ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ.- Ուրբաթ, 5 Փետրուարին, առաւօտեան ժամը 9:30ին սկսող նախաճաշով եւ 10ին արտասանուելիք բացման խօսքերով ընթացք պիտի առնէ հայագիտութեան նուիրուած ուսանողական գիտաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) «Ռոյս» շէնքի թիւ 314 սրահին մէջ, որ պիտի շարունակուի մինչեւ երեկոյեան ժամը 5։
Մագիստրոսի կամ դոկտորականի ուսանողներ սոյն գիտաժողովին ընթացքին պիտի ներկայացնեն զանազան ուսումնասիրութիւններ, իսկ աւարտին պիտի բանախօսէ հիւրընկալ համալսարանին մէջ գործող Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի անուան Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի վարիչ դոկտ. Սեպուհ Արսլանեան։ Այնուհետեւ տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:
Նշենք, որ այս գիտաժողովը իր տեսակին մէջ 17րդն է:
Ուսումնասիրութիւնները գլխաւորապէս հիմնուած պիտի ըլլան հետեւեալ նիւթերուն վրայ.
- Գրականութեան եւ մամուլին դերակատարութիւնը մշակոյթի եւ ինքութեան կազմութեան մէջ.
- Կրօնական արուեստ.
- Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի միջեւ արուեստներու եւ գաղափարներու փոխանակում.
- Ժամանակակից ընկերքաղաքական շարժումներ։
Ուսումնասիրութիւններ պիտի ներկայացնեն Միացեալ Նահանգներէն, Հայաստանէն, Չինաստանէն եւ Ֆրանսայէն հետեւեալ 10 ուսանողները՝ Արամ Ղուկասեան, Տինա Քաջոյեան Շենզ, Խորէն Գրիգորեան, Սիփանա Չաքրեան, Անի Ենոքեան, Սարգիս Պալտարեան, Շի Եանկ, Արմէն Ադամեան, Սթեֆընի Գունտագճեան եւ Գէորգ Պետրոսեան։
Գիտաժողովներուն մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար՝ այցելել https://nelc.ucla.edu/conference/agsc կամ https://bit.ly/2HnVBWu կայքէջերը: