատուկ յանձնարարութիւններու դեսպան»-ով փոխարինումը: Ո՞ւր կը տեսնէք այն «բարձրագոյն մակարդակի վրայ Սփիւռքը հաշուի առնելու լուրջ տրամադրութիւնը», որուն կ’ակնարկէք… Կառավարութիւններ նախարարութիւններու աշխատակազմերը կը բազմացնեն, հրամայական գործի մարզերը կը շեշտադրեն կամ նորերը կը ստեղծեն եւ խստօրէն կը հետեւին անձնակազմի արդիւնաւորութեան, ո՛չ թէ կը լուծարեն զանոնք:
Սփիւռքի նախկին նախարար, բայց այժմ աւելի բարձր պաշտօնի տիրացած Հայրապետեանը Սփիւռքի գաղութներ իր այցելութիւններուն ընթացքին, մանաւանդ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ արհամարհեց Սփիւռքի մեր կառոյցները եւ նահատակ հերոսները (Լիզպոն 5), ներկայ եղող հայորդիները վկայ:
«Սփի՛ւռք, դուք նարինջ կերէ՛ք եւ միայն փող ուղարկեցէ՛ք»-ի լեւոնտէրպետրոսեանական հին քաղաքականութիւնն է, որ կը վերադառնայ:
Իսկ Հայաստանի օրհներգի հարցը, հաւանաբար Ազգային ժողովի օրակարգին վրայ պիտի չդրուի այժմ, սակայն կարեւորագոյն հարցերը չգործադրելը քօղածածկելու ու հանրութեան ուշադրութիւնը այլ տեղ ուղելու համար զայն հրապարակ նետող անձերը («Մեր քայլը» դաշինքի) տակաւին չեն հրաժարած անկէ եւ մեր՝ հայկական պատմական խորհրդանիշներուն տէր գործիչները, ներառեալ դո՛ւք, պէտք է շարունակեն բուռն դիմադարձել եւ խանգարել ամէն թունաւորումի ու այլասերումի նման փորձ: